Երկուշաբթի, ապրիլի 23-ի երեկոեան Լոս Անճելըսի Միւզիք Սենթըրի Թորոթի Չանդլըր շքեղ հանդիսասրահին մէջ «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան կազմակերպած համերգը բացառիկ յաջողութիւն արձանագրեց:
Յոտնկայս ծափերով բեմ մտաւ անզուգական խմբավար մաէսթրօ Օհան Դուրեան, որ խոր գիտակցութեամբ Վերդիի հոգեհանգստեան այս երկարաշունչ ստեղծագործութիւնը հրամցուց իր բոլոր նրբերանգներովՙ միաձուլելով 120 հոգինոց երգչախումբն ու նուագախումբը, հոգեխռով պահեր ստեղծելով, ինչպէս նաեւ բարձրագոռ ցասումի պահերը իրենց բարձրակէտին հասցնելով:
Երեկոն նուիրուած էր Եղեռնի 86-րդ տարելիցին: Նոյն ժամանակ ազգային բարերար Արշակ Տիգրանեանի մահուան 5-րդ տարելիցին զուգադիպող այս երաժշտական երեկոն կը վայելէր հովանաւորութիւնը տիկ. Էլենոր Տիգրանեանի, որ համերգային կազմակերպութեան աշխատանքներուն համար կատարած էր մեծագումար նուիրատուութիւն:
Մենակատարներն էին Փավարոտիի անուան մրցոյթի դափնեկիր Քալէն Էսպերեան (Լոս Անճելըս), Փավարոտիի գնահատանքին արժանացած Մագդա Մկրտչեան (Երեւան), Եղիշէ Մանուչարեան (Երեւան, այժմ Ամերիկա) եւ Սերգէյ Բարսեղեան (Երեւան, այժմՙ Ամերիկա):
Աւելի քան 3000 հոգինոց սրահը բերնեբերան լեցուն էր հայ եւ օտար հանդիսականներով, որոնք երկարատեւ, ջերմագին ծափողջոյններով գնահատեցին խմբավարը, երգիչները, նուագախումբըՙ որուն կոնցերտմայսթըրն էր հանրայայտ ջութակահար Միհրան Գոճեանը:
Ներկաներուն մէջ կը նշմարուէին Հայաստանի հիւպատոս տէր եւ տիկ. Վալերի Մկրտումեանը, երգահաններ Ալեքսանդր Յարութիւնեանը եւ Կոստանդին Օրբելեանը, ՀՀ մշակոյթի առաջին նախարար, թատերագիր Պերճ Զէյթունցեանը (որ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր Օհան Դուրեանի Հայաստան վերադարձինՙ 1991-ին), երգչուհիներ Էլլադա Չախոեանը, Մելանիա Աբովեանը, Արփինե եւ Էլիզապէթ Փեհլիվանեանները, Անգինէ Մուրադեանը, մաէսթրօ Վաչէ Պարսումեանը, երաժիշտ Արա Սեւանեանը, ինչպէս նաեւ երաժշտութեան դասախօսներ, քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներ, Լոս Անճելըսի ընդհանուր դատախազ Կենսեթ Հան եւ ուրիշներ:
Ընդունելութեան խօսք առին հանրածանօթ իրաւաբան Ուոլթըր Կարապետեանը, Արշակ Տիգրանեանի մասին խօսք առաւ Բարսեղ Գարթալեանը, իսկ երգիչներն ու Օհան Դուրեանը ներկայացուց «Արմինիըն օբզերվըր» թերթի խմբագիր Օշին Քէշիշեանը: «Լարք» ընկերակցութիւնը շքանշաններով պատուեց մեներգողներն ու խմբավարը, իսկ Տիգրանեան ընտանիքը մասնաւոր մեդալով մը գնահատեց Վաչէ Պարսումեանի աշխատանքը: