Ստորեւ, հակառակ ակներեւ մի շարք հակասություններինՙ առայժմ առանց մեկնաբանության հրատարակում ենք Պոլսո հայոց պատրիարքարանի ինտերնետային էջում հրապարակված հաղորդագրությունը, որտեղ պաշտոնական բացատրություն է տրվում դեկտեմբեր ամսին Թուրքիայի Եվրամիություն ընդունվելու ուղղությամբ Մեսրոպ արք. Մութաֆյանի եվրոպական երկրներում նախաձեռնած «բարեխոսական» այցին եւ դրան հաջորդած հայկական մամուլում հնչած քննադատական հրապարակումների վերաբերյալ։ Ինչպես հիշում է մեր ընթերցողը, «Ազգ»-ը զուսպ կերպով քննադատել էր պատրիարք հոր այդ նախաձեռնության քաղաքական նպատակահարմարությունը։
Կարգ մը խմբակներ, որոնք «կը պնդեն թէ սփիւռքահայութիւնը կը ներկայացնեն», հրապարակած են հաղորդագրութիւններ, որոնցմով հարցականներ կը ստեղծեն այս շրջապտոյտին մասին։ Այս խմբակներէն ոմանց ներկայացուցիչները հանդիպած են պատրիարքին եւ երբեմն քաղաքավարութեան սահմաններն ալ անցնելով, պարզած են քննադատական իրենց տեսակէտները։ Պատրիարք հայրը այս հակազդեցութիւններուն պատասխանած է «Յառաջ» թերթի խմբագիրներէն Արփի Թոթոյեանի հետ կատարուած հարցազրոյցի ընթացքին։ Ինչպէս որ դիտել տուած է այդ հարցազրոյցին մէջ.
1. Պատրիարք հայրը այս շրջապտոյտը ըրած է համայնքային մարմիններու եւ իր խորհրդականներուն փափաքով։ Համայնքին ներկայացուցիչներն են, որ Պատրիարքէն խնդրած են, որ համայնքին զգացումներէն տեղեակ պահուին արտասահմանի շրջանակները։ Պատրիարք հայրը, որ համայնքին կողմէ ընտրուած է, միշտ շփման մէջ է թէ՛ հոգեւորականներու, թէ՛ աշխարհականներու հետ։ Պատրիարք հայրը ամէն ամիս զրոյցի ժողովներ կը գումարէ իր ժողովուրդին հետ, երբեմն ալ խորհրդակցական ընդլայնուած նիստեր կը կազմակերպէ եւ տեղեակ կը դառնայ համայքին փափաքներուն ու ակնկալութիւններուն։
2. Պատրիարք հայրը նախապէս իմաց տուած էր որ փափաքող աշխարհականները կրնան մասնակցիլ այս շրջապտոյտին, բայց պաշտօնական կամ անպաշտօն ոեւէ մէկը այդ ուղղութեամբ դիմում չէ կատարած։
3. Պատրիարք հօր օտար ղեկավարներու հետ զրոյցները կեդրոնացած են միայն այն ակնկալութիւններուն վրայ, զորս Թուրքիա ունի Եւրամիութենէն։ Արդէն ասոնք էին, որ շրջապտոյտին նպատակը կը կազմէին։ Այս հանգրուանին պատրիարք հայրը «անժամանակ եւ անտեղի» նկատած է օրակարգի բերել նաեւ Թուրքիոյ հայոց զանազան հարցերը։ Միւս կողմէ, Եւրամիութեան յանձնաժողովի անդամները գրեթէ բոլոր տեսակցութիւններու ընթացքին միշտ պատրիարքին առջեւ դրած են Թուրքիոյ հայերուն կացութեան մասին ցանկ մը, որ կ՚երեւի թէ պատրաստուած է Թուրքիոյ մէջ ապրող լրագրողի մը հետ միասնաբար։ Պատրիարք հայրը միշտ դիտել տուած է, որ հայ համայնքի խնդիրներուն մասին խորհրդակցութիւններ կը կատարուին պետութեան հետ։
4. Պատրիարք հայրը միշտ դիտել տուած է, որ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները անհանգիստ են Եւրախորհրդարանի կողմէ Թուրքիա-Եւրամիութիւն յարաբերութիւններու մէջ կրօնական տարբերութեան մը ընդգծումէն։ Եւրամիութեան պահպանողական շրջանակներու կողմէ կատարուած այս շեշտադրումը արուեստական է, անկեղծ չէ, եւ կը գործածուի ուրիշ խնդիրներ քօղարկելու համար։ Բուն հարցը կը կայանայ Թուրքիոյ բնակչութեան բարձր թիւին ու տնտեսական հարցերուն մէջ։ Յայտնի է, թէ Թուրքիոյ մահմետականները ինչպիսի զգացումներով է, որ պիտի նային Արեւմուտքին, եթէ Արեւմուտքը շարունակէ հրահրել մահմետական-քրիստոնեայ տարբերութիւնը։
Պատրիարք հայրը, բազմաթիւ քրիստոնեայ ու մահմետական կրօնաւորներու նման, տարիներէ ի վեր ճիգ կը թափէ միջկրօնական երկխօսութեան մը ի նպաստ։ Այս պատճառաւ է, որ պատրիարք հայրը վճռական կերպով կ՚ընդգծէ, թէ կրօնքը պէտք չէ իբր նախապայման գործածուի միջազգային քաղաքականութեան մէջ, թէ ատիկա ալ աւելի պիտի խորացնէ մարդոց միջեւ խտրականութիւնը եւ պիտի ստեղծէ անհաճոյ կացութիւններ։