1969-ին, «The Who» rock խումբի անդամներէն Pete Townshend-ի յօրինմամբ լոյս աշխարհ կ՚ուգայ «Tommy» անունով առաջին rock opera-ն, որմէ քիչ յետոյ հրապարակ կ՚ուգայ «Jesus Christ Super Star» rock opera-ն, խօսքերը Tim Rice-ի եւ երաժշտութիւնը Andrew Lloyd Webber-ի, որ ձայնապնակէն յետոյ հոկտեմբեր 12, 1971-էն սկսելով 711 ներկայացումներ կ՚ունենայ Նիւ Եորք քաղաքի Broadway-ի Mark Hellinger թատրոնին մէջ։ Ու, անկէ յետոյ, կը վերածուի հեռուստատեսային ժապաւէնի, շարժանկարի եւ այս օրերուն կրկին վերադարձած է Broadway։ Վահէ Հայրապետեանի «ՑԱՅԳԱԼՈՅՍ»-ը իր երաժշտալեզուովը այս rock opera տեսակին կը պատկանի։
Ասիկա մեծապէս գնահատելի ստեղծագործութիւն է։ Թէեւ համաշխարհային աստիճանի վրայ նոր չափանիշ չի հաստատեր որպէս նոր տեսակի օպերա, եւ անպայմանօրէն կրնայ գրաւել իր յարգելի տեղը, հայկական կամ ազգային աստիճանի վրայ, սակայն դէպի յառաջ առնուած մեծ եւ նշանակալի քայլ մըն է։
Այսօրուան Հայաստանի երաժշտական կեանքը, որ նոր յաղթահարումներու որոնման ընթացքի մէջ կը գտնուի, «ՑԱՅԳԱԼՈՅՍ»-ը անտարակոյս պէտք է նկատել դրական ու ծափահարելի արդիւնք, ի մասնաւորի օպերա երաժշտատեսակին մէջ, ուր բաւականին ետ մնացած ենք։ Այսպիսի յանդուգն եւ նորարարական ստեղծագործութիւններով կարելի պիտի ըլլայ քայլ պահել արդի համաշխարհային երաժշտութեան հետ։ Այլ խօսքով, համաշխարհայնացումի այս դարուն պէտք է կարենալ լողալ եւ ոչ թէ ընկղմիլ։
Պատմութիւնը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի մէջ Քրիստոսի ժամանակ եւ կվերաբերի քրիստոնեութեան ցայգալոյսին, հայոց Աբգար թագաւորի ժամանակներուն։
Առաջին իսկ հերթին ըսեմ, որ մեծ արհեստավարժութեամբ եւ բծախնդիր ոճական հարազատութեամբ կատարուած գործ է։
Թէեւ երաժշտութիւնը rock-ի ոճով կ՚ընթանայ առհասարակ, այդուամենայնիւ կան այլ ուշագրաւ ոճային ազդեցութիւններ եւս, որոնք գործը վերածած են հետաքրքրութեամբ լեցուն հարուստ երկի։
Երաժշտական հնչողութեան տեսակէտով աւելի Brodway show-ի musical-ներու նման է։
Վահէ Հայրապետեան գեղեցկօրէն միահիւսած է երգայինն ու արտասանականը, դասականն ու արդիականը, ժողովրդականն ու մասնագիտականը, ազգայինն ու միջազգայինը։
Մեծ ճարտարութեամբ եւ հնարամտութեամբ, rock-ի ոճային սկզբունքներու վրայ հիմնուած տրամաբանութեամբ մը, երաժշտութիւն եւ խօսք ագուցուած եւ զօդուած են։
«ՑԱՅԳԱԼՈՅՍ»-ի բնագրի լեզուն շատ պարզ, անսեթեւեթ, հասկնալի եւ մեկին ըլլալով հանդերձ, շնորհիւ կատարողներու առոգանական (diction) յստակութեան, ան առաւել եւս դիւրահաղորդ եւ դիւրըմբռնելի կը դառնայ։
Երգիչները վարպետութեամբ եւ յաջողութեամբ rock-ային երգելու ոճն ու անոր յատուկ հնչական արտաբերումները կիրարկելով կը կատարեն իրենց յանձնուած բաժինները։
Նուագը կը հայթայթուի էլեկտրական ձայնի կազմերով (միաձուլիչ, ստեղնաշար- cynthesizer, keyboard) եւ այլն։
