ՈՒՂԱՐԿԵԼ ԽՄԲԱԳՐԻՆ

Եթե կա անհրաժեշտություն ստանալ պատասխան խմբագրությունից, ապա խնդրում ենք հաղորդագրության մեջ նշել նաև Ձեր էլ.հասցեն։

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹՅՈՒՆ:
ՈՒՂԱՐԿԵԼ:

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #2, 2013-01-23

Ընթացիկ

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ԳԼԽԱՎՈՐ ՀԱՎԱԿՆՈՐԴԸ ՎԻԳԷՆ ԱՐՔ. ԱՅՔԱԶԵԱՆ

Երուսաղէմի հայոց Սրբոց Յակոբեանց միաբանները այսօր` յունուար 23-ին, պիտի հաւաքուին եւ ընտրեն իրենց նոր առաջնորդը` Հայ Երուսաղէմի պատրիարքը: Թորգոմ պատրիարք վախճանեցաւ անցեալ տարի հոկտեմբեր 12-ին, 93 տարեկանին, եւ միաբանները տեղապահ ընտրեցին 78-ամեայ Արիս արք. Շիրվանեանը: Թորգոմ արք. Մանուկեան ընտրուած էր մարտ 22, 1990-ին, դառնալով 96-րդ պատրիարքը Առաքելական Սուրբ աթոռին:

Նոր պատրիարք կրնայ ընտրուիլ ոեւէ միաբան, որ ծայրագոյն վարդապետի աստիճանին հասած կամ եպիսկոպոսացած եւ 35 տարիքը անցած է: Ըստ մեզի հասած տեղեկութիւններուն, արդէն չորս միաբան հայրեր պատրաստ են դնելու իրենց թեկնածութիւնը:

Այդ չորսէն մէկուն` Բաբգէն ծ. վրդ. Անուշեանի հետ արդէն ունեցած ենք առանձին հարցազրոյց, որ արդէն լոյս տեսաւ «Ազգի» էջերուն եւ կայքէջերի սիւնակներուն վրայ:

Այժմ թուղթին կը յանձնենք երկրորդ թեկնածուին` Վիգէն արք. Այքազեանի մասին ամփոփ տեղեկագրութիւն մը, վեր հանելու անոր արժանիքները որպէս մարդ ու եկեղեցական:

Վիգէն սրբազան ծնած է Սղերդ, Թուրքիա, 1950-ին, եւ փոքր տարիքին մեկնած է Երուսաղէմ, ուր ուսանած եւ աւարտած է Ընծայարանի բաժինը եւ 1968-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ: 1971-ին ընդունած է դառնալ կուսակրօն քահանայ եւ ձեռնադրուած է աբեղայ, օրուան պատրիարք Եղիշէ արք. Տէրտէրեանի գահակալութեան շրջանին: Այդ տարուան հունձքը բարեբեր եղաւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ համարՙ Խաժակ արք. Պարսամեանՙ Առաջնորդ Ամերիկայի հայոց Արեւելեան թեմի, Գիսակ արք. Մուրադեան` Առաջնորդ Արժանթինի հայոց, Նուրհան արք. Մանուկեան` լուսարարապետ Երուսաղէմի վանքին եւ Վիգէն արք. Այքազեան:

Վիգէն վարդապետ կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս 1971-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ, ձեռամբ Վազգէն Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին: Անոր ծառայութիւնը եղաւ երկու դաշտերու վրայ: Երկուքն ալ ընդարձակ եւ ծանրաբեռնեալ:

Նախ հայկական համայնքներէն ներս: 1972-1974 տարիներուն թարգմանն էր Երուսաղէմի պատրիարքութեան: 1975-1976-ին որպէս քարոզիչ կը ծառայէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան եկեղեցիներուն մէջ, դառնալով` օգնականը Շնորհք պատրիարք Գալուստեանի: Այնուհետեւ կը նշանակուի հովիւ Զուիցերիոյ հայ գաղութին: 1980-1992 տարիներուն կը կազմակերպէ, բացի Ժընեւէն, Զիւրիխի, Բեռնի, Քրիզլինգի եւ Լուգանոյի հայկական համայնքները: Նորակազմ Զուիցերիոյ Հայոց թեմէն ներս կը նշանակուի առաջին առաջնորդը, պաշտօնՙ զոր կը վարէ 1992-1996 տարիներուն:

