ՈՒՂԱՐԿԵԼ ԽՄԲԱԳՐԻՆԵթե կա անհրաժեշտություն ստանալ պատասխան խմբագրությունից, ապա խնդրում ենք հաղորդագրության մեջ նշել նաև Ձեր էլ.հասցեն։ |
«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #24, 2017-06-23ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ, ԲԱՅՑ Ի՞ՆՉ ԳՆՈՎՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Երբ բան մը կոտրի, ջարդուի, անկարելի է որ իր նախկին վիճակը վերստանայ, եթէ նոյնիսկ վերականգնումի ամէն միջոցի դիմուի: Այդպէս ալ է պարագան պատերազմներու եւ քաղաքական ցնցումներու բովէն անցած մեր գաղութներուն: Օրինակները շատ ենՙ Լիբանան, Իրան, Իրաք... այսօր ալ Սուրիա, յատկապէսՙ Հալէպ: Ծովերու մակընթացութեանց ու տեղատուութեանց պէս, Հալէպ անցնող վեց տարիներու ընթացքին ու այսօր ալ եօթներորդ տարին ըլլալով, քանի-քանի անգամներ ապրեցաւ պատերազմիՙ իրական եւ խաղաղութեանՙ խաբուսիկ վերիվայրումները եւ տակաւին կ՛ապրի: Նախկին տարիներուն հետ բաղդատելով, ներկայիս, քաղաքին շրջապատը ահաբեկիչներէն մաքրուած ըլլալով, հրթիռակոծումներն ու հրասանդի կոյր տեղումները դադրած են, գոնէ կեանքի ապահովութիւնը երաշխաւորուած է: Ջուրի տագնապը բաւական լուծուած է, սակայն ելեկտրական հոսանք չկայ եւ աննկարագրելի սղութիւնՙ տարրական կենցաղային կարիքներու եւ ուտեստեղէնի: Այս բոլորէն անջատ, պատերազմը մէջտեղ բերաւ բանակին սատար հանդիսացող քաղաքացիներու խաւ մը, որոնք կոչուեցան «Ուրուականներ» եւ զինուեցան ու քաղաքին մէջ տարածուեցան: Այդ երիտասարդները մեծամասնութեամբ անուս, անգործ եւ արկածախնդիր տարրեր էին, որոնց ձեռքը երբ զէնք անցաւ, կացութիւնը հանդարտելէն ետք ալ սկսան «գործ» փնտռել եւ իրենք զիրենք առանձնաշնորհեալ նկատելովՙ ապօրինի կեանք մը սկսան վարել, վնաս հասցնելով քաղաքի բնակչութեան, գողութեամբ, թալանով, առեւանգումներով ու մարդորսութեամբ: Շատեր կը յիշեն, թէ ինչեր պատահեցան Ամերիկայի մէջ Վիէթնամի պատերազմի վեթերաններուն կողմէ, երբ անոնք վերադարձան իրենց քաղաքները եւ անգործ մնացին. աւելի ճիշդՙ անոնց համար միակ «գործը» պատերազմն էրՙ կռիւ, զէնք, թմրանիւթ, արիւն, մարդորսութիւն... միայն ատոնցմով կը յագեցնէին արկածախնդրութեան ծարաւ իրենց հոգիները: Պատերազմող կը պատրաստեն, զանազան տեսակի անիմանալի դասընթացքներու ու վարժութեանց ենթարկելով զինուորագրեալները ու չեն մտածեր անոնց ապագային մասին: Զէնք վերցնողն ու կռուողը կենաց ու մահուան գուպարին մէջ վարժ կը դառնայ վայրագութեանց, մահուան դէմ երթալու, սպաննելու, չսպաննուելու սիրոյն: Վարժութիւնը այս պարագային պատուհաս է, երկիրներ ու քաղաքացիներ կ՛ենթարկուին այդ պատուհասին եւ սուղ կը վճարեն անոր գինը: Ժողովուրդը կ՛ակնկալէ, որ անասելի տառապանքով ու ծով համբերութեամբ սպասուած խաղաղութիւնը կատարեալ ըլլայ, լիարժէք ու անթերի, բայց, մէկ օրէն միւսը պատերազմին տխուր հետեւանքները ջնջել դժուար է, սակայն ոչ անկարելի, եթէ անշուշտ պատերազմին աճեցուցած «մոլախոտերուն» մէջ իրենց պաշտօնը շահագործած եւ այդ մարդոց հետ գործակցած տարրեր չկան... Կը լսենք որ պատկան մարմիններ արդէն ձեռնարկած են այդ երեւոյթները վերացնելու աշխատանքներուն, զանազան տեսակի արգելքներ դնելով եւ կաշկանդելով այդ տարրերուն ազատ ու անիշխանական գործունէութիւնը: Մաղթենք որ երկար չտեւէ եւ Հալէպ վայելէ այնքան անհամբերութեամբ սպասուած Խաղաղութիւնը: https://www.archive.azg.am/AM/2017062308 © AZG Daily, 2008 |