Կանգնած եմ նորակառոյց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կամարներուն տակ ու հիացած կը դիտեմ այս հսկայ տաճարըՙ միակ խոշոր ճարտարապետական կառոյցը, որ գլուխ բերուեցաւ տասնամեայ անկախութեան շրջանին:
Հաւատացեալ ու հետաքրքիր բազմութիւն մը լեցուցած է սրահը: Նախագաւիթին մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աճիւնները ամփոփող մարմարեայ դամբարանն է, ամպհովանիի մը տակ, ուր ծնկաչոք երկրպագելու եւ գերեզմանաքարը համբուրելու համար հերթի կանգնած են կանայք, գլխաւորաբարՙ տարեցներ:
Թխադէմ, զգեստաւոր «քոյրեր», Մայր Թերեզայի առաքելութենէն, խումբ մը հայ թերաճ երեխաներ բերած են ու կ՜աշխատին տեղաւորել զանոնք նստարաններուն վրայ:
Ի՞նչ ընելու եկած են այս թերաճ ուղեղով ու մարմնով, տխեղծ, հաշմուած մանուկները: Շնորհակալութիւ՞ն յայտնելու Աստուծոյ, որ զիրենք այսպէս ստեղծած է, թէ... Բայց, ե՚ս է, որ շնորհակալութիւն պիտի յայտնեմ, որ այս օտարազգի աղջիկները, տուն-տեղ, ընտանիք ու հաճոյք ձգած, անանձնական սիրով մը նուիրուած են այս աստուածահաճոյ գործին ու Հայաստանի մէջ թերաճ երեխաներ կը խնամեն:
Յանկարծ մէկը, նկատելի բարկութեամբ մը դիտողութիւն կ՜ընէ ինծի, որ թեւերս ետեւ կապած եմ. եկեղեցւոյ մէջ թեւերը առջեւ կապուած ըլլալու են...
Ե՞րբ հասցուց այս ժողովուրդը այսքան բարեպաշտ ըլլալ ու նախանձախնդիր եկեղեցւոյ սրբութիւններուն նկատմամբ: Այսինքնՙ կամ աթէիստ պիտի ըլլանք, կամ ալ մաքրամաքուր հաւատացեա՞լ:
Իսկապէս ծայրայեղութիւններու ժողովուրդ ենք: Կամ բնաւ չենք ըներ, կամ ալ, եթէ պիտի ընենքՙ համը պիտի հանենք: Կամ Հայաստանի տարածքին հարիւրաւոր պատմական վանքեր ու եկեղեցիներ անխնամ ու թափուր պիտի ձգենք, կամ ալ 2000 տեղանոց, աստղաբաշխական գումարներով նոր մը պիտի կառուցենք: Կամ եկեղեցւոյ մէջ թեւերն իսկ ետեւ կապելը մեղք պիտի համարենք ու բարձրաձայն դիտողութիւն ընենք, կամ ալ կիսամերկ ու առանց գլխաշորի եկեղեցի յաճախող կիներուն նկատողութիւն իսկ պիտի չընենք:
Չեմ կրնար չյիշել Ծառուկեանըՙ «Հայուն չափըՙ չափազանցութիւնն է...»:
Եւ մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն...
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅէԼԵԱՆ