«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#126, 2002-07-09 | #127, 2002-07-10 | #128, 2002-07-11


ԵՏՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐՅԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ

Եկայ, տեսայ ու շշմեցայ...

Աւարտեցաւ Գրողներու համահայկական առաջին խորհրդաժողովը։

Ինչեր ալ ըսուին, երեւոյթը դրական էր եւ լաւատեսութեամբ զինեց մասնակիցներն ու յոյս ներշնչեց, որ յաջորդն ու յաջորդները անկասկած աւելի լաւ կրնան ըլլալ։

Մամուլը ոչ սպառիչ, սակայն բաւական լայն անդրադարձ ունեցաւ, մասնաւորաբար անոր դրական երեսները մատնանշելով ու գնահատելով։

Ես ոչ դրական, ոչ ալ բացասական երեւոյթներուն ու արդիւնքներուն պիտի անդրադառնամ։ Կանգ պիտի չառնեմ որոշ իրավիճակներ քննարկելու, ինչպէս օրինակՙ խորհրդաժողովը իր հրաւիրած պատգամաւորներով արդարացուցած եղա՞ւ իր «համահայկական» որակումը։ Կամ, ինչո՞վ կը բացատրուէր երիտասարդ գրողներու ակնբախ բացակայութիւնը, կամ շատ մը վաւերական դէմքերու բացակայութիւնն ու ներկայութիւնը բաւական համեստ գրողներու։

Ասոնք մեծ խնդիրներ են, որոնց մասին կողմնակի խօսակցութիւններ եղան, եթէ ոչ ճակատային, ու վստահ եմ լրջօրէն կը քննարկուին ապագային։

Բայց անպայման պիտի անդրադառնամ մանր, գուցէ աննշան թուացող թերութիւններու, որոնք կրնան տեսողութենէ վրիպիլ սովորական շրջանակներու մէջ, սակայն չեն կրնար լուսարձակի տակ չառնուիլ մտաւորականներու շրջանակին մէջ։

Խօսքս խորհրդաժողովի բացման հանդիսութեան մասին է եւ անոր յաջորդող միւս հանդիսութիւններուն։

Տարրական քաղաքավարութիւնը կը պահանջէ, որ երբ բեմի վրայ գեղարուեստական ելոյթ կայՙ երգ, նուագ, ասմունք եւն, հանդիսատեսը լուռ մտիկ ընէ, ու եթէ անհրաժեշտաբար սրահէն դուրս պիտի ելլէ, սպասէ մինչեւ տուեալ համարի աւարտը ու աննկատօրէն սպրդի դուրս, առանց դոյզն աղմուկի։

Բայց ինչ էր մեր տեսածը, ասոր ճիշդ հակառակը։ Բեմին վրայ, մին միւսին կը յաջորդէին արուեստագէտներու ընտրանի մը, գերազանց կատարողութեամբ, սակայն մեր գրողներէն շատեր, ելոյթի ընթացքին, ամենայն հանգստութեամբ եւ անտարբերութեամբ կը ձգէին իրենց աթոռներն ու դուրս կ՚ելլէին դուռը շրխկացնելով։ Եւ ասիկա ոչ թէ մէկ կամ երկու, այլ քսան անգամ կրկնուեցաւ, որոշ ներկաներու մէջ ահաւոր տպաւորութիւն ստեղծելով։

Կը զարմանաս. այս «կուլտուրական» մարդիկը նուազագոյն շրջահայացութիւնը չունի՞ն այս տգեղ կացութիւնը չստեղծելու համար։

Ու դեռ որքա՜ն կողմնակի խօսակցութիւններ։ Կարեւոր չէ, թէ բեմին վրայ զեկոյց կը կարդացուի, գեղարուեստական համար մը կը կատարուի, թէ նախարար մը ելոյթ կ՚ունենայ, անդին ծանօթ գրող մը, ասդին անուանի գրագէտ մը, քիչ մը անդին ուրիշ մը, ծրագրի ամբողջ տեւողութեան միմիայն կը խօսին իրենց կողքիններուն հետ ու կ՚աղմկեն, լրիւ անտեսելով ոչ միայն բեմը, այլեւ ներկաներէն շատեր, որոնք լուռ կը հետեւին։

Մեր գրողներուն այսքան աղմկարար ըլլալը դեռ չէի գիտեր։

Աւելի առաջ չերթամ եւ այլ որակումներ խնայեմ։

Չէի գիտեր, բայց եկայ, տեսայ ու շշմեցայ...

Յ. ՄԻՔԱՅէԼԵԱՆ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4