«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#53, 2003-03-20 | #54, 2003-03-21 | #55, 2003-03-22


ԳՈՀԱՑՈՒՑԻՉ ՉԵՆ ՄԵՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ՏՈՒԱԾ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՎՆՆԵՐԸ

Internet-ի վրայ «Ասպարէզը» կարդացի, ուր մեր առաջնորդ Աւագ Սրբազանը ինքզինքը կը պաշտպանէ բացատրելով, որ ինքը Ամերիկայի մէջ եկեղեցիներու մեծերու հետ կը տեսնուի։ Մենք չենք հաւատար ասանկ առաջնորդի։ Ամերիկայի կողմէ առաջին ռումբերը որ ինկան, մեր շրջանին մօտիկ էին։ 13 ընտանիք քով-քովի հաւաքուեր ենք եւ չենք գիտեր ինչ պիտ ըլլայ մեր վերջը։

Իբր թէ «Ասպարէզ» թերթը մեր սրբազանին հետ խօսեր է եւ ան ալ ըսեր է որ ետ պիտի դառնայ մեր քով։ Մենք տունէն չենք կրնար դուրս ելլել եւ ինքը մեր վրայ կը խնդայ ըսելով, որ Բաղդադ պիտի գայ։ Եթէ այդքան քաջ էր, թող հոս մնար։ Եթէ ինքը կը վախնար հոս մնալու, թող իրեն տեղակալ եկեղեցական մը նշանակէր հոս։ Չէ՞ որ եկեղեցին տէր պէտք է ըլլայ մեզի։

Այս կոչը բոլոր թերթերուն կը ղրկենք։ Յուսահատ չենք, բայց սիրտով շատ վիրաւորուած։ Ահա մեր վիճակը։ Ամէնէն դժուար ժամանակ այսպէս անտէր մնացած ենք։

Սեպուհ Յակոբեան եւ մեծ թիւով իրաքահայեր


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4