«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#161, 2001-09-08 | #162, 2001-09-11 | #163, 2001-09-12


ԱՐՇԱԿ Բ. ՕՊԵՐԱՆ ԲԱՐՁՐԱՑԱՎ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԲԵՄ

250 հազար դոլարի հանգանակութիւն նաեւ Վանաձորի երաժշտական դպրոցին

Տարիներէ ի վեր սպասուած երազը վերջապէս իրականացաւ եւ Տիգրան Չուհաճեանի Արշակ Բ օպերան բարձրացաւ համաշխարհային բեմ առաջին անգամ, այն ձեւով, որ հեղինակը յօրինած էր զայն 1868 թուականին: Արդարեւ, սեպտեմբեր 8 բացառիկ օր մըն էր հայ օպերայի պատմութեան մէջ, որովհետեւ այդ օր հայկական առաջին օպերան ունեցաւ իր անդրանիկ բեմադրութիւնը Սան Ֆրանսիսքոյի միջազգային հռչակեալ բեմին վրայ:

Օպերայի երաժշտական ընտանիքը, ինչպէս ամերիկահայ գաղութը, իրենց ճիգերն ու հնարաւորութիւնները համադրած էին առաւելագոյն շքեղանքով Արշակ Բ-ը բարձրացնելու իր արժանի փառքին:

Օպերայի բեմադրութենէն առաջ կազմակերպուած էր շքեղ ճաշկերոյթ մըՙ 400 հանդիսականներու նախատեսութեամբ, սակայն 550 հոգիներ մասնակցեցան 600 դոլարի մուտքի գինով, մօտաւորապէս 250 հազար դոլար ապահովելով Վանաձորի երաժշտական դպրոցին ու Հայաստանի երաժշտական այլ ծրագիրներուն համար: Աւելացնենք, որ յատուկ յանձնախումբը ամերիկահայ գաղութէն արդէն նախապէս հանգանակած էր մէկ միլիոն դոլար, այդ ծրագիրը իրականացնելու համար:

Բացի նուիրեալ յանձնախումբի անդամներէ, բացման ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետ Ուիլլի Բրաուն, նահանգային գանձապահ Ֆիլիպ Անջելիդիս, հայասէր կոնգրեսմէն Նենսի Փելոսի եւ ուրիշներ, որոնք խօսք առնելով ողջունեցին քրիստոնեէութեան 1700-ամեակը Հայաստանի մէջ, ոգեկոչեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ գնահատեցին հայոց մշակութասիրութիւնը, միասնականութիւնն ու Ամերիկային ընծայած անոնց նպաստը:

Այս ոգեւորիչ ճաշկերոյթէն վերջ հանդիսականները անցան կողքի սրահը, որ արդէն կը յորդէր հանդիսականներու բազմութեամբ:

Առաջին ձայնանիշերը հնչեցին մաէստրօ Լորիս Ճգնաւորեանի ճպոտին տակ, ու բեմը բացուեցաւ հմայիչ տեսարանի մը վրայ. այնուհետեւ խանդավառութիւնը հետզհետեւ բարձրացաւՙ իր գագաթնակէտին հասնելով ներկայացման աւարտին:

Արդէն միջազգային բեմերուն տիրապետող սոփրանօ Յասմիկ Պապեան, անկասկած, օրուան աստղն էր, որ իր զգայուն երգեցողութեամբ, բյուրեղ ձայնով եւ առինքնող խաղարկութեամբ գրաւեց հանդիսականները Օլիմպիայի իր դերակատարութեամբ: Արշակի դերը ստանձնած էր Քրիստոֆըր Ռապըրթսըն, որ արհեստավարժ հմտութեամբ տիրապետած էր հայերէն լեզուի հնչուններուն: Փառանձեմի դերով հանդէս եկաւ ֆրանսական բեմերու աստղերէն Նորա Գիւբիշ: Ներսէս կաթողիկոսի դերը ստանձնած էր Հայաստանէն Տիգրան Մարտիրոսեան: Երգչախումբն ու նուագախումբը իրենց կատարողութեամբ ամբողջացուցին օրուան յաջողութիւնը:

Արշակ Բ-ի այս բեմադրութիւնը եզակի էր բազմաթիւ իմաստներով. բացի այն իրողութիւնէն, որ հայ համայնքը իր ճիգերով յաջողեցաւ հայկական առաջին օպերան դասել միջազգային օպերաներու խաղացանկին մէջՙ ներկայացումը առաջին անգամ ըլլալով հանդէս կը բերէր Տիգրան Չուխաճեանի բուն հեղինակութիւնը:

Կոթողային գործ մըն էր, որ իրականացաւ Արշակ Բ-ի ներկայացումով, որ այս տարի մաս կը կազմէ Սան Ֆրանսիսքոյի օպերայի եղանակին:

Շնորհաւորելի, գնահատելի եւ ծափահարելի են գործը նախաձեռնող յանձնախումբը, օպերայի տնօրէնութիւնը, արուեստագէտները եւ բոլոր անոնք, որ թիկունք կանգնեցան գեղարուեստական այս փառաւոր իրագործումին:

ԵՐԱԺՇՏԱՍԷՐ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4