«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#70, 2001-04-17 | #71, 2001-04-18 | #72, 2001-04-19


ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 22-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԳԱՄԱՎՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՎ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՌԻԹ ՄԸ

Երկար ատենէ ի վեր նախապատրաստուող ՌԱԿ 22-րդ Ընդհանուր պատգամաւորական ժողովը կայացաւ Աթէնքի մէջՙ 6-8 ապրիլ, 2001 թուականին, հիւրընկալութեամբ Յունաստանի մեր շրջանակին, մասնակցութեամբՙ ՌԱԿ-ի բոլոր շրջանակներու պատգամաւորներուն:

Գաղտնիք մը չէ, որ հայ իրականութեան մէջ յառաջացան որոշ զարգացումներ, որոնք ազգային քաղաքական վերադասաւորումներ ստեղծեցին սփիւռքի կառոյցներէն ներս. առաջին հերթին ցնցումի ենթարկուեցան սփիւռքի մէջ գործող մեր աւանդական կուսակցութիւնները: Դժբախտաբար, անոնց կարգին ՌԱԿ-ը եւս զերծ չմնաց այդ ցնցումներէն, որոնք խախտեցին անոր ներքին միասնականութիւնը եւ ժամանակաւորապէս դանդաղեցուցին անոր գաղափարական առաքելութեան յառաջընթացը:

Երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք, կուսակցութեան ղեկավար շրջանակներ, թելադրուած օրուան քաղաքական հրատապ հրամայականներէն, ինչպէս նաեւ կուսակցական շարքերէ արձակուած միասնականութեան սրտառուչ կոչերէն, որոշեցին ի գին ամէն դժուարութեան վերականգնել կուսակցութեան ներքին միասնականութիւնը եւ զայն վերադարձնել իր առաքելութեան պատմական հունին:

Պատգամաւորական ժողովը առաջին հերթին առիթ ընծայեց առողջ քննարկումի ենթարկել կազմակերպութեան կառոյցին անդրադարձող տարակարծութիւնները եւ գործունէութեանց առաջնահերթութիւնները եւ իր նիստերու աւարտին վճռական քայլը առաւ այնքան ցանկացուած միասնականութիւնը իրականութիւն դարձնելու:

Ժողովը ընտրեց կուսակցութեան բոլոր շերտաւորումները եւ հոսանքները հասարակ յայտարարի բերող Կեդրոնական վարչութիւն մը եւ զայն լիազօրեց վերականգնելու շրջանակները, հիմնական ծրագիր-կանոնագրի մէջ ներմուծուած նոր բարեփոխումներու լոյսին տակ:

Ժողովը իր հերթական աշխատանքներէն ետք քննարկութեան առաւ հայութիւնը յուզող կարգ մը հիմնահարցեր, որոնց մասին որդեգրեց համապատասխան բանաձեւեր, որոնցմէ գլխաւորները կը ներկայացնենք.

Ա. Հայաստան եւ Արցախ

ՌԱԿ-ը կը շարունակէ իր նեցուկը ընծայել նորանկախ հայրենիքի պետականութեան եւ հողային ամբողջականութեան պահպանման եւ իր բարոյական ու տնտեսական հնարաւորութիւնները ի սպաս կը դնէ հայրենի ժողովուրդի բարօրութեան:

ՌԱԿ-ը կ՜ընդունի ՀՌԱԿ-ը իբրեւ իրաւական ժառանգորդը 1885-ին գոյութեան կոչուած Արմենական կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ շարունակողըՙ 1921-ին գոյութիւն առած ՌԱԿ-ի գաղափարական դաւանանքին:

Ժողովը գոհունակութեամբ ողջունեց ներկայութիւնը ՀՌԱԿ Հանրապետական վարչութեան պատուիրակութեան:

Ժողովը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի ազատատենչ ու մարտնչող ժողովուրդի արդար պայքարին եւ իր ցանկութիւնները բանաձեւեց Արցախի տագնապին քաղաքական արդար լուծման ի խնդիր:

Բ. Հայկական դատ

Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը իբրեւ ջահակիրը Հայկական դատի պաշտպանութեան, կ՜որոշէ շարունակել իր պայքարը մամլոյ եւ քաղաքական շրջանակներու մէջ ճանաչում ձեռք ձգելու Հայկական ցեղասպանութեան եւ իրագործելու պատմական Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնըՙ իրաւատիրութեան անդուլ պայքարով:

Գ. Հայաստանեայց եկեղեցի

ՌԱԿ-ը կը վերահաստատէ իր աւանդական քաղաքականութիւնըՙ իբրեւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ միակ գլուխ ճանչնալու Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի Ամենայն հայոց հայրապետութիւնը, միեւնոյն ատեն ցաւով կ՜անդրադառնայ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ծոցին մէջ շարունակուող անմիաբանութեան, որուն գլխաւոր դերակատարը կը հանդիսանայ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնըՙ պատմական անվաւեր իր յաւակնութիւններով եւ քաղաքական միակողմանի արեւելումներով: Ատենն է որ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ձերբազատուի իր քաղաքական կաշկանդումներէն եւ վերադառնայ իր հոգեւոր կոչումին:

Այսու նաեւ կոչ կ՜ուղղէ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հաւատաւոր հօտինՙ շարունակելու իր պայքարը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ միասնականութիւնը վերահաստատելու: Այս նուիրական պայքարին մէջ առաջին հերթին կենսական կը նկատէ Մայր աթոռի ենթակայ հոգեւորականութեան դերըՙ դաստիարակչական եւ առաջնորդութեան իմաստով:

Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօնք հռչակուելուն 1700-ամեակի այս օրերուն, աւելի քան անհրաժեշտ կը դառնայ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ միասնականութեան վերահաստատումը, որ պիտի առաջնորդէ հայ ժողովուրդը հոգեւոր միութեան եւ վերելքի:

Ժողովը իր աւարտին ոգեւորութեամբ ընդունեց կուսակցութեան 80-ամեակը նշող յայտարարութիւնը, որ զօրաշարժի կը հրաւիրէր կազմակերպութեան աշխարհատարած անդամակցութիւնը, միասնական ոգիով դիմաւորելու կուսակցութեան այս նշանակալից հանգրուանը եւ կուռ շարքերով դիմելու դէպի յաղթական 100-ամեակ եւ լուսաւոր ապագայ:

ՄԱՅՐ ԴԻՒԱՆ ՌԱԿ 22-ՐԴ ԸՆԴՀ. ՊԱՏԳՄ. ԺՈՂՈՎԻ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4