ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ
Լեռնային Ղարաբաղի անլոյծ հարցը կը շարունակէ մնալ իբրեւ ամէնէն բարդ քաղաքական խնդիրներէն մէկը։ Հակառակ ԵԱՀԿ-ի բազում այցելութեանց եւ հակառակ Քոչարեան-Ալիեւ հերթական հանդիպումներուն, խնդիրը կը շարունակէ մնալ հոն, ուր էր 1994-ի մայիսի հրադադարէն ի վեր։
Այս օրերուն, մանաւանդ երբ ամբողջ քաղաքական աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է իրաքեան տագնապին վրայ, Ղարաբաղի հարցը կը շարունակէ մնալ երկրորդական գիծի վրայ։ Սակայն կարելի չէ երեւակայել, որ կացութիւնը տակաւին երկար ատեն մնայ միեւնոյն վիճակին մէջ եւ Հայաստան ու Ադրբեջան պահեն «ոչ պատերազմ եւ ոչ խաղաղութիւն» իրավիճակը։ Նոյնիսկ եթէ երկուստեք փափագին կացութիւնը պահել ներկայի անշարժ վիճակին մէջ, արտաքին ազդակներ թոյլ պիտի չտան, որ գոյավիճակը մնայ նման լճացման մը մէջ։
Անմիջապէս որ իր լրումին հասնի իրաքեան տագնապըՙ պատերազմով թէ խաղաղութեամբ, յաջորդ պայթուցիկ շրջանը կրնայ դառնալ Կովկասը, իր միջազգային անհաշուելի անդրադարձներով, որովհետեւ այս անլոյծ տագնապը կը հանդիսանայ խոչընդոտ մըՙ շահագործմանը ճամբուն վրայ այն նավթային պաշարներուն, որոնցմով կենսականօրէն շահագրգռուած է Արեւմուտքը։ Արեւմուտքը նաեւ իր դասը սորված է Միջին Արեւելքի նավթի պատմութենէն, ուր նավթի հսկայական պաշարներ միշտ ենթակայ մնացած են Միջին Արեւելքի քաղաքական վերիվայրումներուն ու տագնապներունՙ յառաջացնելով ընդհատումներ, բախումներ եւ տնտեսական անորոշութիւններ։ Պարզ է, թէ Արեւմուտքը պիտի չթոյլատրէ, որ Կովկասի մէջ ապակայունացնող տագնապներ շարունակեն մնալ անլոյծՙ բորբոքիլ սպառնալով որեւէ պահուն։
Ուրեմն, նախքան որ բանիլ սկսի Բաքու-Ջեյհան նավթատարըՙ Արեւմուտքը վճռական քայլով մը պիտի ջանայ լուծել Ղարաբաղի հարցըՙ ի նպաստ Հայաստանի կամ Ադրբեջանի։ Թէ ի՛նչ ուղղութեամբ պիտի շարժի ճոճանակը, տակաւին կը մնայ հարցական։
Սակայն արդէն գոյութիւն ունին վտանգաւոր նախանշաններ, որոնք կրնան գուշակել տալ դէպքերու յառաջիկայ ընթացքը։ Արդէն ռուս քաղաքական մեկնաբան մը պարզած է իր տեսութիւնը վերջերս Մոսկուայի մէջ հեռուստատեսային յայտագրին մէջ։ Ռուսաստանի Քաղաքական վերլուծման հիմնարկի տնօրենըՙ Սերգէյ Մարկով «Վրեմենա» յայտագրին վրայ հարցազրոյց մը ունենալով Վլադիմիր Պոզնըրի հետ յայտարարած է. «Կամ Հայաստանը պիտի տկարանայ եւ Ադրբեջան զինու ուժով պիտի լուծէ Ղարաբաղի խնդիրը, եւ կամ ալՙ Ադրբեջան պիտի ենթարկուի ներքին տագնապի մը եւ Հայաստանը պիտի օրինականացնէ ներկայ իրավիճակը»։
Բայց վերլուծելով Կովկասէն հասնող լուրերը, կարելի է բաւական անախորժ եզրակացութիւններ հանել Հայաստանի հաշւոյն։ Արդարեւ, երբ Հայաստան տարուած էր նախագահական ընտրութեամբ եւ անոր յաջորդող փոթորկալի անցուդարձերով, Ադրբեջանի նախագահըՙ Ալիեւ պաշտօնական այց մը տուաւ Ուաշինկթըն ու հանդիպեցաւ նախագահ Բուշի հետ։ Շատ նշանակալից կը դառնայ այդ հանդիպումըՙ մանաւանդ երբ ան դիտուի Ուաշինկթընի մէջ տիրող ճգնաժամային մթնոլորտի խորքին վրայ։ Այդպիսի պահերուն հազուադէպ են նման պաշտօնական այցեր Սպիտակ տան մէջ, մանաւանդ փոքր երկիրներու ներկայացուցիչներուն համար։ Կ՚ըսուի, թէ նախագահ Բուշ խոստացած է աւելի ուշադրութիւն դարձնել