«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #56, 2013-04-10ՌԱԿ-Ի «ՆՈՐ ՕՐ» ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՎՆԸ![]() ՌԱԿ-ի Արեւմտեան շրջանի պաշտօնաթերթ «Նոր Օր»-ի հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով ՌԱԿ շրջանի ղեկավարութիւնը այլազան ձեռնարկներով նշեց եւ կը շարունակէ նշել թերթին նշանակալից այս տարեդարձը, մեր ուխտապահ շարքայիններուն, համակիրներուն, ընթերցողներուն եւ բարեկամերուն մասնակցութեամբ: Այդ ձեռնարկներէն գլխաւորը կայացաւ մարտ 17-ի երեկոյեան, Հոլիվուդի «Տաղլեան» սրահին մէջ: 90 տարին պատմութեան համար պարզապէս ակնթարթ մըն է, բայց թերթի մը համար երկար է, յատկապէս «Նոր Օր»ի ապրած խառն ու խրթին 90 տարիներուն համար, որոնք լեցուն էին նիւթական ու բարոյական դժուարին պահերով: Այս տասնամեակներուն հայրենաբնակ եւ աշխարհատարած մեր ժողովուրդը հազար ու մէկ դժուարութիւններ դիմագրաւեց, եւ 90 տարի շարունակ «Նոր Օր» մեր ժողովուրդի լեռնակուտակ ցաւերուն ու դժուարութեանց դեղ ու դարման եղաւ: Յոյսի աղբիւր եղաւ մեր ժողովուրդին համար, յատկապէս աշխարհակործան պատերազմներու տարիներուն, հայ սփյուռքին նայուածքը միշտ ուղղելով մեր յաւիտենական հայրենիքինՙ գեղանուն Հայաստանին, հոն ապրող մեր հրաշագործ ժողովուրդի հետ մշտատեւ կապի մէջ: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր մեր շրջանակի եւ լոսանջելըսահայ գաղութի ծանօթ գործիչներէն, «Նոր Օր»ի վաստակը մեծապէս գնահատող ազգայիններէ բաղկացած մարմնի մը կողմէ, նախագահութեամբ տիկին Սեսիլ Քեշիշեանի: Համանախագահութիւնը ստանձնած էր ՌԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ՀԲԸ Միութեան եւ ԹՄՄ-ի կեդրոնական վարչութեանց երկարամեայ նախկին ղեկավար, գիրքերու հեղինակ, հրապարակախօս, բժ. Գէորգ Քեշիշեան: Ներկայ էին եւ գնահատագրեր յանձնեցին Լոս Անջելըսի եւ Գլենդէյլի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներ, «Նոր Օր»ի նախկին խմբագիրներ եւ այժմու խմբագիր Յակոբ Մարտիրոսեանը: Այդ գիշեր իրենց ներկայութեամբ մեր շրջանակը շնորհաւորելու եկած էին Լոս Անջելըսի հայ մամուլի խմբագիրները, սոյն ձեռնարկի բարերարներն ու նուիրատուները, միութենական ներկայացուցիչներ եւ բարեկամներու բազմութիւն մը: Ձեռնարկին հանդիսավարներն էին տիկին Սեսիլ Քեշիշեանը եւ ՌԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, «Նոր Օր»-ի վարչական մարմնի ատենապետ, յայտնի բժիշկ Րաֆֆի Պալեանը, որոնք փոխնիփոխ կատարեցին այդ պաշտօնը: Տօնակատարութիւնը սկսաւ ամերիկեան, Հայաստանի եւ ՌԱԿ-ի օրհներգերով ու քայլերգով: Ս. Յովհաննու- Կարապետ եկեղեցւոյ հովիւ Մանուկ քահանայ Մարգարեան կարդաց Ամենայն հայոց հայրապետ Գարեգին Բ.