Տրուած ըլլալով, որ տրամադրութեանս տակ եղածը օպերայի ձայներիզն է միայն, պիտի չկարողանամ արտայատուիլ բեմադրութեան, խաղարկութեան, տեսարաններու յարդարման, լուսախաղերու, պարերու ու անոնց choreography-ի եւ զգեստներու մասին։
Գործը արարներու չէ բաժնուած։ Որպէս մէկ ամբողջութիւն 60 րոպէի մէջ կը ներկայացուի լրիւ օպերան։
Ասկէ յետոյ, արագ ակնարկ մը նետելով գործի մարմնին վրայ, կ՚ուզեմ երաժշտական մի քանի ուշադրութեան արժանի կէտերու ու երեւոյթներու նշումներով աւարտել յօդուածս։
Ստէնտորեան ձայնով արտասանուած «Փա՜ռք ձեզ, աստուածներ Հայոց աշխարհի»-ով կը սկսին Նաւասարդեան հանդիսութիւնները։
Տպաւորիչ վայելչութեամբ ու կշռութականութեամբ կատարուած աստուածներուն ուղղուած աղօթքը կը լսուի թեթեւ երաժշտական յետնախորքով մը։
Նաւասարդեան տօնախմբութեանց այս պատկերին մէջ շատ տեղին եւ իմաստալից օգտագործուած են քրմապետին ու երգչախումբին (որ շատ հաւանաբար ժողովուրդը կը ներկայացնէ) փոխերգութեան կամ փոխասացութեան ընթացքին զանազան ոճեր եւ տեսակներ (genre)։
Յաջորդ մասին մէջ, որ պարային տեսարան մըն է, կը լսուի հարուածային բաժինը իր ճոխ ու հարուստ, բազմապիսի կշռութային զարկերով, որուն առաջին հատուածին վերջաւորութեան միաձուլիչով կը ներկայացուի մեղեդային կարճ գիծ մը։ Ապա հարուածային զարկերուն վրայ կը բարդուի սրինգի մեղեդային գիծ մը կտրատումներով ու անջատումներովՙ staccato-ով եւ մերթ ընդ մերթ կը ներարկուի «Սոնա եար»-էն առնուած տարրեր։ Այստեղ գեղեցիկ իմն ընդելուզուած են հայկական ժողովրդական ու համամարդկային երաժշտութեան կշռութային զարկեր։ Յաջորդող պարը ժողովրդական «Հոպ շուրմա» խմբերգ-պարերգն է, որ այնքան յարմարած է շրջանակին։ Սքանչելի մշակում մըն է թեթեւ rock-ի հպումով, բայց շեշտը դրուածՙ աւանդականին վրայ։
Ասկէ ետք կու գայ այն մեծ բաժինը, ուր տրաման տեղի կ՚ունենայ յոգնած թագաւորին, քարտուղարին, զօրապետին եւ Բարթուղիմէոս առաքեալին միջեւ։ Հոս կը տեսնուի դասական օպերային ձեւը շաղախուած արդի երաժշտութեան rock-ի եւ Broadway show-ի երաժշտական ձեւերուն հետ։
Այս գործի յաջողութեան ազդակներէն մին պէտք է նկատել հեղինակին ունեցած խոր ծանօթութիւնը ազգային երաժշտութեան (աշխարհիկ-հոգեւոր) ակունքներուն ու տեղին օգտագործումը անոնց։
Մինչեւ այստեղ Հայրապետեան յարմար պարագաներու հմտալից կերպով օգտագործած է աշխարհիկ-ժողովրդական երաժշտութիւնը որպէս ատաղձ եւ հիմնանիւթ։ Իսկ ասկէ յետոյ, երբ նիւթը կ՚առնչուի Քրիստոսին, Թադէոս եւ Բարթուղիմէոս առաքեալներուն հետ, քրիստոնէութեան քարոզչութեան հետ հեղինակը մեծ հնարամտութեամբ կ՚օգտագործէ այս անգամ միջնադարեան հոգեւոր երաժշտութիւնը։ Այսպէս, թագաւորը իր տեսած երազը կը պատմէ կոմիտասեան Պատարագէն առնուած տարրերով կազմուած երաժշտութեամբ մը։
ԳՐԻԳՈՐ ՓԻՏԵՃԵԱՆ, Երաժշտագէտ, Լոս Անջելես