1997-ին, Ամերիկայի հայոց առաջնորդարանը իր նորաստեղծ Հայ օգնութեան Ֆոնդի գրասենեակի տնօրէն կը նշանակէ Վիգէն սրբազանը Լենինականի եւ Սպիտակի երկրաշարժի օրերուն: Ան կը վարէ այս պաշտօնը մինչեւ 1999 թուականը:

Խաժակ սրբազանին առաջնորդական պաշտօնին գալով, Վիգէն սրբազան կը նշանակուի Ուաշինգթընի մօտ առաջնորդական նուիրակ, պաշտօնՙ զոր տարիներ ամբողջ կատարած էր Բաբգէն եպս. Վարժապետեան:

Իսկ միջազգային գետնի վրայ եւս Այքազեան սրբազանը ունեցաւ ընդարձակ գործունէութիւն մը: 1985-էն սկսեալ արդէն սկսաւ ներկայացնել Ամենայն հայոց հայրապետութիւնը Համաշխարհային եկեղեցիներու խորհուրդին մօտ (World Council of Churches), վարելով դիւանական պաշտօններ: 1982-1992 տարիներուն մասնակցեցաւ Խորհուրդի ուղղափառ աշխատանքային պարտականութեան յանձնախումբին եւ 1991-1999 թուականներուն կարեւոր պաշտօնով մաս կազմեց Խորհուրդին «Առաքելութիւն եւ աւետարանչականութիւն» յանձնաժողովին: Մինչեւ այսօր ան մաս կը կազմէ Համաշխարհային եկեղեցիներու խորհուրդի գործադիր մարմնի դիւանին:

2007 թուականին ընտրուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ազգային եկեղեցիներու խորհուրդի (National Council of Churches) նախագահ` 2008 եւ 2009 տարիներու համար, դառնալով առաջին արեւելեան ուղղափառ եկեղեցականը ստանձնելու այդ խիստ կարեւոր միջեկեղեցական պաշտօնը: Ըսենք որ Կաթոլիկ եկեղեցին մաս չի կազմեր այս Խորհուրդին, սակայն մաս կը կազմեն 37 տարբեր քրիստոնեայ յարանուանութիւններ, ինչպէս` աւետարանական, անգլիկան, բողոքական, ուղղափառ, պատմական Ափրիկեան-Ամերիկեան եւ այլ եկեղեցիներ ներկայացնելով 45 միլիոն ամերիկացիներ երկրի տարածքին վրայ` աւելի քան 100 հազար ծուխեր ներկայացնող:

Անշուշտ դիւրին չէր ամէն յարանուանութենէ, ցեղէ, լեզուէ, մտայնութիւններէ, արեւելումներէ եկած քրիստոնեաներու այս մէկտեղումին մէջ դրական աշխատանք տանիլ: Ի պատիւ Վիգէն սրբազանին պէտք է ըսել, որ ան արժեցուց իր պաշտօնը:

Ըսենք նաեւ, որ Սրբազանը իր դոկտորական աստիճանը ստացած է 1999-ին, Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի պատմութեան ինստիտուտէն: Իսկ ամբողջացուցած է իր ուսումը, հետեւելով Զուիցերիոյ Ֆրիբուրգ կաթոլիկ համալսարանի բաձրագոյն կրթութեան: Ունի նաեւ համալսարանական պսակաւոր աստիճան Լոնդոնի Քինկզ քոլէճէն: Հետեւած է հովուական աստուածաբանութեան Քենթըրբըրիի Սբ. Օգըսթին քոլէճի մէջ:

Անցեալ տարի մաս կազմեց Նիւ Եորքի մեր առաջնորդարանի կազմակերպած դէպի Պատմական Հայաստան կատարուած ուխտագնացութեան:

Յոգնիլ չգիտցող, ամէն տեղ հասնող եկեղեցականն է ան: Հաւատարիմ հոգեւորականը Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ աւանդապահը` Հայաստանեայց եկեղեցւոյ կարգ ու սարքին:

Իր հաղորդական բնաւորութեամբ` հեռու քինախնդրութիւններէ, վէճերէ, ըսի-ըսաւներէՙ ան կը հաւատա՛յ գործին: Գործնական մարդն է մեր եկեղեցւոյ, առանց որ տուժէ իր հոգեւորականի կոչումը:

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Եորք


https://www.archive.azg.am/AM/2013012314

© AZG Daily, 2008