Քանի որ չափանիշները սովորաբար առկայ կ՚ըլլան պրոֆեսիոնալիզմի պայմաններուն մէջ, ապա ուրեմն սփիւռքահայ մեր սիրողական մշակութային ձեռնարկներու պարագային չափանիշները, եթէ ոչ միշտ, ապա յաճախ կը խախտին։
Յստակեցնեմ։ Առնենք թատերական ներկայացում մը, ուր ամբողջ խումբը կազմուած է ամաթէօր դերակատար-դերակատարուհիներէ։ Ելոյթներէն ետք, պատահական «թղթակից» մը, ի բացակայութեան մասնագէտ թատերաքննադատի, կը փորձէ լրատւութեան զուգահեռ, տալ նաեւ գնահատանք մը տուեալ գործին։
Այստեղ, գեղարուեստական ըմբռնումի, մասնագիտական մօտեցումի ու առարկայական քննարկումի ոչ մէկ օրէնք կը յարգուի, եւ բնական է, որ չափանիշերու խախտումներ ըլլան. աւելի ճիշտՙ չափանիշներու լրիւ անտեսում, քանի որ, թէ՛ մէկ կողմէ սիրողականներու զոհաբերութեան գնահատանքի սիրոյն, թէ ալ միւս կողմէ «թղթակից»-ի ոչ մասնագէտ ըլլալուն պատճառաւ, տրուած գնահատականները չեն համապատասխաներ գործի իսկական որակին։
Մենք վարժ ենք ու ներողամիտ աչքով կը նայինք այս բոլորին, միշտ ալ փափաքելով, որ օր մը թօթափելով խանգարող ազդակները, հասնինք ցանկալի մակարդակի։
Այս բոլորը հասկնալի են Սփիւռքի պայմաններուն մեջ։ Սակայն որ այսօրինակ վիճակներ պարզուին նաեւ հայրենիքի պարագային, ասիկա՛ հասկնալի չէ։
Օրէն այստեղ ամէն ինչ արհեստավարժական մակարդակով է, ու պրոֆեսիոնալիզմի չափանիշներն են ամէն երեւոյթի «ջերմաստիճանը» տնօրինողները, ի մասնաւորի, գրականութեան ու գեղարուեստի բնագաւառներուն մէջ, կամՙ այդպէս պէտք է ըլլան։
Սակայն թէ անցեալին եղած են ու թէ ներկայիս կը շարունակուին ըլլալ այնպիսի խախտումներ, որոնք ակամայ կը մտահոգեն մեզ ու մեր նման բոլոր սրտցաւ մարդիկը։
Սոյն գրութեանս տուն տուող գլխաւոր պատճառը վերջերս Երեւանի մեջ ներկայացուած թատերական գործ մըն էր, բաւական անմակարդակ բեմադրութեամբ, եւ ներկայացումէն մէկ-երկու շաբաթ ետք քաղաքի թերթերէն մէկուն մէջ ծանօթ թատերաքննադատի մը ստորագրութեամբ լորցնաշուրթն գովաբանութիւնը այդ գործին, ուր չէին խնայուած որակական ածականները։
Ես, որպէս երկար տարիներ թատրոնին առնչուած մարդ հասած եմ այնտեղ, ուր ձախողն ու յաջողը, վատն ու լաւը կրնամ զանազանել, այնպէս որ ակամայ ընդվզում մը կ՚ապրիմ, երբ այսօրինակ անարդարութիւններու կը հանդիպիմ։
Կ՚ընդվզիմ ու կը ցաւիմ անկեղծութեան ու արդարութեան հաշւոյն։ «Հաստն ու բարակը մէկ գին»-ով քշողներու դէմ։ (Անունները զանց կ՚ընեմ, քանի որ նպատակս անհատներ քննադատելէ աւելի, ախտավարակ երեւոյթ մը դարմանելու ճիգն է)։
Հրապարակը լեցուած է միջակութիւններով, նոյնիսկՙ միջակութենէ վատ գործերով, բայց գրիչ շարժող չկայ։
Ո՞ւր են երբեմնի այդ քաջարի գրչի ասպետները, որոնք իրենց ըսելիքը փամփուշտի պէս կ՚արձակէին ու երկիրը կը շահէր, մեր մշակոյթը կը շահէր։
Գիտեմ, որ պատճառներ շատ կան զիրենք յուսահատութեան մղելու, սակայն նաեւ գիտեմ, որ երկիրը իր առողջութիւնը վերագտնելու համար պէտք ունի իրենց, այլապես միջակութեանց թագաւորութիւնը կը դառնայ բնական երեւոյթ ու անհնար կը դառնայ թոթափել զայն ապագային։
Ժամանակին հայրենի ակնառու գրող մը, սփիւռքահայ կին գրողի մը բաւական համեստ պատմուածքներուն համար, շատ հաւանաբար կնոջ հաճոյանալու սիրոյն «Ձեր պատմուածքների մէջ Դոստոեւսկու շունչը կայ...», գրած է։ Կինը, որ աւելի անկեղծ էր, քան իրեն այդ պատիւը շնորհող գրողը, իրար անցած Դոստոեւսկիի գործերը կը փնտրէ կարդալու համար, որպէսզի տեսնէ, թէ այդ ինչ շունչ է... Դոստոեւսկի՛, գոնէ աւելի համեստ գրողի մը նմանեցնէիր, մարդ Աստուծոյ...
Ափսոս, այսպիսի բաներ կրնան հաճոյացնել մէկը, սակայն կրնան նաեւ շուք ձգել չափանիշները խախտողի ամբողջ վաստակին վրայ ու կասկածանքի մթնոլորտ մը ստեղծել, որու պղտորութեան մէջ ոչինչ կարելի է զանազանել։
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