Ժիրայր Փափազեան յանդուգն գաղափարը ունեցած էր գերարդիական Յակոբ Պարոնեան մը բեմադրելուՙ ֆրանսերէնով եւ ֆրանսացի դերասաններով: Շատ ազատ թարգմանութիւն մը, որ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար կոչելՙ ֆրանսականացում մը, ինչ որ աւելի բնական է:
Ֆրանսացի հանդիսատեսին համար անմիջականօրէն եւ առանց խոչընդոտի ընկալման հնարաւորութիւն: Թատրոն էր, զուարթ եւ անսեթեւեթ, համարձակ, բայց մանաւանդՙ արագ, առանց տեղքայլի: Յակոբ Պարոնեանի երգիծանքը, այս պարագային, զուարթութիւն էր, ըսուածէն, լսուածէն եւ տեսնուածէն անդին չերեւակայելու հրաւէր մը: Այսինքն, կարիք չկար մտաւորական ճիգ ընելու, ըսուածէն-տեսնուածէն անդին չըսուած-չտեսնուածը վերլուծումներու ենթարկելու:
Թատրոնի մասնագէտներ հաւանօրէն թերիներ տեսան: Զարմանալի չէ: Երբեմն զուարթութիւնը կ՜անհետանար, բայց այդ կարճ կը տեւէր: Ոմանք պիտի դժգոհին կերպարներու ծայրայեղ պատկերացումէն: Բայց այդ է զաւեշտի պարտադրանքը: Կարեւոր է, որ զաւեշտը եւ ծայրայեղութիւնը գռեհկութեան չվերածուին: Ապահովաբար, Պարոնեանի օրերուն, սեռային տեսարաններ եւ կանացի տկլորութիւններ չէին թոյլատրուեր բեմի վրայ: Ժամանակները փոխուած են: Բեմադրիչները չեն վարանիր իրենց տիպարները ներկայացնելու Եւայի վիճակով, նոյնիսկ առանց թզենիի տերեւի: Երկրորդական վարժարանի աշակերտներ եւս, իրենց ծնողներու կամ ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ, նման ներկայացումներ կը տեսնեն: Ոչ ոք կը գայթակղի: Ժիրայր Փափազեան քայլ պահած էր այս ազատութեան եւ ազատամտութեան հետ, առանց զայն ինքնանպատակ դարձնելու: Տեսարանները հազիւ կը գերանցնէին թելադրական ըլլալու պարտադրանքը, ստուերներ եւ խուսափուկ պահեր ու տեսարաններ, որոնք անտեղի սեռայնութեամբ ուշագրաւ ըլլալու նկարագիր չունէին:
Անկախ նիւթէն, անհրաժեշտ է խորհրդածել երեւոյթին մասին:
Քանի մը շաբաթ առաջ հանդիսատես եղանք փառատօնի մը ընթացքին, Հայաստանէն մասնակցող թատերախումբի մը ներկայացման, որ հայերէնով կը խաղար, բայց բեմի կողքէն մէկը ֆրանսերէնով կը պատմէր նիւթը, բովանդակութիւնը: Առանց կարծիք յայտնելու ներկայացման նիւթի, բովանդակութեան եւ բեմադրութեան մասին, կրնանք ըսել, որ հայկական թատրոնը, հայ բեմը կը հրամցուէին ներկաներուն այնպէս, ինչպէս որ էին Հայաստանի բեմին վրայ: Այլ է Ժիրայր Փափազեանի փորձը, որ նորութիւն չէ, քանի որ օտար հեղինակներ կը խաղցուին ֆրանսական բեմերու վրայ, թարգմանաբար: Նորութիւնըՙ հայ հեղինակի գործին բեմականացումն է: Ընտրութիւն մը: Թէեւ կ՜ըսուի, որ մէկ ծաղիկով գարուն չի գար:
Ժիրայր Փափազեանի ներկայացումը ճամբայ կը հարթէ այս կարգի տարբեր փորձերու, քանի որ բեմադրութիւնը հայրենասիրական-հայասիրական չէր, եւ կը հետեւէր տեղական չափանիշներու, որպէս թատերական ոճ եւ որպէս խաղարկութիւն: Զաւեշտի պարագային կը թուի թէ դիւրին է պատշաճեցումը: Սակայն Ժիրայր Փափազեան կամ ուրիշ մը, եթէ փորձուին օր մը «Պէպօ» կամ «Հին աստուածներ» բեմադրել, մինչեւ ո՞ւր կրնայ երթալ պատշաճեցման ազատութիւնը, ինչպէս կ՜ըսէիՙ ֆրանսականացումը: Ոչ մէկ կասկած, որ եթէ Շեյքսփիրը կարելի է հայերէն խաղալ, եւ յաճախ խաղցուած է, պատճառ չկայ, որ Լեւոն Շանթ, իր կարգին, չխաղցուի ֆրանսերէնով, անգլերէնով կամ չինարէնով: Էական նշանակութիւն ունին որակաւոր թարգմանութիւնը եւ արուեստով պատշաճեցումն ու բեմադրութիւնը: Ըսի Լեւոն Շանթ, կրնայի ըսել Մուշեղ Իշխան, կամ ուրիշ մը: Սակայն, ինչպէս կ՜ըսեն Իրանի հայերը, այս աշխատանքը թուքով կպցրած պէտք չէ ըլլայ, այսինքնՙ գործ մը ընել ըրած ըլլալու համար:
Պարոնեանի երկի բեմադրութիւնը իրականացուց բեմի սպասարկու մը որ բազմալեզուանի է, այս պարագային կը տիրապետէ հայերէնի եւ ֆրանսերէնի: Կարելի պիտի ըլլա՞յ յարգել այս պայմանը հայ միւս հեղինակներու պարագային: Իսկ եթէ յանկարծ ֆրանսացի բեմադրիչը հետաքրքրուի եւ խանդավառուի հայ թատերագիրի մը կամ վիպասանի մը գործով, ինչպէ՞ս պիտի նուաճէ հարազատութիւնը, ի՞նչ պիտի ընէ որպէսզի պատշաճեցումը չվնասէ խորքին: Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը եւ մշակոյթի սպասաւորները, Հայաստան եւ Սփիւռք, ճառագայթումի այս հարցը քննելով, տեսակէտներու լայն փոխանակութիւն կազմակերպելով, հայ ժողովուրդի եւ մշակոյթի ծանօթացման աշխատանքի նոր ուղիներ պէտք է բանան:
Հեռատեսիլը սփռեց ժապաւէններ ուղեղի պատուասի եւ այդ կարգի բաներու մասին: Անոնցմէ գեղեցիկ եւ աւելի լաւ կառուցում ունի Մ. Իշխանի թատերակըՙ «Մեռնիլը որքան դժուար է»: Ո՞վ պիտի ներկայացնէ զայն հայկական շրջանակէ դուրս: Ժապաւէն կամ թատրոն:
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ, Փարիզ