«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#46, 2003-03-11 | #47, 2003-03-12 | #48, 2003-03-13


ՀԱՐԻՎՐԱՄԵԱԿՙ ՅԱԿՈԲ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆԻ

Յակոբ Ասատուրեան։ Մարմնացումՙ վերապրումի։ Տիպարՙ ինքնակերտումի։ Նշանակՙ նուիրումի հայ գրականութեան եւ երաժշտութեան։

Ջարդէն մազապուրծ, դառն յիշատակներով լեցուն, անապատներու եւ որբանոցներու մէջ քաշքշուած մանկութիւն մը ունեցող պատանի մըՙ բախտը ի վերջոյ կը նետէ զինք Ամերիկա, ուր կեանքը կ՚ունենայ գլխաւորաբար երկու բաժին։ Առաջինըՙ դժուարին պայմաններու տակ ապահովել օրապահիկ մը. եւ երկրորդըՙ ինքնաշխատութեամբ սորվիլ մայրենի լեզուին նրբութիւնները եւ այդ լեզուով ալ մշակել գրականութիւն եւ նուիրուիլ հայ երաժշտութեան։ Եւ տակաւի՛ն լաւագոյնս յաջողիլ յաջողիլ եւ գերազանցել երկու մարզերուն մէջ ալ։

Ո՛չ, առասպել մը չէ ասիկա։ Իրակա՛ն կեանք։ Կեանքը Յակոբ Ասատուրեանին։

«Ապրուած կեանքը վազան ջուրի նման է. երբեմն ջինջ, երբեմն պղտոր։ Իմ սերունդիս կեանքը դժբախտաբար, զուարթ հարսանիք մը չեղաւ։ Իրեն բաժին ինկածը, իր ապրումները խմորողըՙ պղտոր ջուրերն եղան կեանքի»։

Յ. Ա.

13 հատոր լեցնող ստեղծագործական պատկառելի աշխատանքին կողքին, ան նաեւ ժամանակ գտած է երգելու հայ բեմերու վրայ, Ամերիկայի Արեւելեան ափի զանազան քաղաքներու մէջ, Նիւ Եորքէն մինչեւ Պոստոն։ «...պատանեկան տարիքիս Ամերիկա եկած առաջին օրերէս տեղական յորձանքին խառնուելու փոխարէն, մի՛շտ երգեցի հայերէն։ Ահա անցաւ քառասուն տարին, ամէն հանդիսաւոր առիթով ո՛ւր որ կանչուեցայՙ անխտիր երգեցի հայերէն ամէն բեմէ»։

Ահա՛ այս մտաւորականին, բանաստեղծին, վիպագիրին, երաժշտագէտին, հայու աննկուն կամքը ներկայացնող մարդուն, իր ազգին ազնիւ ու հաւատարիմ զաւակին, ամերիկահայ գրականութեան նահապետ Յակոբ Ասատուրեանին արդիւնաբերութեամբ բեղուն կեանքին 100-րդ տարեդարձն էր, որ կը նշուէր մարտի 2-ին, Նյու Ջերսիի Ս. Թովմաս Հայց. եկեղեցւոյ սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան։

Երեկոն սկսաւ ԹՄՄ-ի Նիւ Եորք-Նիւ Ջերսիի վարչութեան ատենապետ Նորայր Մկրտիչեանի բացման խօսքով եւ Ս. Թովմաս Հայց. եկեղեցւոյ հովիւ Ծ. Վարդապետ Հայր Բաբկէն Անուշեանի աղօթքով։ Հանդիսավարն էր Բեյսայդի ամէնօրեայ վարժարանի երկարամեայ նախկին տնօրէնուհի, գրող եւ բեմբասաց տիկ. Զարմինէ Պօղոսեանը, որ էր նաեւ յղացողն ու պատրաստողը այս ձեռնարկին։

Հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց ՌԱԿ Կեդր. վարչութեան անդամ ընկ. Յակոբ Վարդիվառեանը, որ իր սրտի խօսքին մէջ դրսեւորեց Յակոբ Ասատուրեանը որպէս ամերիկահայ եզակի երեւոյթներէն եղող «Նոր Գիր»-եան երախտաշատ շարժումի հիմնադիրներէն մէկը, ընկերներ Բենեամին Նուրիկեանի, Անդրանիկ Անդրէասեանի, Ալեք Գլըճեանի, Սուրէն Մանուէլեանի եւ այլոց կողքին։ Փաստօրէնՙ անոնցմէ միակ վերապրողը ներկայիս։

Յայտնի հրապարակագիր, «Հայրենիք» շաբաթաթերթի շրջանակէնՙ Ժիրայր Աթթարեան իր սրտի խօսքին մէջ Յակոբ Ասատուրեանի մասին ունեցած հիացմունքն ու գնահատանքը արտայայտելէ ետք, ողջունեց նահապետին հարիւրամեակը եւ արեւշատութիւն մաղթեց։

Ամերիկայի մէջ ԹՄՄ-ի հիմնադիրներէն հանրածանօթ մտաւորական ընկ. Ա. Փոլատեան, հակառակ առողջական իր ծանր վիճակին, գերագոյն ճիգով մը եկած էր իր յարգանքը մատուցանելու իր բարեկամին եւ երէց գրչեղբօր։ Ան իր սրտի խօսքին մէջ ըսաւ թէ Յակոբ Ասատուրեան իր կեանքէն ու գրիչէն մեր մշակոյթին տուած էր շատ բան, «եւ եթէ ա՛լ աւելին չկրցաւ տալ, ատիկա պայմաններու մեղադրանքն էր պարզապէս»։

Յայտնի գեղանկարիչ Քաջազի տիկնոջՙ Տիկ. Սաթենիկ Քեչեճեանին յանձնուած էր անհնարին պարտականութիւնը քառորդ ժամուան ընթացքին ներկայացնելու Նահապետին գործերը։ Տիկ. Քեչեճեան, որ մօտէն կը ճանչնար Յակոբ Ասատուրեանը եւ հետեւած է անոր գրական եւ երաժշտական գործերուն, իրեն իւրայատուկ յաճելի ոճով մը իրարու շաղկապելով, կարելիութեան սահմանին մէջ ներկայացուց մեծարեալին բոլոր գործերը։

Օրուան յայտագրին մաս կը կազմէր նաեւ գեղարուեստական բաժին մը։

Դերասանուհի եւ ռադիոժամի աշխատակից Սեդա Ճեպեճեան ապրումով արտասանեց Վ. Թէքէեանի «Քու յիշատակդ այս գիշեր» բանաստեղծութիւնը։ Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցէն շրջանաւարտ Անահիտ Պօղոսեան երգեց մեծարեալին պաշտած Կոմիտասէն երեք երգ։ ԹՄՄ Մհեր Մկրտչեան թատերախումբի հիմնադիր դերասաններէն Միսաք Պօղոսեան բեմականացուած ձեւով ներկայացուց Նահապետին «Ո՞ւր, Վահրամ» հատորէն «Եղսա Կելինը թատրոն կ՚երթայ» կտորին կրճատուած մէկ տարբերակը։

Օրուան յայտագիրը իր աւարտին մօտեցած ըլլալով, հանդիսավարուհին կարդաց անունները բոլոր անոնց, որոնք աշխարհի չորս ծագերէն շնորհաւորագիրներ ուղարկած էին եւ կամ հեռաձայնով շնորհաւորած յոբելեարին դարադարձը, որոնց շարքին էին Երուսաղէմի պատրիարք Արք. Թորգոմ Սրբազան Մանուկեան, Արեւելեան ափի առաջնորդ Արք. Խաժակ Սրբազան Պարսամեան, Ռոպէր Հատտէճեան, Անդրանիկ Սարեան, Զարեհ Մելքոնեան, Պարոյր Աղպաշեան, Գրիգոր Քէօսէեան, Վաչէ Սեմերճեան, Սմբատ Տէվլէթեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ։

Վերջապէս հասած էր ժամանակը լսելու հարիւրամեայ Նահապետը, որուն միտքի պայծառութենէն եւ լեզուի ճարտարութենէն ոչինչ պակսած է։ Պէտք եղած շնորհակալական խօսքը ընելէ ետք, ան անդրադարձաւ մինչեւ պատանեկան տարիքըՙ իր անցուցած դժուարին օրերուն։ Իրեն համար ամէնէն կարեւորը հայ գրականութիւնը, հայ երաժշտութիւնը եւ հայ մշակոյթը եղած էին միշտ։ «Ես իմ առաւելագոյնս տուի ազգիս։ Տուի սիրով, տուի հաւատքով», ըսաւ մեծարեալը։

Մեր Նահապետըՙ Յակոբ Ասատուրեանը արժանի է բոլորիս ակնածանքին, անխառն սիրոյն եւ գուրգուրանքին, իր շատ սիրած հայ ժողովուրդին թողած գրական եւ երաժշտական վաստակին համար։ Իր կտակին արժանի ըլլալը ինքնին մարտահրաւէր մըն է նոր սերունդին եւ մեզի համար։ Բախտաւոր կը զգանք, որ անգամ մը եւս իր ներկայութիւնը վայելելու առիթը տրուեցաւ մեզի, որուն համար շնորհակալ ենք Թէքէեան մշակութային միութեան Նիւ Եորք-Նիւ Ջերսիի մասնաճիւղին, եւ այս ձեռնարկին համար աշխատող բոլոր թէքէեանցիներուն, մասնաւորաբար Զարմինէ Պօղոսեանին եւ Յակոբ Վարդիվառեանին։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՏԻՐԱՑՈՒԵԱՆ, Նիւ Ջերսի


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4