Ամերիկա-Ադրբեջան յարաբերութեանց, անգամ մը, որ իրաքեան տագնապը հեռանայ ներկայի իր սուր հանգամանքէն։ Այս հաշուով Ամերիկայի համար Ադրբեջան կը դառնայ Կովկասի ամէնէն կարեւոր երկիրը, շատ հասկնալի պատճառով։ Վստահաբար Սպիտակ տան հանդիպման ընթացքին նախագահ Բուշ պատշաճօրէն մոռցաւ ժողովրդավարութեան դասեր տալու Ադրբեջանի միջնադարեան բռնատէրին. դասերՙ զորս այնքան մեծ հաճոյքով կը բաշխէ այլ երկիրներու ղեկավարներուն։ Վերջին տասնամեակի պատմութիւնը եկաւ ապացուցանելու, թէ աշխարհի մեծ ու փոքր երկիրներու միջեւ ծագած վէճերուն գերագոյն իրաւարարը Ամերիկան է, նոյնիսկ նախկին Խորհրդային Միութեան սահմաններէն ներս. երկրամաս մը, որ կը նկատուէր իբրեւ ռուսական ազդեցութեան գօտի։ Եւ Կովկասը այդ շրջաններէն մէկն է։ Հաւանականութիւնը, թէ Ադրբեջան կրնայ այսօր ներքին տագնապ մը անցընել, աւելի նուազ է, քան, դժբախտաբար, Հայաստանի տկարացումը։ Քոչարեանի ընտրութեան յաջորդող խռովալի մթնոլորտը արդէն նախանշաններէն մէկն է այդ վտանգաւոր հեռանկարին։ Ո՞վ պիտի ունենայ ողջախոհութիւնը լարուած թակարդին մէջ չիյնալու։ Շարունակուող տաքգլուխ վէճերը, խռովութիւնները, ցոյցերն ու Քոչարեանը բռնի ուժով տապալելու անպատասխանատու յայտարարութիւնները պարզապէս մեր թշնամիներուն ջաղացքին ջուր հասցնելու կը ծառայեն, ուրիշ ոչինչ։ Պարզ է, թէ արտաքին ուժեր կան, որոնք շահ ունին Հայաստանի ներքին անկայունութեան մէջ, զայն տկարացնելով եւ այդ տկար դիրքերէն լուծում պարտադրելով Ղարաբաղի հարցին։
Շահեկան է ուշադրութեամբ քննել կարգ մը խորհրդանշական երեւոյթներ, որոնք խորունկ մեկնաբանութեան չեն կարօտիր։ Մէկ կողմէ ԱՊՀ-ի երկիրներու դիտորդներուն դրական գնահատումը նախագահական ընտրութեան եւ նախագահ Պուտինի փութկոտ շնորհաւորականը Քոչարեանին կը նշանակեն, որ Մոսկուա հետամուտ է Հայաստան-Ռուսաստան կապերու ամրապնդման եւ զօրաւոր նախագահի մը հետ գործակցելու։ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան խօսնակ Ռիչարդ Բաուչըրի յայտարարութիւնը, թէ ընդդիմութիւնը իր պայքարը օրինական ու սահմանադրական միջոցներով շարունակէՙ ուղղակի կոչ մըն է խռովութիւնները շարունակելուՙ օրինական թէ ոչ օրինական ճանապարհներով։ Իսկ միւս կողմէ ԵԱՀԿ-ի դիտորդներուն քննադատութիւնները եւ հաւկիթի մէջ մազ փնտրելու փորձութիւնը կու գան վկայելու, թէ Արեւմուտքը շահագրգռուած է նկուն եւ հարկատու Քոչարեանով մը, մանաւանդ, այլ երկիրներու պարագային, ինչպիսին է Թուրքիոյ զինուորական բռնատիրութիւնը, ոչ միայն հաւկիթի մէջ մազ փնտրելու փորձ չեն կատարեր, այլ հաւկիթն ու հաւն ալ միասին կլլելու պատրաստ ենՙ Թուրքիոյ նման հակաժողովրդավարական երկիր մը իբրեւ դեմոկրատիայի տիպար երկիր ներկայացնելով իսլամական աշխարհին։
Ոչ ոք կրնայ ժխտել, թէ ընտրական խախտումներ կատարուած են եւ թէ ընտրութիւնները տակաւին եւրոպական մակարդակ մը չեն նուաճած, պարզ այն պատճառով, որ Հայաստան տակաւին Եւրոպա չէ եւ խախտումները միայն մենաշնորհը չեն նախագահ Քոչարեանի կողմնակիցներուն, իսկ ամէնէն կարեւորըՙ Հայաստանի գերխնդիրն էՙ ներքին կայունութիւնը եւ ատոր համար որեւէ պետական մարդ իրաւունք չունի մլակին համար գորգը այրելուՙ եթէ իսկապէս ազնիւ է իր դիտաւորութիւնը։ Դիտելով քաղաքական հորիզոնը, կարելի է շատ դիւրաւ նկատել, թէ ինչպէս կը սկսին փոքր պետութեանց իշխանութիւնները տապալելու կամ փոխելու տագնապները։ Անոնց դասական օրինակն է Չիլիի պարագան, որուն դէմ ուղղուած դաւադրութիւնը ոչ ոքի համար գաղտնիք է այլեւս։ Այնտեղ ժողովրդական քուէներով ընտրուած նախագահ Այենդէի դէմ յանկարծ ցոյցեր սկսան կարգ մը վարձկան մարդոց կողմէ եւ Հենրի Քիսինջըրի ծրագրումով։ Երբ խռովութիւնները հասան ծայրագոյն սրութեան, ուրիշ զինուորական գործակալ մըՙ Օգիւսթօ Պինոչէ տապալեց օրինաւոր իշխանութիւնը եւ հաստատեց արիւնռուշտ բռնատիրութիւն մը, որուն զոհ գացին հազարաւոր չիլիցիներ։ Այսօր միեւնոյն պատկերը կը պարզուի Վենեսուելայի մէջ, որուն նախագահըՙ Չավէզ, ձախակողմեան մը կը նկատուի։ Օրինակները կարելի է շարունակել շարք մը երկիրներու պարագային, սակայն, արդեօք պիտի խելամտի՞նք դաս առնելու մեր աչքերուն առջեւ պարզուող քաղաքական այս սադրանքներէն։ Հայաստանի խակ պոլիտիկոսները համհարզներ ունին սփիւռքի մէջ եւ իրենց խռովարար արարքները կը գործեն զիրար վկայակոչելով, այսօր բոլոր շարժումները ենթադրաբար ուղղուած են նախագահ Քոչարեանի ընտրութեան դէմ, սակայն խորքին մէջ, առաւելաբար կը պատուհասեն հայրենիքը։
Հայաստանէն սփիւռք մամուլի կարգ մը օրգաններ կը տանին թունաւոր ու խենէշ պայքար մը, յատկապէս կարգ մը հակասովետ պայքարի վետերաններուն կողմէ, որոնք անցեալին մեծ վաստակ մը ունին սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւնները խանգարելու գործին մէջ։ Իսկ կարգ մը անկախ նկատուած թերթեր, որոնք կը յաւակնին առաւելութիւններ ունենալ կուսակցական մամուլին վրայ, իրականութեան մէջ կախեալ են կարգ մը Աբիսողոմ աղաներու պորտէն կամ քսակէն եւ երբեք պիտի չկրնան սորվիլ պետականօրէն մտածելու լրջախոհութիւնը։
Սակայն աւելի մտահոգիչը այն է, թէ կարգ մը բարեմիտներ հարց կու տան մամուլի աշխատողներուն, թէ երբ բազմաթիւ թերթեր եւ յօդուածագիրներ պարսաւի արշաւ մը կը մղեն նախագահ Քոչարեանի դէմՙ ինչո՞ւ չենք հետեւիր անոնց օրինակին։ Նախ անձի մը անխորհուրդ քայլը ինքնին արդարացում մը չի կրնար ըլլալ, որ ուրիշներ եւս միանան խժալուր այս ոհմակի արշաւանքին, սակայն կարելի է այդպէս մտածողներուն պատասխանել ֆրանսացի մեծ երգիծաբան Ռաբլէի հերոսներէն մէկուն արարքով։ «Պանթագրիւէլ եւ Գարգանթիւա» վէպին հերոս Պանթագրիւէլի ընկէրակիցըՙ Փանիւրժ նաւ մը կը նստի ճամբորդելու այլ քաղաք մը։ Նաւուն վրայ կը հանդիպի ոչխարի վաճառական Դենդընոյին, որ իր կենդանիները միեւնոյն նաւուն բեռցուցած կը ճամբորդէ։ Փանիւրժ ոչխար մը կը գնէ իր ուղեկից վաճառականէն եւ զայն ծովը կը նետէ, միւս բոլոր ոչխարները, առանց խորհելու, կը հետեւին առաջինին ու կ՚իյնան ծովուն մէջ։ Առակս ցուցանէՙ չենք ուզեր Փանիւրժի ոչխարներէն մէկը դառնալ...
Ամէն կասկածէ վեր է, թէ նախագահ Քոչարեան ընտրութեան մասնակցող ինը թեկնածուներուն մէջ ամէնէն փորձառուն եւ արժանաւորն էր, եւ ժողովուրդը իր հաւաքական ձայնը տուաւ անոր։ Միւս թեկնածուներուն մէջ եւս չեն պակսիր արժանաւորներ, որոնք ապագային կրնան հաւանաբար տիրանալ իրենց երազած պաշտօնինՙ եթէ այսօր անխորհուրդ արարքներով անդառնալի կերպով չտուժէ Հայաստանի ճակատագիրը եւ եթէ մանաւանդՙ անոնք իմաստութիւնն ունենան հեռու կենալու Փանիւրժի ոչխարներէն...
Դետրոյթ, ԱՄՆ