«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#188, 2002-10-17 | #189, 2002-10-18 | #190, 2002-10-19


ՌԱԿ ԿԵՆՏՐ. ՎԱՐՉՈՒԹՅԱՆ ՈՂՋՈՒՅՆԻ ԳԻՐԸ ՀՌԱԿ XI ՊԱՏԳԱՄԱՎՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Մայր դիւան, պատգամաւորներ եւ մասնակիցներ Հայաստանի Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Տասնեւմէկերորդ Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովի,

Երեւան.

Սիրելի ընկերներ,

Կ՚ողջունենք Հայաստանի Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան 11-րդ Ընդհանուր պատգամաւորական ժողովը, որ կը գումարուի նոր հանգրուանի մը սեմին թէ՛ մարդկային եւ թէ՛ ազգային առումներով։ Արդարեւ, ռամկավար մտածողութիւնը արդէն իսկ հիմնաւորած է իր արձանագրած յաղթանակը, եւ մարդկութիւնը տակաւ առ տակաւ կը թօթափէ այլ գաղափարախօսութիւններ, որոնք զինք առաջնորդած են անցեալին։ Ազգային առումով եւս հետզհետէ կ՛արմատաւորուի այդ մտածողութիւնը, շնորհիւ այն շնորհակալ աշխատանքին, զոր կը տանի հայրենի մեր իշխանութիւնը հետեւողական ձեւով եւ համոզումով։

Այդ բոլորին դիմաց, համոզուած ենք, թէ այսօրուան իր ստանձնած օգտաշատ դերակատարութենէն աւելի մեծ եւ հիմնական դեր մը վերապահուած է ՀՌԱԿ-ինՙ ժողովրդավար Հայաստանէն ներս։ Այդ մէկը կարելի է յանձն առնել հաւաքական աշխատանքով հայրենի մեր նուիրեալ ընկերուհիներուն եւ ընկերներուն, որոնց համախմբումով հզօր է այսօր ՀՌԱԿ-ը, ի հեճուկս բոլոր այն ոչ բարենպաստ պայմաններուն, զորս ստեղծողները կը նպատակադրէին տկար եւ լուսանցքային պահել զինք։

Մեկնելով այս համոզումէն, մենք համոզուած ենք, թէ այս ժողովը իր որոշումներով պիտի յաջողի դրական անկիւնադարձ մը պարգեւել ՀՌԱԿ-ին եւ հետեւաբարՙ ճամբայ պիտի հարթէ ակնկալուած իրագործումներու համար, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Հայաստանի քաղաքական կեանքէն ներս ՀՌԱԿ-ին ուժեղ ներկայութիւնը գործնականացնելու առումով։

Սիրելի ընկերներ,

Լաւագոյնին ակնկալութեամբ կ՚ողջունենք Ձեզ եւ Ձեր միջոցաւ հայրենի մեր հարազատները, մասնաւորելով հայրենի պետական այրերըՙ գլխաւորութեամբ Ն.Վ. նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի։

Ձեր ժողովին կը ցանկանք յաջող ընթացք, իսկ Ձեզի կը մաղթենք ամենայն բարիք։

Ընկերական ջերմագին ողջոյններով,

ի դիմացՙ

Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան

Ատենադպիրՙ ԱՐՏԱՒԱԶԴ ՄԵԼՔԻՍԷԹԵԱՆ
Ատենապետՙ ՅԱԿՈԲ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4