«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#93, 2002-05-22 | #94, 2002-05-23 | #95, 2002-05-24


ՅԱՐԳԱՐԺԱՆ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԻՎՆ

«Ազգ» թերթի 093 համարին (05.22.2002) մէջ Թամար Յովհաննիսեանի ստորագրութեամբ յօդուած մը լոյս տեսած է Հալէպի Հ.Ե.Ը.-ի «Սպենդիարեան» երգչախումբի մասին, ուր տեղ գտած են որոշ անճիշտ տեղեկութիւններ։

Անհրաժեշտ կը գտնեմ ընել հետեւեալ լուսաբանումներըՙ խուսափելու համար որեւէ թիւրիմացութենէ։

«Սպենդիարեան» երգչախումբի հետ բնաւ չեն աշխատած Խորէն Մէյխանաջեան եւ Ջէյմս Գյոզալեան, ինչպէս կը նշէ յօդուածագիրը (Խ. Մէյխանաջեան աշխատած է Հալէպի «Զուարթնոց» երգչախումբին հետ)։

Հայրենի խմբավարներէն «Սպենդիարեան» երգչախումբին հետ աշխատած են Ռոպերթ Ամիրխանեան (մէկ տարի) եւ Ժիրայր Ալթունեան (7 տարի), որուն անունը բնաւ չէ յիշատակուած։ Իսկ երգչախումբը ոչ թէ 30 տարուան, այլ յիսնամեայ կեանք ունի։

Շնորհակալութեամբ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ, Նախկին ատենապետ, Հալէպի Հ.Ե.Ը.-ի Գործադիր մարմնի


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4