Սփիւռքի մեր պատմութեան գրեթէ վերջին կէս դարու ժամանակաշրջանի ամենէն ցաւոտ ու տխուր իրադարձութիւնը կը հանդիսանայ պաղ պատերազմի ամենէն ձգտեալ շրջանին Հայ եկեղեցւոյ երկփեղկումը, Անթիլիասի 1956-ի կաթողիկոսական «ընտրութեամբ»: Սփիւռքահայ կեանքի պատմութեան մէջ անցեալ դարու 20-ական թուականներէն ասդին, ոչ մէկ եղելութիւն բացած է այնքան խորունկ վէրք, որքան Հայ եկեղեցւոյ պառակտումը. ատոր ողբերգական հետեւանքները ապրեցանք 50-ական թուականներու վերջաւորութեան, ինչպէս նաեւ յաջորդող տասնամեակներու վերամիացման ճիգերու ձախողութիւնը, արդիւնքՙ խաբեպատիր խոստումներու եւ ողջագուրումներու: Ու այս վէրքը պիտի շարունակէ կոպտալ նոյն ցաւագին այրումով, որքան ատեն որ եկեղեցւոյ ծոցին մէջ բացուած ճեղքը բուժելու ձգտումները շարունակական կերպով պիտի ականահարուին ու Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին պիտի շարունակէ աշխարհի առջեւ ներկայանալ երկգլխանի կառոյցով մըՙ ընդդէմ Ս. Էջմիածնի նուիրապետական գերագահութեան: Պարզ է, որ այս կացութեան յաւերժացումով ժամանակը երբեք սպեղանի չի կրնար ըլլալ ու բուժել այս ցաւոտ վէրքը:
Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ եկեղեցւոյ բաժանումը ծայր տուած էր 1933-ին, Ղեւոնդ արք. Դուրեանի խողխողումով խորանին առջեւ: Այդ թուականէն անդին, աւելի քան երկոտասնյակ տարիներու ընթացքին անկարելի եղած էր ահաւոր ոճիրին ստեղծած հոգեբանական պատուարները քանդել ի խնդիր հաշտեցման: 1956-ի Հայց. եկեղեցւոյ հերձուածը կու գար պաշտօնականացնել Հիւսիսային Ամերիկայի հայ եկեղեցւոյ տխուր բաժանումը «Անթիլիասական» ապօրինի թեմի մը ստեղծումով, հակառակ որ ընդունուած կարգ ու կանոնի համաձայն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իրաւասութեան սահմանները օրինականօրէն կ՜երկարին Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Կիպրոսի թեմերուն վրայ միայն: Կանադայի մէջ եւս Ամերիկայի օրինակով եկեղեցին կը բաժնուէր երկուքի, հերձուածի տխուր իրականութիւնը հաստատելով նաեւ մեր համայնքէն ներս:
Կանադայի թեմի պառակտուած վիճակը պաշտօնականացնելու կը ձգտէին վերջին շաբաթներուն շրջագայող լուրերը, ըստ որոնց, բաժանեալ կողմը, որ ցարդ ենթակայ էր Հիւսիսային Ամերիկայի այսպէս կոչուած Կիլիկեան թեմին, կը վերածուի առանձին առաջնորդութեանՙ 1 Յունուար 2002-էն սկսեալ: Այս իմաստով, առաջին որոշումը առնուած էր անցեալ տարուան Ապրիլ 6/7-ին կայացած «թեմական ներկայացուցչական» երկրորդ ժողովին ու այդ որոշումը փոխանցուած էր Անթիլիաս: Տեղւոյն Ազգային Կեդրոնական վարչութեան կողմէ ընդունելէ ետք, այդ որոշումը իր կարգին կը վաւերացուէր Արամ Ա կաթողիկոսին կողմէ 14 հոկտեմբեր 2001-ին: Իսկ Կանադայի ներկայացուցչական ժողովը 22 դեկտեմբերին բացառիկ ժողովի մը ընթացքին իր միաձայն հաւանութիւնը կը յայտնէր նոր «թեմ»ի կանոնագրութեան մասին, որ ապա կը յղուէր Արամ Ա-ի, վերջնական վաւերացում ստանալու համար:
Անցնող աւելի քան երեք տասնամեակներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալներուն յանուն Հայաստանեայց եկեղեցւոյ միասնականութեան սրտառուչ յայտարարութիւնները, ողջագուրումները -երջանկայիշատակ Խորէն Ա-էն յատկապէս մինչեւ երջանկայիշատակ Գարեգին Բ (ապա Գարեգին Ա Ամենայն հայոց), մինչեւ Արամ Ա իրենց իմաստազուրկ ու մոլորեցուցիչ բովանդակութիւններով օրօրած են հայութիւնը եւ այսօր ալ ուղղութիւն կուտան Անթիլիասի ներկայ անզիջող կեցուածքին: Ահա եկեղեցական երկպառակութիւնը աւելի խորացնող եւ պատմական օրինականութիւնները ոտնահարող քայլ մը եւս հերձուածի անվերադարձ ճամբուն վրայ մեր թեմէն ներս, ինչ որ կը ջլատէ այնքան բաղձալի միութեան ամէն յոյս, յաւելեալ պատուարներ բարձրացնելով համագործակցութեան արդէն նուազագոյն ակնկալութիւններ խոստացող գործընթացին դէմ:
Եղածը արդէն տարիներէ ի վեր գործադրուող ոտնձգութեան մը պաշտօնականացումն է Հայաստանեայց եկեղեցիէն ներս, ընդդէմ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի գերագահութեան. սեպ մը եւս կը խրուի միութեան ձգտող հիւսիս ամերիկեան ցամաքամասի վրայ տարուած տասնամեակներու անպտուղ բանակցութիւններու ընթացքին մէջ. բանակցութիւններ, որոնք արդէն անփառունակ վախճանի մը յանգեցան քանի մը տարի առաջ:
Մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի համար այս տագնապալի օրերուն, եկեղեցական պառակտումի պաշտօնականացումը մեր թեմէն ներս, յաւելեալ բարդութիւններ կը խոստանայ ստեղծել ի վնաս մեր համազգային շահերուն:
«Ապագայ», Մոնթրէալ, Կանադա