Մեծայարգ նախագահ.
Մեծ գոհունակութեամբ եւ ուրախութեամբ հետեւեցանք Արցախի նախագահական ընտրութեանց եւ ստացուած արդիւնքին։
Արտասահմանէն Արցախ ժամանած բոլոր օտար դիտորդները գնահատանքով արտայայտուեցան ընտրութեանց ընթացքին եւ օրինակելի յայտարարեցին ժողովուրդին եւ իշխանութեանց օրինապահութիւնը եւ գործընթացին ամբողջական թափանցիկութիւնը։
Ժողովուրդը գրեթէ միահամուր գնահատեց Ձեր նուիրումը Արցախի դատին ու երկրի բարօրութեան համար Ձեր անձնուէր ճիգերը։
Մենք եւս ամբողջապէս Ձեզի հետ ուզեցինք ըլլալ այս ընտրական շրջանին եւ մեր ամբողջ կազմակերպչական կառոյցներով ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեզ ու մեր ժողովուրդը, որ գիտցաւ ճիշդ դիրքորոշուիլ Արցախի անկախութեան ճանապարհին այս ճակատագրական օրերուն։
Ջերմագին շնորհաւորութիւններ եւ ամբողջական յաջողութեան մաղթանքներ Ձեզի ու Ձեր իշխանութեան։
ՀԱՅԿԱՇԷՆ ՈՒԶՈՒՆԵԱՆ, Նախագահ Ռամկավար Ազատական կուսակցության