«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#114, 2001-06-21 | #115, 2001-06-22 | #116, 2001-06-23


ՁԵԶԻ Ո՞Վ ԻՐԱՎՈՒՆՔ ՏՈՒԱՎ ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՉԱՓՈՒԵԼՈՒ

Երբ Օհան Դուրեանիՙ Հայաստանի օպերայի երաժշտական գլխաւոր ղեկավարի պաշտօնանկութեան լուրը հեռատեսիլէն իմացայ, զարմացայ եւ զայրացայ, անհիմն եւ անօրինական հապճեպով եղած նուաստացուցիչ այդ որոշման համար:

Մեծ կորուստ մըն է հայ ժողովուրդին եւ երկրին: Չկրցաք գնահատել անոր արժանիքները, անկեղծութիւնը, պահանջկոտութիւնը բարձր որակի նկատմամբ: Դժբախտաբար մեր մայր հայրենիքը այժմ միջակութեան մէջ կը լողայ: Ամերիկա հիւրախաղերու եկողներուն եւ Հայաստանի հեռատեսիլէն սփռուած երաժշտական ծրագիրներու միջակ եւ աւելի վատ մակարդակին ամէն օր ականատես ենք: Որքա՜ն մեծ թիւով հայրենական տաղանդներ այսօր օտար երկնակամարներու վրայ կը փայլին, երկիրը զրկելով իր փայլքէն:

Ահա՚ այսօր, միջազգային ամենաբարձր գնահատանքներու արժանացած, բազմաթիվ հանդիսատեսներ հիացուցած, հայու անունը բարձր պահած, սիրուած երաժիշտ-նուագավար Դուրեանը հայ մշակոյթի գործիչնե՞րէն պիտի ստանար «նուաստացուցիչ» գնահատականը:

Անոր ելոյթները միշտ եղած են տօնական, առանց նոտայի, անգիր, կատարեալ արհեստավարժութեամբ եւ նախանձելի յիշողութեամբ: Որքա՜ն քրտինք թափած է Հայաստանի երաժշտական կեանքի, սիմֆոնիկ երաժշտութեան տարածման եւ բարգաւաճման համար: Ճշմարիտ հաւատացեալ, բարեսիրտ, գործունեայ եւ նուիրուած երաժիշտ է, չի հանդուրժեր կեղծիք, ստախօսութիւն, կաշառակերութիւն: Դժբախտաբար կ՜իմանանք, որ այսօրուան մթնոլորտը Հայաստանի լեցուն է այդ յատկանիշերով, որ կը խոչընդոտէ, կ՜արգիլէ բարձրի, ազնիւի, անհրաժեշտի պատուաբեր յառաջընթացքը: Դուրեանի խստապահանջ եւ անզիջող նկարագիրը շատերու անհաճոյ եղած ըլլալու է: Ան մոլեռանդ ազգասէր, հայրենասէր է: Աւինիոնի օպերային թատրոնի եւ սիմֆոնիկի երաժշտական ղեկավարի մնայուն պաշտօնը մերժեց եւ ազատ ու անկախ հայրենիքի կանչին ընդառաջելով վերադարձաւՙ իր բաժինը բերելու վերականգնումի դժուար գործընթացին: Դուրեան մէկն է, որ բոլոր անորոշութիւններուն եւ վտանգներուն-այոՙ վտանգ-դիմաց ու հակառակՙ վերջնականօրէն փոխադրուեցաւ հարազատ տունըՙ առաքելութիւն մը իրականացնելու, երաժշտական կեանքը աշխուժացնելու համար:

Արժանացաւ նախագահական «Ս. Մեսրոպ» եւ «Մովսէս Խորենացի» շքանշաններուն, նաեւ Ֆրանսայի կառավարութեան «Արուեստի եւ գրականութեան ասպետի» բարձրագոյն կոչումին: Միջազգային աստղագէտներու միութիւնը զինք պատուեց անոր անունով կոչելով թիւ 1331 աստղը:

Բոլոր այս գնահատականները միթէ՞ սուտ են: Իր թիկունքին զինք հասկցողներու, սիրողներու բանակ մը կայ Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ: Ինչո՞ւ կը պղտորէք անմեղ ժողովուրդի միտքն ու հոգին:

1998-ին Լոս Անջելըսի համերգը բացառիկ յաջողութիւն ունեցաւ: Համերգէն երկու օր առաջ 3000 տոմս արդէն սպառած էր: «Անուշ» -ի վերջին ձայնանիշը հազիւ աւարտած, ոտքի կանգնած 3000 հոգի որոտալի ծափերը 10 րոպէէն աւելի, խանդավառ «բրաւօ՜» բացականչութիւնները դղրդացուցին այդ հսկայ սրահը: Մեզ դիւթեց, կախարդեց, համերգ չէր, այլ ցնծութեան փառատօն:

