Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի երկամեայ պաշտօնավարութեան առաջին լուրջ տագնապը ի յայտ եկաւ այս շաբաթ, երբ Վեհափառ հայրապետը Կանադա այցելութեան ընթացքին հայրապետական վճիռով մը կարգազուրկ ըրաւ Տիրան արք. Կիւրեղեանը, որ Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի հայոց առաջնորդն էր անցնող 25 տարիներուն: Այժմ Տիրան արքեպիսկոպոսը կը կոչուի Ղազարոս Կիւրեղեան:
Տիրան արք. Կիւրեղեանի անհնազանդութիւնը արդարացուցիչ պատրուակ մը ունէր, թէՙ Մոսկուայի հայոց թիկունքը վայելող հոգեւոր առաջնորդ մը տարբեր պաշտօնի պիտի կոչուէր, որպէսզի Վեհափառ հօր եղբօրըՙ Տ. Էզրաս վրդ. Ներսիսեանի համար պաշտօն մը ստեղծուի: Իսկ պաշտօնափոխութեան իսկական պատճառները բոլորովին տարբեր էին:
Մոսկուայի հայ գաղութը եւ մտաւորականներու իր հսկայ հոյլը զզուած են հայ եկեղեցականին անվայել, ապաբարոյ կեանք մը անսանձ կերպով վարելու առաջնորդին որոշումէն: Աւելին, նիւթական համարատուութիւնը դադրած է հոգեւոր առաջնորդին եւ Թեմական խորհուրդին միջեւ, որովհետեւ առաջնորդը թիկունքը տուած մաֆիոզ աշխարհի պատկանող իր քանի մը հայ բարեկամներուն, ինքզինք օրէնքէ, համարատուութենէ եւ պատշաճութիւններէ վեր կը նկատէՙ ըստ հայաստանեան մամուլին:
Անցեալ տարի Վեհափառ հայրապետը Մոսկուայի առաջնորդին տարբեր պաշտօնի կոչուելու հրահանգ տուած էր. անտեսուեցաւ Վեհին հրահանգը: Այս տարուան մարտ 16-ին իրեն թիկունք կեցող «Մոսկուայի Հայ առաքելական եկեղեցիներու միութիւն» շինծու կազմակերպութիւնը ասպարէզ կարդաց Վեհին, յայտնելով, թէ կաթողիկոսը անհատական որոշումներ կ՜առնէ. Հանրային յայտնի գաղտնիքի վերածուած այս պայքարը գահավիժեցաւ մայիս 13-ին, երբ Կիւրեղեան յայտարարեց, թէ չէր ճանչնար Վեհափառին որոշումը, հեղինակութիւնը եւ կաթողիկոսի հանգամանքը:
Բացայայտ ապստամբութիւնը յայտարարուածՙ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը ունէր մէկ եւ վճռական ընտրանքՙ կարգազուրկ հռչակել անհնազանդ, հեղինակութենէ զրկուած, անբարոյական եկեղեցականը: Անհրաժեշտ էր Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան վարկը պահպանել: Անառարկելի, անվիճելի, յստակ եւ ճիշտ պահուն առնուած վճիռ մըն է, որուն համար եկեղեցական ամբողջ դասը հպարտ ու երախտապարտ պէտք է զգայ: Քիչ անգամ պատահեր է, որ արդար ու խիզախ որոշում առնող կրօնապետ մը ունենայ Հայ եկեղեցին:
Կարգազուրկ դարձնելու որոշումը անհատական է, ինչպէս որ 1991-ի կանոնադրութիւն մը Վեհափառին կու տայ այդ իրաւունքը: Եպիսկոպոսական ժողով, հաւաքական որոշումՙ յաճախ ալ միջոցներ են վճիռ չառնելու, ձգձգումի խաղը շարունակելու եւ ձգելու, որ Մոսկուայի մէջ խայտառակութիւնը շարունակուի: Ու այս շատ յստակ կանոնադրութեան լաւ ծանօթ պէտք է ըլլար Պոլսոյ Տ. Մեսրոպ պատրիարք Մութաֆեանը, որ հարց կու տար Վեհին:
- Առանձի՞ն, թէ հաւաքական որոշում մըն է առնուածը.
Իսթանպուլի «Մարմարա»ին կը պարտինք հարցադրումին հրապարակումը:
Հայրապետական վճիռը, կարգ մը պարագաներուն եւ յատկապէս Ղազարոս-Տիրան Կիւրեղեաններու նմաններուն համար, լաւագոյն դեղատոմսն է արմատախիլ ընելու բոլոր տեսակի խլիրդները Հայ եկեղեցւոյ մարմինէն. Պատրիարք մը հաւնի կամ ոչ:
ՎԱՉԷ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ, Խմբագիր «Նոր օր» շաբաթաթերթի, Լոս Անջելես