Նայած թէ ինչպիսի տրամադրութեամբ կը մօտենաս հարցին. ինչպիսի՞ աչքերով կը նայիս ու կը տեսնես։
Եթէ կանխատրամադրուած ես, որ Հայաստանի մէջ ամէն բան սեւ է, համատարած չքաւորութիւն է, պետական այրերը գող-աւազակներ են ու երկիրը կը թալանեն, գիտութեան ու արուեստի մակարդակը շատ ինկած է, բաղդատած խորհրդային շրջանին, ապա լայն դաշտ ու հնարաւորութիւն կայ այդ բոլորը տեսնելու, շօշափելու, զարմանալու, ափսոսալու ու ծունկ ծեծելու։
Իսկ եթէ... դե՛հ, այս բոլորին հակառակը կրկնելու պէտք չկայ։ Սակայն, կարելի՞ է արդեօք երբեւիցէ դիտել հարցերը պարզ աչքերով, չնախատրամադրուած, չնախապաշարուած։
Դժուար է գուցէ, սակայն ոչ անկարելի, մասնաւորաբար երբ կը մնաս, կ՚ապրի՛ս շրջան մը ու կը սկսիս տեսնել բաները իրենց իսկական գոյներով, ձեւերով ու ծաւալով։
Ֆրանսացիները հետաքրքրական առականման պատմութիւն մը ունին։ Մէկը իր ընկերոջ մօտենալով կ՚ըսէ, թէ հսկայ թռչուն մը նստած է Էյֆելի աշտարակին վրայ ու թեւերով ծածկած զայն։ Ընկերը «երթանք տեսնենք» կ՚ըսէ... Այս է ամբողջ պատմութիւնը։ Մարդը ոչ կը հաւատայ, ոչ ալ ընկերոջ «սուտ ես» կ՚ըսէ, այլՙ երթանք տեսնենք։
Մեզմէ քանինե՞րը այսպէս կ՚ընեն, շատ քիչեր. իսկ մնացեալը անպայման կ՚իյնան ազդեցութիւններու տակ ու իրենց կողմէ ալ քիչ մը ստեղծագործական համեմունքներ աւելցնելով, մէջտեղ կը բերեն այնպիսի նախատրամադրութիւն, որ ի չգոյէ կրնան այդ թռչունը տեսնել Էյֆելի աշտարակին վրայ։
«Ալոն վուար», երթանք տեսնենք։ Ինչո՞ւ անպայման յենիլ ասոր-անոր կարծիքին վրայ։ Լաւ չըլլա՞ր որ մարդ անկախ ամէն տեսակի ազդեցութիւններէ, բոլոր գունաւոր ու անգոյն ակնոցները դէն շպրտելով, գայ, ապրի ու տեսնէ, թէ թագաւորը մե՞րկ է, թէ՞ զգեստաւորուած։
Մարդ երբ անկեղծ կ՚ըլլայ ինք իր անձին հետ, անխուսափելիօրէն կրնայ իրականութիւնները տեսնել ինչպէս որ են, կողք-կողքի սեւն ու ճերմակը, քաղցրն ու դառնը, չարն ու բարին։
Եթէ խորհրդային շրջանին, բոլոր խորհրդային երկիրներուն նման, խորհրդային մամլիչին տակէն անցնելով, չափուած-ձեւուած ու կաղապարուած էր ամէն ինչ, միօրինակ, նոյնանման... Ապա այսօր, սովետականի փլատակներուն ու անոր մնացորդացին վրայ, անծայրածիր տօնավաճառի մը տեսքն ունի Հայաստանը, իր խայտաբղէտութեամբ, զանազանութիւններով ու ծայրայեղութիւններով։ Ոչինչ կայ դասաւորուած, դասական, գեղեցիկին քով, իր տգեղութեամբ ճչացողՙ նորը։ Զուսպ, լուրջ ու կոճկուածին քով, անզուսպ, անլուրջ ու թափթփածը։ Իսկական բազար...
Օփերայի սրահը, որ միայն բարձրորակ արուեստի գործերու սահմանուած էր ու պէտք է ըլլար նաեւ հիմա, այսօր ով ուզէ վարձքով կ՚առնէ եւ ուզածը կը ցուցադրէ։ Դրամը տալէդ ետք, ինչ կ՚ուզես ըրէ։ Հապա դիմացի հրապարա՞կը, ուր բացօթեայ, աշխարհի ամենատգեղ բեմը սարքեցին ամրան ու աշխարհը թնդացնելով 1700-ամեակ տօնեցին...
Տասնեակներով ծանուցումներ իրար կը հրմշտկեն Օփերայի մայթին վրայ. ալ թատրոն ու նուագահանդէս, ալ երգչախումբ ու ցուցահանդէս, բոլոր ճաշակները գոհացնող ինչ-ինչ միջոցառումներ։
Մէկՙ Միլանոյի «Լա Սքալա»-ն է բեմին վրայ, մէկՙ թխածոյ նիւթերով յագեցած համերգային ծրագիր մը։ Մերթ եօթ հազար հանդիսատես կ՚ողողէ Կ. Դեմիրճեանի անուան համալիրի սրահը երգահանդէսի մը առթիւ, մերթ, հազիւ յիսնեակ մը մարդիկ կը հաւաքուին սրահի մը մէջ, գրողի մը յոբելեանը նշելու, կամ նորատիպ գիրքի մը շնորհանդէսին ներկայ ըլլալու։
Քաղաքի կեդրոնական թաղամասերը կը վխտան կազինօ-խաղատուներով, ուր մարդիկ դոլար կը թափեն, իսկ մայթերու վրայ մուրացկաններ, որ անցորդներուն ձեռք կը պարզեն կամ աղբակոյտերը կը քրքրեն։
Ամենաշքեղ, համաշխարհային վաճառանիշի ապրանքներով լեցուն ցուցափեղկեր ու բացօթեայ «եարմրքաներ» (տօնավաճառներ)։
Փողոցը, երիտասարդներու բերնին մէջ խաչ հանուող հայերէնանման, որձեւէգ լեզուի կողքին, հեռատեսիլային յատուկ ծրագիրՙ յանուն լեզուի մաքրման ու անաղարտ պահպանման։
Ո՞րը թուես, ո՞րը զանց առնես։
Բայց վերջապէսՙ երկիրը լքողներու կողքին, դիմացող, մնացող, յամառօրէն երկրին կառչած մարդիկ եւ ոչ միայն սովորական մարդիկ, այլՙ Սիլվա Կապուտիկեաններ ու Գրիգոր Գուրզադեաններ, Յովհ. Չեքիճեաններ ու Յակոբ Յակոբեաններ, Սօս Սարգսեաններ ու Ռոպերթ Ամիրխանեաններ, Հրանդ Մաթեւոսեաններ, Աղասի Այվազեաններ ու Կարպիս Սուրէնեաններ...
Չէ, նախապաշարուած մի գար Հայաստան։
Ոչ գրիչդ բանեցուր ու թերութիւնները արձանագրե, ոչ ալ ժամերուդ բանեցուր ու այս «դրախտը» գերգնահատէ։ Եթէ սրտցաւ հայ ես, եկուր, տես լաւն ու գեշը ու թեւերդ սոթթելով փորձէ բան մը փոխել, բան մը ուղղել, բան մը աւելցնել։
Հայաստանը մտահոգ մարդոց պէտք ունի հիմա, ձրի մունետիկներէն կշտացեր է այլեւս։
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԵԼԵԱՆ