«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #22, 2018-06-08ԹԱՒԻՇՆ ՈՒ ԹԱՂԻՔԸՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Թաւշեայ յեղափոխութեան թաւիշը փռեցին նոր կառավարութեան ոտքերուն տակ, որպէսզի նորեկ նախարարները հանգիստ քալեն անոր վրայ ու իրենց գործերն ալ սահուն ընթանան: Ժողովուրդը, ինչպէս միշտ, ամէն յեղաշրջումէ ետք, անհամբեր է իր մասնակցութեամբ կատարուածին պտուղները քաղելու: Տասնամեակ մը ամբողջ եւ աւելի, համբերեց, տոկաց, մխաց-մխաց, մինչեւ որ բռնկեցաւ ու բանտուած աղբիւրի ջուրին նման, դուրս ժայթքեց ու իր հոսանքին ընթացքին, պապակ դաշտերը որոգելու կողքին, վախնամ նաեւ աւերներ գործէ: Վախնամ թաւիշը կոխկռտուի ու պատառոտի. վախնամ թաւիշը թաղիքի վերածուի, որուն վրայ սահուն անցում չ՛ըլլար: Երկիր մը, ուր անհաշուելի առկախ եւ անլոյծ հարցեր կան, նախարարներ, որոնք դեռ հազիւ ծանօթացած իրենց գրասենեակին ու աշխատակազմին, յանկարծ պահանջքներու հսկայ տարափի մը տակ գտնուեցան եւ, քանի որ ամէն ինչ թաւշեայ պէտք է ըլլայ, իրենք ալ անոր փափկութեամբ պատասխանեցին հայցուորներուն, խոստանալով բոլորին փափաքները իրականացնել: Վարչապետն ու նորեկ երիտասարդ նախարարները սովորական մարդիկ են, ամենակարող եւ հրաշագործ չեն: Փափաքներ, հարցեր, կուտակուած խնդիրներ, որոնք եթէ անցեալ իշխանութիւններու տարիներուն քուլիսային էին, այսօր մէկ առ մէկ բեմ կու գան, որպէսզի ժողովուրդը տեսնէ, իրազեկ դառնայ, թէ ինչպէս զինք թալանած մենաշնորհեալները կամաց-կամաց կը մերկանան, հոգեկան գոհունակութիւն պատճառելով իրեն, սակայն ոչ իր գրպանին, որմէ գողցուածը վերադարձուելու փափաքները վախնամ անկատար մնան: Միլիոններ ու միլիառներ չքացեր են «արտօնեալներու» մոգական փայտիկներուն կախարդութեամբ: Ապօրինաբար իւրացուած աստղաբաշխական գումարներու մասին կը խօսուի, գումարներՙ որոնք երկրի պիւտճէն կը հակակշռեն: Իսկ թէ ինչպէ՞ս, մի հարցնէք, պետական մարմինը գլուխէն մինչեւ վերջոյթներ իրարու օղակուած երկար շղթայ մըն էր, որ սկսաւ քակուիլ: Իւրաքանչիւր օղակ քակուելուն, ինչ գարշահոտութիւններ դուրս կու գան, ճիշդ կոյուղիներու կափարիչները բանալու նման: Նախ անհրաժեշտ է որ նեխածութիւնը ախտահանուի, գարշահոտութիւնը անցնի, ապա մաքրագործուածին մէջ նորն ու մաքուրը տեղադրուի, իսկ այդ մէկը յաջողելու համար ժողովուրդը քիչ մը համբերութիւն պէտք է ունենայ: Նոր կառավարութեան ծնունդին վրայ ընդամէնը քառասուն օրեր անցան, ըստ մեր մեծերու հաւատալիքներուն, վտանգաւոր բանի մը քառասնօրեակէն ետք միայն վտանգը կը փարատի եւ բնական կեանքի ուղին կը սկսիՙ նորածինը միայն քառասուն օր ետք տունէն դուրս հանելու է. մահի պարագային, քառասուն օր սուգ բռնելէ ետք միայն կարելի է սուգէն դուրս գալ: Այս նորընծայ կառավարութիւնն ալ կարծես թէ իր քառասնօրեակը բոլորեր է եւ հակայեղաշրջման ու խափանարարութեանց վտանգը շրջանցեր է: Նորանշանակ նախարարները արդէն սկսած են իրենց աշխատակազմը ամբողջացնել եւ գործի ձեռնարկել: Հոգ չէ թէ երիտասարդ ու անփորձ են, ինչպէս ընդդիմադիրներ կը քննադատեն, ըստ իս, աւելի լաւ որ այդպէս են, կարեւորը իրենց նուիրումն է ու պատրաստակամութիւնը բան մը փոխելու, երկիրը վերականգնելու եւ մարդոց արժանավայել կեանք ապահովելու: Նոր իրավիճակով խանդավառ մարդիկ սկսած են երազներ հիւսել, անոնք նոյնիսկ կ՛ակնկալեն, որ Նիկոլ Փաշինեանը Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի թեկնածու առաջարկուի... Անհամբեր ենք, ամէն ինչ մէկ անգամէն կ՛ուզենք իրականացնել ու չափազանցութիւններու կ՛երթանք: Համբերենք, սակայն ձեռնածալ չնստինք ու սպասենք, որ ամէն ինչ ինքն իրեն փոխուի. մենք ալ մասնակից դառնալու ենք, իւրաքանչիւրս իր սահմանին մէջ, իր կարողութիւններով, սակայն ոչ ապակեդրոն ու անպատասխանատու: https://www.archive.azg.am/AM/2018060806 © AZG Daily, 2008 |