-ի օրհնութեան գիրը, որ յատկապէս ղրկուած էր այդ տօնակատարութեան առիթով: Րաֆֆի Պալեանի եւ «Նոր Օր»-ի խմբագրական կազմի անդամ Հրաչ Սեփեթճեանի կողմէ պատրաստուած էին «Նոր Օր»-ի պատմութենէն առնուած պատառիկներ, որոնք սլայդներով ներկայացուեցան, մինչ անոնց մասին կը տրուէին կարճ բացատրութիւններ: Ամբիոն հրաւիրուեցաւ օրուան գլխաւոր բանախօսըՙ Լոս Անջելըսի հայ մամուլի նահապետըՙ Օշին Քեշիշեան, որ 1970-էն ի վեր կը հրատարակէ իրՙ «The Armenian Observer» շաբաթաթերթը եւ միաժամանակ շրջան մը եղած է «Նոր Օր»-ի խմբագիրը: Գլխաւոր բանախօսը, ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ սքանչելի ելոյթով մը անդրադարձաւ հայ մամուլին ընդհանրապէս, տուաւ խիստ շահեկան տեղեկութիւններ, ապա ներկայացուց «Նոր Օր»ի ժամանակաշրջանը, անոր գաղափարախօսութիւնը ու մանաւանդ անոր վայելած ժողովրդականութեան բուն պատճառը: ««Նոր Օր» բախտաւոր եղած է ունենալով լաւ խմբագիրներ, աշխատակիցներու պատկառելի անուններ, սկզբունքի տէր անձեր, որոնք թերթին մեծ որակ եւ արժէք տուած են», ըսաւ պրոֆ. Օշին Քեշիշեան: Այնուհետեւ գնահատանքի արժանացան հինգ բարերար զոյգեր, որոնք 5000-ական դոլար նուիրած էին այդ գիշեր: Ապա ջերմ եւ իմաստալից ելոյթ մը ունեցաւ ՌԱԿ Կեդր. վարչութեան ատենապետ Մայք Խարապեան, որ յուշատախտակով մը գնահատեց տէր եւ տիկին Քեշիշեանները: Հանդիսավարները մերթ ընդ մերթ ողջունցին ներկայ եղող միութենական ներկայացուցիչները: Վերջաւորութեան նախկին խմբագիրներէն ոմանք եւ խմբագրական կազմի անդամները, գլխաւորութեամբ այժմու խմբագիր Յակոբ Մարտիրոսեանի, հատումը կատարեցին 90-ամեակի տարեդարձի կարկանդակին: Վերջաւորութեան ելոյթ ունեցաւ թեմիս առաջնորդՙ Յովնան արք. Տէրտէրեանը, որ ջերմ խօսքերով գնահատեց «Նոր Օր»ի 90 տարիներու վաստակը, որ «Հայելին եղած է մեր գաղութի գործունէութեան», ինչպէս նաեւ գնակատանքով յիշեց, թէ «Նոր Օր» միշտ հաւատարիմ եւ աջակից եղած է լուսոյ խորան Ս. Էջմիածնին: Փակման խօսքով ելոյթ ունեցաւ թեմիս բազմավաստակ նախկին առաջնորդՙ Վաչէ արք. Յովսէփեան, որ մեծապէս գնահատեց մեր թերթը: ««Նոր Օր» դպրոց մը, համալսարան մը եղաւ մեր գաղութին համար, որուն ընթերցումով աւելի հայրենասէր եւ հոգեւոր կեանքով մը կը լեցուի ընթերցողը», ըսաւ Սրբազան հայրը, որուն «Պահպանիչ»ով ալ վերջ գտաւ այդ անմոռանալի ձեռնարկը: Յիշենք, թէ պատրաստուած էր օրուան պատշաճ գրքոյկ մը, որուն մէջ դրուած էին շնորհաւորական նամակներ, գնահատանքի խօսքեր եւ նուիրատուութիւն կատարող ազգայիններուն անունները: Նորանոր ամեակներՙ մեր «Նոր Օր»ին: ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ «Ազգի» խմբագրությունը 90-ամյակի առթիվ ջերմորեն շնորհավորում է «Նոր Օր»ի խմբագրական կազմի անդամներին, հեղինակներին եւ ընթերցողներին: https://www.archive.azg.am/AM/2013041009 © AZG Daily, 2008 |