«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#228, 2001-12-12 | #229, 2001-12-13 | #230, 2001-12-14


ԱՐԱԲԸ...

Մօտ երկու ամիսէ ի վեր շարունակուող ամերիկեան հակաահաբեկչական քարոզչական արշաւը, հակաիսլամականի կողքին, հակաարաբական տրամադրութիւն ստեղծեց աշխարհով մէկ:

Որպէս նոր բնակիչը այս երկրին, այստեղ, Հայաստանի մէջ ալ սկսայ շօշափել նմանօրինակ տրամադրութիւն, բան մը, որ կը թուի թէ նոր չէ, սակայն ամերիկեան քարոզչութիւնը բաւական հրահրած է զայն:

Յաճախ ականջիս կը հասնին արաբներու նկատմամբ ոչ բարենպաստ արտայայտութիւններ: Որեւէ ահաբեկչական գործողութեան մասին, որեւէ լրատուութեան առթիւՙ «երեւի արաբներն են նորից» արտայայտութիւնը: Կարծես «ահաբեկչութիւն» եւ «արաբ» բառերը հոմանիշ դարձած են:

Անկախ դասական դարձած այն պատմութիւններէն, թէ ինչպէս արաբը փրկեց, խնամեց ջարդէն ճողոպրած հայու խլեակները, մինչեւ որ դարձանք լիարժէք քաղաքացի ու կերտեցինք կենսայորդ հայկական գաղութներ, այո՚, անկախ այս ճշմարտութենէն, ես, որպէս արաբական երկրի քաղաքացի, գոնէ իմ ծնած ու ապրած երկրիս ու անոր տեղացի ժողովուրդին մասին կրնամ այնքան դրական բաներ թուել, որոնք կրնան վերջ չունենալ:

Բոլոր արաբներն ալ, ինչ-որ չափով, նոյն յատկութիւններն ունին, սակայն, աւելի առարկայական ըլլալու համար խօսիմ սուրիացի արաբ ժողովուրդի բարեմասնութեանց մասին, որոնք կրնան եւ օրինակ ծառայել հայերուս համար, մենք, որ յաճախ անտեղի կերպով կը յոխորտանք մեր առաքինութիւններով:

Արաբին նման բարի ժողովուրդի քիչ կը հանդիպիս աշխարհի վրայ: Արաբը երբ դէմդ կ՜ելլէ, ծանօթ թէ անծանօթ, անպայման կը բարեւէՙ «Բարեւը Աստուծունն է»: Ես, ահաւասիկ, երեք ամիսէ ի վեր կ՜ապրիմ Երեւանի մէջ ու տակաւին իմ ապրած բազմայարկ շէնքիս հարիւրեակ մը բնակիչներէն ոչ մէկը բարեւած է զիս կամ ալ մօտեցած, ծանօթանալ ուզած եւ օգնութիւն առաջարկած. բան մը, որ արաբ դրացիդ անպայման կ՜ընէ:

Արաբին քով ինքզինքդ մինակ չես զգար, արաբին հարեւանութեամբ ինքզինքդ օտար չես զգար: Բան մը հարցուր, օգնութիւն մը խնդրէ ու տես թէ ինչպէս կը վերաբերի:

Գնա, պատահական արաբէ մը գնում մը ըրէ եւ յանկարծ անդրադառնալով որ հետդ դրամ մոռցած ես վերցնել, կամ բաւարար գումար չկայ մօտդ, փորձէ գնածդ ձգել ու երթալ դրամ բերելու: Խանութպանը ատիկա ամօթ համարելով կը ստիպէ, որ ապրանքդ առնես տանիս, յետոյ կը բերես, ի՞նչ կ՜ըլլայ որ...

Մարդոց հանդէպ հաւատք ունին. բան մը, որ վաղուց կորսուած կը տեսնեմ այստեղ:

Քեզ խաբելու, մոլորեցնելու ու շորթելու մասին չի մտածեր արաբը, որուն հետ կրնաս հանգիստ գործակցիլ:

Կրնա՞ք պատկերացնել որ արաբին հետ կարելի է շատ մեծ գումարներով գործարքներու մէջ մտնել եւ նոյնիսկ փաստաթուղթերու կամ վկաներու կարիքը չզգալ, խօսքդ բաւարար է:

Չկա՞ն այս ըսածներուն հակապատկերները, կա՚ն, անշուշտ, որ կան, ի վերջոյ հրեշտակներ չեն բոլորը, սակայն խօսքս ընդհանուր երեւոյթին մասին է:

1988-ի երկրաշարժին, երբ Հալէպն ալ միւս բոլոր հայագաղութներուն նման լծուած էր դրամահաւաքի եւ օգնութեան աշխատանքներուն, Հալէպի մեր Առաջնորդարանի աստիճաններէն բարձրացող ծերունի մը կը նկատուի, որուն արաբական տարազը այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, թէ մարդը սխալ տեղ եկած է: Երբ իրեն հարց կուտան, թէ ի՞նչ կուզէ, «երկրաշարժի համար դրամ չէ՞ք հաւաքեր այստեղ», կ՜ըսէ ու կը մօտենայ քարտուղարութեան խճողուած սեղանին ու ծոցէն տոպրակ մը դուրս բերելով, պարունակութիւնը կը պարպէ սեղանին վրայ ու ներկաներուն զարմացական հայեացքներուն տակ. «Ես հաւատացեալ մահմեդական եմ, կ՜ըսէ, մենք ամէն տարի մեր տարեկան շահի տասնորդը պէտք է տանք աղքատներուն կամ բարի նպատակին համար, լսեցի ձեր երկրին մէջ պատահածին մասին, այս տարուան նուէրն ալ ձեր ժողովուրդին թող երթայՙ երկու հարիւր յիսուն հազար սուրիական...»:

Յանուն ճշմարտութեան պէտք է նշել, որ ոչ մէկ տեղացի արաբ մերժած էր օգնութիւն ցուցաբերել երկրաշարժի աղիտեալներուն, երբ դիմուած էր իրենց, սակայն այս պարզ, անգրագէտ մարդուն ժեսթը իւրայատուկ էր:

Արաբը... իրենց մէջ պիտի ապրիս, որ ճանչնաս զիրենք:

Չերկարեմ: Կը զգամ, որ արաբին պատկերը աղարտուած է այստեղ (եւ շատ ուրիշ տեղերՙ արեւմտեան ու սիոնիստական քարոզչութեան հետեւանքով): Չեմ ակնկալեր, որ այս գրութեամբ, մոգական գաւազանի նման վերականգնեմ այդ պատկերը, սակայն, թող ասիկա հրաւէր մը ըլլայ արաբը աւելի լաւ ճանչնալու ու չճանչցածՙ վճիռ չարձակելու:

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԵԼԵԱՆ, Երեւան


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4