1999-ին Երեւանի մէջ ականատես եղայ իր ժողովրդականութեան: Ճամբան ամէն քայլափոխին ժողովուրդը ակնածանքով, գուրգուրանքով կը բարեւէր, կը խօսէր, կը գովէր զինքը: Գիշեր մը Ամերիկեան համալսարանի հոյակապ համերգէն ետք, ուր Յասմիկ Պապեանը մեներգիչն էր, երկարատեւ ծափահարութիւնները թոյլ չտուին, որ բեմէն հեռանայ, երիտասարդներ ուսամբարձ բեմէն վար բերին զինք:

Եվ ահա, բոլորին հիացմունքին արժանացած այս տիտան Դուրեանը, քանի մը նեղմիտ գործիչներու զո՞հը պէտք էր ըլլար, այսքան բեղմնաւոր եւ յառաջացեալ տարիքին: Ցաւալի երեւոյթ...

Օպերայի գեղարուեստական ղեկավար ըլլալը պատիւ ըլլալէ առաջ նաեւ մեծ պատասխանատւութիւն է: Հակառակ իր «ոսկի ձայնին», այդ պաշտօնը ծանր է Գեղամ Գրիգորեանի ուսերուն վրայ: Կը պակսին խաղարկութիւն, բեմական ճկունութիւն, ճշգրիտ մեկնաբանութիւն, ընդհանուր զարգացում:

1989-ին Լոս Անջելեսի հիւրախաղերուն հիացանք անոր ձայնին, բայց խաղարկութիւնը համոզիչ չէր, կը պակսէր հուրը, շարժուձեւերը անյարիր էր կերպարին: «Los Angeles Times»-ը գրած էր. «He does not act with finesse or subtlety, but he occupies his role whole heartedly»: Գրիգորեան թէեւ դերասանական ճկուն խաղարկութիւն չունի, անհրապուրիչ է բեմին վրայ, բայց շնորհիւ իր ձայնինՙ ինքզինք կը պարտադրէ բեմին վրայ: Այսուհանդերձ ցաւ է կարդալ Եւրոպայի երաժշտական մամուլի աննպաստ վկայութիւնները. «Գեղամ Գրիգորեան այնքան կ՚ընդգծէր Բոլրոնէի կերպարը, որ կարելի էր ուղղակի «հիանալ» անոր կոպտութեամբ եւ հոգեբանութեան բացակայութեամբ» (1995): «Երգիչները ոչ մէկ կերպ կրնային նպաստել ներկայացման: Հայ Գեղամ Գրիգորեանը Ռիքարդոյի դերին մէջ բոլորովին զուրկ է կիրքէ ու հմայքէ, հումորէ ու փայլէ»: (Ֆլորենս, 1996):

Գեղամ Գրիգորեան պէտք է լաւ գիտնայ եւ չյոխորտայ իր գեղեցիկ ձայնին համար, ազնիւ հոգին աւելի կարեւոր է: Երգիչի կատարողական տարիքը այնքան ալ երկար չէ, իր վերջալոյսի տարիները կը մօտենան: Ո՞վ պիտի գլտորէ իր աթոռը: Իր կողմէ որքան անհեթեթ խօսք է Դուրեանի տարիքին հետ խաղալը, մի՞թէ չի գիտեր, որ նուագավար մը մինչեւ 90 տարեկան ալ կրնայ ղեկավարել, որքան ատեն որ առողջ է եւ միտքը պայծառ: Թոսքանինին, ֆոն Կարայեանը թող յիշէ: Ձայնն է, որ 60-ին կը վերջանայ: Ինչպէ՞ս կրնայ ստորագրուած պայմանագիր մը փոխել: Միջազգային օրէնքը խստապահանջ է, եւ տուժողը կը շահի ընդհանրապէս: Չի՞ գիտեր, որ քաղաքակիրթ երկիրներու պարագային ահագին գումարներ պէտք է վճարէր այդ անխոհեմ քայլին համար: Տարիներ առաջ Ռուբէն Մամուլեան կամ Լուսին Ամարա տասնեակ հազարաւոր դոլարներ շահեցան նման պարագայի մը, իրենց արժանապատւութեան համար դատ բանալով:

ԱՆԳԻՆԷ ՔԵՇԻՇԵԱՆ-ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ, Երաժշտագէտ, Լոս Անջելըս


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4