ՈՒՂԱՐԿԵԼ ՀԵՂԻՆԱԿԻՆ

Եթե կա անհրաժեշտություն ստանալ պատասխան խմբագրությունից, ապա խնդրում ենք հաղորդագրության մեջ նշել նաև Ձեր էլ.հասցեն։

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹՅՈՒՆ:
ՈՒՂԱՐԿԵԼ:

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #33, 2017-09-08

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ

ԱՐԱ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ «ՄԻՋԱՍՏԵՂԱՅԻՆ ԹԱՓԱՌԱԿԱՆՆԵՐԸ»

Թորոս ԹՈՐԱՆԵԱՆ

Կեանքէն վաղաժամ հեռացած այս երիտասարդը գրականագէտ Երուանդ Տէր Խաչատուրեանի որդին է, որ սոյն խտացւած հատորով հանդէս կու գայ որպէս ամերիկեան եւ ոչ միայն ամերիկեան, գիտաֆանթասթիք գրականութեան բազմահմուտ մեկնաբան: Շշմիլ կարելի է, երբ տեղեակ կը դառնանք այն բազմաթիւ անուններուն, որոնց հեղինակութիւնները կարդացած ու վերլուծած է հայ հողի ծնունդ կենսախինդ այս երիտասարդը: Ուրեմն փոքրացած Հայաստանը կը ծնի աշխարհի լայնութիւններն ընդգրկող «Միջաստեղային թափառականները», իրենց անհամար գործերով: Գիրքին առաջին իսկ էջին վրայ` Փիզայի թեք աշտարակին դիմաց հպարտօրէն կանգնած մեզի իր շիտակ խօսքը կ՚ուղղէ երիտասարդ մնալու սահմանուած Արա ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ: Գիրքը ո՜վ գիտէ ինչպիսի տաժանքով ու խօսուն արցունքով կազմած ու խմբագրած է հեղինակին հայրը, յայտնի գրականագէտ Երուանդ Տէր Խաչատուրեան:

Հատորը երեք գլուխի բաժնուած եւ օժտուած է վերջաբանով մը, որուն կը հետեւին երեք ակնարկներ եւ Ալպերթօ Մորավիայի գրիչին պատկանող «Հռոմի Լոյսերը» գողտրիկ պատմուածքը, զոր հայաշունչ խօսքի վերածած է թարգմանիչ Արա Տէր Խաչատուրեան: Հատորին «Նախաբանի փոխարէն»-ը կը կարդամ արցունքս զսպելով. «20-րդ դարի 50-70-ական թուականների ամերիկեան գիտա-ֆանթասթիք գրականութիւնը համաշխարհային գրականութեան գեղարուեստական հարուստ ու բարձրարուեստ, հասարակական արժէքի ու նշանակութեան իմաստով, բարոյական ու փիլիսոփայական իմաստով մեծ խորք ունեցող գրականութիւն է: Վերը նշուած ժամանակահատուածում ամերիկեան գրականութեան մէջ կատարուած ներքին փոփոխութիւններն ու զարգացումը իրենց արտացոլումն են գտել նաեւ գիտաֆանթասթիք գրականութեան մէջ: Այդ գրականութիւնը շատ արագ եւ նրբօրէն արձագանգել է ոչ միայն գիտաթեքնիքական զարգացման եւ թեքնոլոկիական առաջընթացի բոլոր նորոյթներին ու տատանումներին` այլեւ աշխարհում կատարուող հասարակական-քաղաքական երեւոյթներին»: Այս հաստատումը ըրած պահուն երիտասարդ հեղինակը վա՜յ թէ անտեղեակ էր Գաբրիէլ հրեշտակապետի նիւթած դաւին...:

Արա Տէր Խաչատուրեան կը շարունակէ. «Յայտնի ճշմարտութիւն է, որ նոր ժամանակներում համաշխարհային մշակոյթի եւ գրականութեան ընթացքի վրայ իր վիթխարի ազդեցութիւնն է թողել երկրորդ համաշխարհային պատերազմը եւ յետոյ` նրա աւարտը, որ վաղուց արդէն դիտւում է որպէս առանձին փուլ 20-րդ դարի պատմութեան մէջ: Այս ամէնը մեծ խթան են հանդիսանում համաշխարհային գիտական ֆանթասթիքայի եւ, ի հարկէ, նաեւ ամերիկեան գիտական ֆանթասթիքայի համար»: Հեղինակը նկատի ունի Խորհրդային Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներուՙ աշխարհին տիրելու մրցակցութիւնը: Իսկ Եւրոպայի յատկապէս ուսանողութիւնը, յայտնի գրողներու առաջնորդութեամբ, բիւր հազարանոց ցոյցեր կը կազմակերպէր: Աշխարհը փոխուելու էր: Ասոնք եւս պատճառ էին գիտաֆանթասթիք վէպերու ծնունդին:

Գիրքին «Գլուխ Ա.»-ին մէջ կը հանդիպինք Այզէք Ազիմովի անունին, որ թէեւ արաբահունչ, բայց զաւակն է հրեայ զոյգի մը: Որպէս գիտաֆանթասթիք գործ, Ամերիկայի մէջ շատ բարձր կը գնահատուի Ազիմովի «Եկաւ գիշերը» (Nightfall, 1941) վիպակը: Անոր բոլոր գործերը խորապէս երեւակայական, մտացածին ու գիտական ըլլալով հանդերձ, ունին քաղաքական հիմք: Ան միաժամանակ աթէիստ է. «Եթէ օր մը երկինք երթամ` հարց պիտի տամ Աստուծոյ.- Աշխարհը ստեղծած ըլլալուդ փաստը տուր: Նայիմ պիտի կարենա՞յ պատասխանել»: Հեղինակը նաեւ կ՚ըսէ. ««Եկաւ գիշերը» վիպակը, լինելով գիտական ֆանթասթիքայի փայլուն օրինակ, իր սիւժէով եւ գրողի պատկերած կերպարներով հիմնաւորապէս կապուած է երկրային իրականութեանը, երկրային կեանքին ու հոգսերին»: Կը քննարկուին Երկիր մոլորակի կարելի յարաբերութիւնները այլ մոլորակներու հետ: Արդեօք նման կապեր օգուտ կրնա՞ն բերել մեր մոլորակին, թէ՞ արդեօք չարիք կը դառնան: Երկիր մոլորակին վրայ կը տիրէ վախ մը, որ երկրածինը, հիւլէական ուժի օգտագործմամբ, ի վերջոյ կրնայ վախճանի հասցնել այս մոլորակը: Այդպիսով քաղաքակրթութիւնը կրնայ յաւէտ կործանիլ: Ահա այդ վախը եւս պատճառ է, որ գրողները մղուին յօրինելու գիտա-երեւակայական վէպեր, որոնց վարպետները ամերիկեան գրականութեան մէջ, առաջատար Ազիմովի կողքին, բազմաթիւ են: Ամերիկացի գրողը անտեղեա՞կ է Ճափոնի Հիրոշիմա, Նակազաքի քաղաքներու կործանումին ամերիկեան աթոմային ռումբով: Ու մեծագոյն ոճրագործ Ամերիկան ժողովրդավարութեան մասի՞ն կը բարբառի...: «20-ական թուականներից ի վեր ռոպոթը դառնում է գիտաֆանթասթիքական գրականութեան հիմնական հերոսներից մէկը»: «Այնուհետեւ Ազիմովը ձեռնամուխ է լինում գրելու ծաւալուն տետեքթիվ գործեր»: Վէպերը ետդարձի, դէպի անցեալ վերադարձի ձգտում մը կ՚արձանագրեն` խտացող շփոթը պարզելու համար: Հեղինակը բազմաթիւ էջեր տրամադրած է վերլուծելու համար Ազիմովի տասնեակ գործերը, ուր մտացածին հերոսներ երկրային վարքն ու բարքը կը ներկայացնեն, ուր ներկայէն փախուստը, նաեւ ներկային վերադառնալու միտումը կը դրսեւորեն: Հինը հինցած չէ: Նոր մը կառուցելու փորձը` հինին վերադարձի պատկերը զգեցած է:

