«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #8, 2021-03-05ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿԸ ԾԱՆՈՒՑԱՆԷ ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ 5ՐԴ ԵՎ ԱՅՍ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ԱՌՑԱՆՑ ԺՈՂՈՎԸՀրաւէր Հայաստանի եւ Արցախի լրատուամիջոցներու խմբագիրներուն Լրագրողներու Համահայկական համաժողովները Համակարգող խորհուրդը հիմնուելով 29 փետրուար - 1 մարտ 2020-ին Անթիլիասի մէջ կայացած իր նիստին որոշումներուն վրայ, մէկ տարուան ժամանակմիջոցի մէջ կազմակերպեց տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցութիւններ: Արդէն իսկ կայացած են Մերձաւոր Արեւելքի, Եւրոպայի, Ամերիկաներու եւ ԱՊՀ երկիրներու մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու առցանց հանդիպումները: Այս հանգրուանի 5-րդ եւ եզրափակիչ առցանց ժողովը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի 15 մարտ 2021ին, Երեւանի ժամով 18:00-ին: Իբրեւ թեմա նկատի առնուած էՙ Հայաստանի եւ Արցախի լրատուամիջոցը ներկայ պայմաններուն մէջ. Դժուարութիւններ եւ դիմագրաւման միջոցներ: Մասնակցիլ փափաքողներէն կը խնդրուի կապուիլ հետեւեալ ել-նամակի հասցէինՙ panarmenian.media@gmail.com Ծանօթ. Հայկական լրատուամիջոցներէն կը խնդրուի այս ազդը հրապարակել: Լրագրողներու համահայկական համաժողովները Համակարգող խորհուրդ https://www.archive.azg.am/AM/2021030507 © AZG Daily, 2008 |