ՈՒՂԱՐԿԵԼ ԽՄԲԱԳՐԻՆ

Եթե կա անհրաժեշտություն ստանալ պատասխան խմբագրությունից, ապա խնդրում ենք հաղորդագրության մեջ նշել նաև Ձեր էլ.հասցեն։

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹՅՈՒՆ:
ՈՒՂԱՐԿԵԼ:

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #30, 2014-10-03

Թէքէեան մշակութային միութիւն

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍՔԱՆՉԵԼԻ ԵՐԵԿՈՅԹՆԵՐ

Գլենդեյլ

Բանաստեղծութեան երկու հատորներու խորիմաստ ներկայացումներու երեկոյի վերածուեցաւ 18 սեպտեմբերին Գլենդէյլի Կաթողիկէ համայնքի «Գույումճեան» սրահին մէջ կայացած ձեռնարկը, երբ Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի վարչութեան ատենապետ Վաչէ Սեմերճեանի բացման խօսքին յաջորդեց բազմաբովանդակ յայտագիրըՙ հանդիսավարութեամբ Բարսեղ Գարթալեանի:

Ատենապետը երեկոյին կազմակերպումին առիթը բացատրեց Երուանդ Ազատեանի խմբագրած եւ հրատարակած «ՀԱՏԸՆՏԻՐ» բանաստեղծութեանց հաւաքածոյին ներկայացումով: Երկրորդ հատոր մը, դարձեալ Թէքէեանէն, 23 բանաստեղծութիններու անգլերէնի թարգմանուած գիրքն էր, որուն համահեղինակներն են Ջոն եւ Ժիրայր Փափազեանները, իսկ խմբագրութիւնըՙ դարձեալ Ազատեանի:

Հանդիսավարը հրաւիրեց Լոս Անճելըսի Կալիֆոռնիոյ Նահանգայն համալսարանի ամերիկեան գրականութեան դասախօս դոկտ. Արփի Սարաֆեանը ներկայացնելու «SELECTED POEMS» հատորը: Եգիպտահայ Ջոն Փափազեան ատենին թարգմանած է Թէքէեանի կարգ մը գործերը եւ ձգածՙ ժամանակի բախտին: Եղբօրորդինՙ բեմադրիչ Ժիրայր Փափազեան, վերանայած է թարգմանութիւնները, վերամշակած է զանոնք եւ խմբագրական անհրաժեշտ հպումներէ ետք պատրաստածՙ հրատարակութեան: Հատորին մուտքըՙ Երուանդ Ազատեանի ստորագրած «Vahan Tekeyan-The Timeless Classic of Armenian Poetry» («Հայ քերթողութեան անմահ դասականը») յառաջաբանն է: Գրական գոհար մըն է յառաջաբանը: Դոկտ. Սարաֆեան, անգլերէնով, մանրամասնօրէն մեկնաբանեց քերթուածներուն թարգմանութեան արժանիքները, մնայուն արժեւորումը տուաւ գործին եւ բարձրօրէն որակաւորեց կատարուած թարգմանութիւնը: Իր խօսքէն առաջ Սարաֆեան քերթուած մը կարդացՙ «We Shall Say To God» («Պիտի ըսենք Աստուծոյ»), որպէս գեղեցիկ օրինակ գիրքի արժէքաւոր բովանդակութեան:

Երկրորդ խօսք առնողը եղաւ գրականագէտ Երուանդ Գոչունեան, որ «Հատընտիր» գործին վերլուծումով բարձրօրէն գնահատեց Ազատեանի գլխաւոր յառաջաբանն ու հինգ տարբեր բաժիններու յառաջաբանները: Գոչունեան համոզիչ կերպով յայտնաբերեց Ազատեանի ճիգըՙ Թէքէեան բանաստեղծը կանգնեցնելու հայ գրականութեան բարձրագոյն պատուանդանին վրայ:

Գեղարուեստական բաժինին մէջ ունկնդիրները գնահատեցին Հեղինէ Հարպոյեանի մեկնաբանութիւնը երկու երգերուՙ ընկերակցութեամբ ջութակահար Օֆելիա Նանագիւլեանի եւ դաշնակահար Շուշան Յակոբեանի: Ներկայ հասարակութեան համար նորութիւն մըն էր երկու գործիքներու ընկերակցութեամբ կատարուոող մեներգները ունկնդրել: Լիլիթ Քեհէեան, իր կարգին, ընթերցումը կատարեց «Հաշուեյարդար» եւ «Ես սիրեցի» քերթուածներուն:

Երուանդ Ազատեանՙ խմբագրողը երկու գիրքերուն, ինչպէս նաեւ Թէքէեան գրողին տագնապալի կեանքին պայքարները յատյնաբերող, շեշտեց, որ Թէքէեան-գրողին գործերուն ժողովրդականութիւնը Հայաստանի մէջ նոր եւ գովելի երեւույթ է, որուն համար թերեւս «Հատընտիր»ին Երեւան տպագրութիւնը հասկնալի կը դառնայ: Ըստ իրեն, հրատարակուած 600 օրինակներուն մեծ մասը անմիջապէս սպառած է Երեւանի մէջ, ուր Ազատեան առաջին անգամ կը խօսէր հատորին մասին:

«Գույումճեան» սրահին մէջ ալ տեղի ունեցաւ յետներկայացումի ընդունելութիւնը, մինչ գնուած գիրքերը կը ստորագրուէին խմբագրող Ազատեանի կողմէ:

Ֆրեզնօ

Գլենդէյլի մէջ ներկայացուելէ ետք, 19 սեպտեմբերին Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութիւններու երկու հաւաքածոները ներկայացուեցան Ֆրեզնոյի մէջՙ California State University Հայագիտական բաժնի վարիչ պրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի եւ տեղւոյն Թէքէեան մշակութային միութեան ճիգերով:

Համալսարանի Հայագիտական բաժնի հրատարակութեանց 5-րդ հատորն է «Selected Poems»-ը, որու յառաջաբաններէն մէկուն հեղինակըՙ Տէր Մկրտիչեան, արդար կերպով եւ խոր հասկացողութեամբ կը բնութագրէ Թէքէեանի գրականութիւնը ամերիկեան ակադեմական շրջանակներուն ծանօթացնելու աշխատանքին անհրաժեշտութիւնը:

Ուսանողական դասախօսութեանց շքեղ սրահին մէջ հանդիսութեան բացումը կատարեց դասախօս Տէր Մկրտիչեան, որուն իմաստալից խօսքը ընդհանրապէս ուղղուած էր երիտասարդ հայ ուսանողներուն եւ հայ գիրքի ծարաւ քանի մը տասնեակ ունկնդիրներուն. ապաՙ պրոֆ. Արփի Սարաֆեան Փափազեաններու թարգմանութեան լիարժէք գնահատումը կատարեց: Ունկնդիրներըՙ թիւով շուրջ 100, եւ փոքր մէկ մասն ալՙ երիտասարդներ, ուշադիր ունկնդրեցին երկու ուսանողուհիներու ընթերցումներըՙ թարգմանուած Թէքէեանէն:

«Հատընտիր»ին գնահատելի ներկայացումը կատարեց Գարմել գիւղաքաղաքէն Ֆրեզնօ եկած բանաստեղծ Թամարա Յովհաննիսեանը: Բազմակողմանի գնահատումին առանցքը կը կազմէր խօսքին այն մասը, որ ուղղուած էր «Հատընտիր»ի խմբագիր Երուանդ Ազատեանի մասնագիտացուած գործին:

Յայտագիրի աւարտին, սուրճի հիւրասիրութեան ընթացքին, ներկաները շրջապատած էին Ազատեանն ու միւս հիւրերըՙ հայ գիրին ու խօսքին ապագային շուրջ հարցադրումներ ընելով:

Բարձրօրէն գնահատելի կը գտնենք պրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի իմաստուն ղեկավարութիւնը Ֆրեզնոյի Համալսարանի հայագիտական այս բաժինին, ուր հայագիտական հրատարակութիւնները կը շարունակուին եւ ուր հայ երիտասարդներ եւ բազմաթիււ օտարներ կը հետեւին հայագիտական նիւթերու դասաւանդումին:

Լոս Անճելըս


https://www.archive.azg.am/AM/2014100302

© AZG Daily, 2008