«Գլուխ Բ.»ը մեզի կը ներկայացնէ Ռէյ Պրետպըրին, որուն հիմնական թեման մարդն է` ֆանթասթիք գրականութեան միջոցով: «Պատմական անյիշելի ժամանակներում մարդիկ հնարել են նաւը, կտրել են համաշխարհային ովկիանոսը եւ յայտնագործել են մայրցամաքներ: Հիմա մարդը հնարել է տիեզերանաւը, կտրել է տիեզերական դատարկութիւնը եւ փորձում է յայտնագործել Մարս մոլորակը: Իսկ մարսեցիները միեւնոյնն էՙ դիմադրում են` երկրացիների առաջին երեք ուխտագնացութիւնները անյաջողութեան են մատնւում: Պրետպըրին յատկապէս հետաքրքիր է պատկերել երրորդ տիեզերանաւի անձնակազմի պարտութիւնը: Նրանք հանդիպում են իրենց մանկութեանը: Երկրացիները Մարսի վրայ գտնում են ո՛չ թէ թշնամի մարսեցիներին, այլ իրենց մանկութեան քաղաքը, իր գրկաբաց բնակիչներով: Տիեզերագնացները հանդիպում են վաղուց մահացած իրենց ծնողներին եւ ընկերներին....: Ընդունենք, որ միայն Պրետպըրին է կարող մարդուն ներկայացնել հիանալի ֆանթասթիք եւ միեւնոյն ժամանակ այնքան իրական իրավիճակներում: 4-րդ արշաւախումբը դիմաւորող չունի: Նրանք խնճոյք են կազմակերպում»: «Մենք չենք աւերի Մարսը,- կ՚ըսէ հրամանատարը:- Այն չափազանց մեծ է եւ չափազանց գեղեցիկ»: «Դուք այդպէ՞ս էք կարծում: Մենք` մարդիկս, օժտուած ենք մեծ եւ գեղեցիկ բաներ աւերելու տաղանդով»: Այս է եզրակացութիւնը: Հիթլէրեան պատերազմը, սթալինեան-բերիական խժդժութիւնները, ամերիկեան հիւլէական ռումբին առաջին կործանարար իրողութիւնը սարսափեցուցած են աշխարհը, ու մարդը կը փորձէ, գրող մարդը մանաւանդ, առաջքը առնել այդ մեծ կործանումներունՙ նաեւ գիտաֆանթասթիք վէպերով: Մարդիկ մոռցած են հոգին, հոգեւորը եւ Պրետպըրի-Արա Տէր Խաչատուրեան մտածել կու տան կեանքի իմաստին մասին, կ՚ուզեն մէկընդմիշտ թաղել պատերազմները: Պաշտելի ցանկութիւն:

Երեսուն գունատիպ լուսանկարներու ներկայութիւնը հատորին մէջ` ուր կայ հեղինակին ոգեշնչող ներկայութիւնը, կը յուզէ, պիտի յուզէ՛ ընթերցողը: Այդքան խոր իրականութեան կապուած մարդը գուցէ թռիչք առնէր դէպի Մարս եւ հոն գտնէր ոչ թէ մարսեցիներ, այլ... հայեր: Հազար ափսո՜ս, Արային որբացած ճուտիկները հապա... որոնք, սակայն, վստահ եմՙ պիտի շարունակեն իրենց հօր ու մեծ հօր գործերը...

Ըստ Ռէյ Պրետպըրիի` «Մարդը պէտք է լինի հոգեկան, ազատ եւ երջանիկ»: «Պրետպըրիի բարին` միշտ դիմակայում է չարին, եւ երկու սկիզբների այդ դիմակայութիւնը դառնում է իր բոլոր ստեղծագործութիւնների կեդրոնական թեման: Ռէյ Պրետպըրիի փիլիսոփայութիւնը ոչ թէ իմաստունի` այլ մի մարդու աշխարհահայեցողութիւնն է, որն իր համար յայտնագործում է աշխարհը եւ ձգտում ճանաչել այն այնպէս` ինչպիսին որ կայ եւ ինչպիսին պէտք է լինի»:

Վերջին` «Գլուխ Գ.» - Եւ Ուրիշներ - Ամերիկեան գիտական ֆանթասթիքայի «Ոսկեդարի» սերունդը: Ամերիկայի մէջ տաղանդաւոր նոր սերունդ մը եկած է աշխարհ, օժտուած ազատախոհ ու համարձակ մարդասիրական մտածումներով, որոնք փոխել կ՚ուզեն մարդը` իր գազանային բնազդներէն: Այդ տղաքը նոր էջ մը կը բանան ամերիկեան գիտա-երեւակայական գրականութեան մէջ, որոնցմէ մէկն ալ Ճոն Քեմփրէլլն է իր «Զարմանալի Գիտական Ֆանթասթիքա» ամսագիրով, որուն շուրջ կը հաւաքուին շատեր: Այս ամսագիրին մէջ կ՚երեւին նաեւ Ազիմով եւ Պրետպըրի, Քլիֆորտ Սայմընի, Ռոպերթ Հայնլայնի, Թէոտոր Սթարճոնի, Ալֆրետ Վան Վոքթրի, Սփրէտ Տը Քամփի, Հենրի Քաթների, Քուրթ Վոնեկութի, Ուրսալայի, Քուինի եւ ուրիշներու կողքին: Ամսագիրը կը յաջողի գրական շարժում ստեղծել: Ասոնք բոլորը ընդգծուած անհատականութիւններ են, կ՚ըսէ հեղինակը, որոնք միասնաբար, ամերիկեան գրականութեան մէջ կը յաջողին ստեղծել ֆանթասթիք գրականութեան ոսկեդարը: Հեղինակը մեզ կը ծանօթացնէ սոյն հեղինակներու կենսագրական տուեալներուն: Ոմանք տեղի ծնունդ, ոմանք ալ եկած Եւրոպայի զանազան երկիրներէն: Այս ուժերով է, որ կը սկսի ամերիկեան գրականութեան մարդկայնական շրջանը: Սայմընի «Քաղաք» վէպը` (City), 1952-ին կ՚արժանանայ բարձր գնահատանքի: Սայմընին կը հետեւին ուրիշներ, որոնց վէպերուն նիւթերը հակապատերազմական են: Աշխարհը կը վախնայ իր տեսածներէն: Արա Տէր Խաչատուրեան կը հատատէ. «Ռոպերթ Էնսոն Հայլայնը ամերիկեան նոր ժամանակների գիտաֆանթասթիքական գրականութեան խոշորագոյն գրողներից մէկն է, որ Միսիսիփիի համալսարանը աւարտելուց յետոյ` աւարտել է նաեւ Աննապոլիսում գտնուող ԱՄՆ-ի ռազմածովային ուժերի ակադեմիան, անցնելով ընտրութեան շատ բարդ համակարգով»: Եւ այսպէս նաեւ միւս գրողները: Անոնք կը քննեն Երկիր մոլորակի ապագայի հարցերը: Ասոնցմէ. «Վոննեկութը այն կարծիքին է, որ մարդը պէտք է գիտենայ եւ յիշի իր պատմական անցեալը, պէտք է խորութեամբ ապրի ներկայի փորձը, ապագայի հնարաւոր աղէտները կանխելու համար»: Վոննեկութ երկու տասնեակ վէպերու հեղինակ է, որոնց մէջ կծու հեգնանքով կը խօսի պատերազմներու անհեթեթութեան մասին: Իսկ Ուփսալա, որ տարուած էր ֆեմինիզմով` կը գրէ հեղինակը, կը դառնայ ամերիկեան ֆանթասթիք գրականութեան մեծերէն, օգտագործելով ընկերային հարցերու մեկնաբանութիւնները մարդկային խորունկ լաւատեսութեամբ: Հատորին վերջաբանը կը հաստատէ. «Գիտական ֆանթասթիքայի ասպարէզի գրողի համար մեծագոյն նուաճումը` «աշխարհ» ստեղծելն է: Ֆանթասթիքական ստեղծագործութեան հեղինակը պատկերում է պայմանականութիւններով յագեցած, անիրական դէպքերով եւ իրողութիւններով լեցուն մի իրականութիւն, որը սակայն իր առարկայական դրսեւորումներով, բարոյա-հոգեբանական մթնոլորտով եւ գեղարուեստական պատկերաւորութեամբ պէտք է լինի համոզիչ ու պատճառաբանուած, ինչպէս նաեւ հաւաստի ու հաւատ ներշնչող»:

Հեղինակի երեք ակնարկներէն առաջինը նուիրուած է Ազիմովին, որուն ծանօթ էք: Հոս` աւելի մանրամասն: Երկրորդը նուիրուած է Ռէյ Պրէտպըրիի «451օ Ըստ Ֆարենհայթ» վէպին, մինչ երրորդին մէջ հեղինակը կը խօսի «Գրողը եւ մահը» նիւթին շուրջ` այնքան պարզ, միեւնոյն ժամանակ խորունկ խօսքը աւարտելով այսպէս. «Եւ ինչպէս միշտ, բարձր ու իսկական գրականութեան մէջ արուեստի մեծագոյն նիւթն ու չափանիշը մնում է տիեզերքի անհունութեան մէջ մենակութեան դատապարտուած Երկիր մոլորակի բնակիչը` մարդը»:

Արա Տէր Խաչատուրեան 2017 թուականին միացաւ տիեզերքի անհունութեան...: Անոր Ալպերթօ Մորավիայի «Հռոմի լոյսերը» գործին թարգմանութիւնը կը ճառագայթէ` յուշիկ ողողելով ընթերցողի հոգին, մեղեդիի մը կենսունակութեամբ: Եթէ մահասփիւռ հրեշտակապետը թուրքի մանգաղին պէս չհնձէր կեանքը Արա Տէր Խաչատուրեանին` ո՜վ գիտէ, ինչպիսի՜ ծաղիկներ պիտի աճէին իր այգեստանին մէջ... ինչպիսի՜ ֆանթասթիք ծաղիկներ, այլուրային բոյրերով...:

Արտատպված «Արարատ» օրաթերթի, Բեյրութ, 20 օգոստոս 2017-ի համարից


https://www.archive.azg.am/AM/2017090802

© AZG Daily, 2008