«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#40, 2001-03-03 | #41, 2001-03-06 | #42, 2001-03-07


ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՎՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՕՐԷՆՔԸ

Անցեալ նոյեմբերին առաջարկուած օրինագիծը, խմբագրուած իրաւաբան Վլադիմիր Նազարեանի կողմէ, տակաւին թուղթի վրայ կը մնայ: Կուսակցութիւններու մասին օրէնքը ի վերջոյ պիտի ներկայացուի Հայաստանի Ազգային ժողովին, վաւերացումի համար: Ճիշդ է, Վ. Նազարեան, երբ կը պարզէ, թէ ինչու օրէնքը անմիջապէս քննարկումի չի դրուիր. «Սա շատ նուրբ օրէնք է եւ շատերի մասին օրէնք», ըսած է իրաւաբանը:

Խնդրոյ առարկայ է տասնամեակի հնութիւն ունեցող նախընթաց մը, երբ ազատականութեան եւ ժողովրդավարութեան լոզունգներով առաջնորդուած տարբեր կառավարութիւններ արտօնութիւն շնորհեցին կազմակերպութիւններու, որպէսզի Հայաստանի մէջ ի վերջոյ... 94 կուսակցութիւններ գոյութեան գան: Այս ծիծաղելի բազմաձայնութիւնը լռեցնել բաւականին դժուար գործ է: Արտօնութիւն ստացան կուսակցութիւններ, կուսակցանման խմբակցութիւններ, քանի մը դժգոհներէ կազմուած խմբակներ, անհատով մը սկսած եւ վերջացած ակտիւիստներ եւ ունեցանք նորօրեայ բաբելոնեան աշտարակ մը:

94 քաղաքական կազմակերպութիւններ...

Վլադիմիր Նազարեանի պատրաստած օրինագիծը կը նախատեսէ ամէն բանէ առաջ գոհացնել Եւրախորհուրդի պահանջ մըՙ յարգել երկրի ժողովուրդին խօսքի, կարծիքի ազատութիւնը եւ մարդկային իրաւունքները, սակայն նոյն ատեն, կարգ-կանոն դնել ստեղծուած կացութեան մէջ, նուազեցնելով բազմաձայն ժխորը կուսակցութիւններու:

Այսպէս, կուսակցութիւն մը խորհրդարանական ընտրութեան ժամանակ պէտք է յաղթահարէ անցումի նուազագոյն սահմանը. Հայաստանի պարագայինՙ հինգ տոկոսը, որ ի զօրու է նաեւ Գերմանիոյ եւ Ռուսաստանի մէջ: Եթէ չյաջողի սահմանը անցնիլ, այլեւս կուսակցութիւնը կը դադրի կուսակցութիւն կոչուելէ: Փաստօրէն, Հայաստանի Դեմոկրատական, Ռամկավար Ազատական, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան, Հայոց Համազգային Շարժում կուսակցութիւնները եւ բազմաթիւ խմբաւորումներ իրենց գոյութեան իրաւունքը կորսնցուցած պիտի ըլլային, ընտրութեան մը ընթացքին ձախողելնուն համար:

Կուսակցութիւն մը արտօնութիւն կը ստանայ, երբ հանրապետութեան բոլոր մարզերուն մէջ կ՜ունենայ կուսակցական միաւորներՙ նուազագոյնը 50 անդամներով. իսկ նոյն կուսակցութիւնը պէտք է ունենայ 1500 անդամ հանրապետութեան ամբողջ տարածքին: Այս օրէնքին կիրարկումով կուսակցութիւններու շարքէն դուրս կ՜իյնան գոյութիւն ունեցող բոլոր գրանցուածները, բացի իշխանութեան լծակ եղող կազմակերպութենէն, որու օրինական կեցութիւնը կասկածելի պիտի դառնայ բնականաբար:

Գոյութեան իրաւունքի կարեւոր արժանիքներէն մէկը պիտի նկատուի կուսակցութեան մը ներքին կառոյցին ժողովրդավարական հիմքեր ունենալը: Այս մէկ կէտը բաւական վտանգաւոր եւ նուրբ հարց է եւ կրնայ հարուածել որեւէ զօրաւոր ընդդիմադրութիւն: Աւելին, այսպիսի օրէնք մը շատ հեռու է առարկայական ըլլալէ, որովհետեւ խորհրդարանական կուսակցութիւն մը կրնայ ենթակայ դառնալ կառավարման շրջանակներու շահերուն, քմահաճոյքին, դատական անվերջանալի հետապնդումներու եւ կամայական դատողութեանց:

Առաջարկուած օրինագիծը կը նախատեսէ նաեւ օրէնք մը, ըստ որու, կուսակցութեան մը ֆինանսաւորումը հրապարակային պէտք է ըլլայ, ելեւմուտըՙ ժողովուրդին առջեւ բաց, եւ արտասահմանեան օժանդակութիւնը սահմանափակ ըլլալով հանդերձ, հակակշռի ենթակայ պէտք է ըլլայ: Դարձեալ կու գանք խնդրայարոյց օրէնքի մը, որմէ նպաստաւորուողը օրուան իշխանութիւնը կրնայ ըլլալ, եթէ որոշէ խանգարել ընդդիմութիւն մը:

Հետաքրքրական եւ տրամաբանական օրինագիծ մըն է ներկայացուելիքը, եթէ Հայաստան ներքին կառոյցներով հզօր, օրէնքի կիրարկումով անթերի, իշխանութեան լծակները պարկեշտ մարդոցմով զբաղեցուած պետականութիւն մը ունենար:

Այդպէս չէ Հայաստանը այսօր, ուրեմն Նազարեանի պատրաստած օրինագիծը կանխահաս է եւ վնասակար: Աւելին, ժողովրդային կամքի արտայայտութիւնը, գէթ այսօր, ծիծաղելի մակարդակ մը ունի: Քաղաքացին չի քուէարկեր գաղափարախօսութիւն մը, արեւելում մը ներկայացնող թեկնածուին, այլ Ազգային ժողով կը ղրկէ թաղի կամ գիւղի եւ կամ մարզի զօրաւոր, հարուստ ու ազդեցիկ մարդը, որուն շահագրգռութիւնը անհատականէն անդին չ՜անցնիր: Ուրեմն, օրինագիծին առանձին կէտերը անհեթեթ կրնան դառնալ, լաւագոյն պարագայինՙ խարդախութեան եւ շահարկումի առարկայ: Այս նկատողութիւնը չի նշանակեր, որ Հայաստանի ընտրական գործընթացը եւ կուսակցութիւններու ներկայութիւնը անհակակշռելի պէտք է մնայ, իր վիճակին ու ճակատագրին պէտք է ձգուի: Եւրոպայի օրինաչափութիւնները որդեգրելու փութկոտութենէն աւելի պէտք է օրինագիծ մը պատրաստուի, որուն գլխաւոր նպատակը ըլլայ Հայաստանի քաղաքական կենցաղը աստիճանաբար զարգացնելով հասնիլ եւրոպական չափանիշներուն: Չենք կրնար պապէն աւելի պապական դառնալ, քանի որ Եւրոպան ա՚յդ կը պահանջէ:

Ատենն է, որ ամբողջատիրութենէն աւանդուած սովորոյթները տակաւ մոռցուին եւ միայն օրէնքով կամ պետական օրէնսդրութեամբ չղեկավարուին քաղաքական կեանքին բնական գործընթացների զարգացումները: Պետութիւնը միջոցները պէտք է ստեղծէ վերապրումի բնական օրէնքին կիրարկումը ապահովելու համար քաղաքական կեանքին մէջ: Ժամանակի ընթացքին եւ ընտրութիւններու օրինաւոր կայացումներով, դաստիարակուած ժողովուրդը թող ինքը որոշէ, թէ քաղաքական թատերաբեմին վրայ որո՚նք տեղ պէտք է ունենան եւ որոնց ներկայութիւնը ժամանակավրէպ է:

Բազմակուսակցականութիւնը որո՞ւ հանգիստը կը խռովէ ի վերջոյ. արդեօ՞ք պետութեան իշխանաւորներու մտավախութիւնը այնքա՜ն լուրջ է, որ կուսակցութեանց մասին օրէնքով ուզեն չորը թացէն զատել... վասն Եվրախորհուրդի պահանջին:

ՎԱՉԷ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ, «ՆՈՐ ՕՐ», Լոս Անջելես


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4