Ապահովաբար, նախապաշարուած չէի, երբ ուզեցի դիտել «Պաղտասար Աղբարը»։ Աջէն ու ձախէն, նախքան կատակերգութեան ներկայացումը, արդէն սկսած էի լսել «բարի քննադատութիւններ»։ Անկեղծօրէն խոստովանիմ, որ քննադատողներու բեմական ու դերասանական կարողութիւններուն ու փորձառութեանց մօտէն ծանօթ չըլլալուս, չկարողացայ անոնց «ծովը չտեսած ոտքեր սոթթելու» քաղաքականութեան համաձայնիլ... սպասելով ներկայացման օրուան, որ զուգադիպեցաւ, հինգշաբթիՙ 27 մարտ երեկոյեան, «Թատրոնի միջազգային օր»-ուան։
Դանդաղ բարձրացող վարագոյրը յանկարծ մեզ կը փոխադրէ երբեմնի մշակոյթի օրրան, հայաշատ Պոլիսը, ու մենք մեծանուն երգիծագիր Յակոբ Պարոնեանի ասկէ աւելի քան դար մը առաջ, ազգային կառոյցներ, եկեղեցական բարքեր, միութենական թերութիւններ, ընտանեկան գայթակղութիւններ ձաղկող ու խծբծող քննադատութեանց «պարտամուրհակը» կենդանի պատկերով մը դիտելու հնարաւորութիւնը եւ բախտը ունեցանք։
Այո՛, բարքեր, սովորութիւններ, թերութիւններ, թերացումներ, խախտումներ եւ սրբագրութեան կարօտ պարտամուրհակը յանկարծ «կը սրբագրուի»... աւելի խոշոր ու հեղինակաւոր կարգադրութեամբ, երբ նիւթական ու շօշափելի միջամտութիւնը կը ծածկէ ամէն ծուռ ու մուռ, ամէն սխալ... բարոյական գէշ վարկանիշ մը պարգեւելով... հասարակութեան։ Սա՛, աւելի քան հարիւր քսան տարիներ առաջ եւ մեր ընկերութեան մէջՙ ցաւալիօրէն։ Անշուշտ, շատ բան փոխուած է հիմա մեր հասարակութեան մօտ, բայց մատնանշուող թերացումները, սխալները, կշտամբանքները եւ սրբագրութեան կարօտ խոցելի կէտերը արդեօք հիմա գոյութիւն ունի՞ն, թէ՞ վերացած են։ Ընթերցողը թող դատէ։
«Պաղտասար Աղբար»։ Վստահաբար, հայ բեմարուեստի պատմութեան մէջ, ով գիտէ... քանիերորդ անգամ ներկայացուած է այս ծիծաղաշարժ «ողբերգութիւնը», որ կը ջանայ խնդացնել ներկայ հասարակութիւնըՙ խոնաւցող աչքերով... եւ լացնելՙ խնդացնելով...
Հարուստ ու ճոխ բեմը, առաջին րոպէէն լաւագոյնս կ՚ազդէ հանդիսատեսի տրամադրութեան վրայ, որուն լուսաւորումը, երաժշտական ազդեցիկ միջամտութիւնը եւս կ՚օգնէ, որպէսզի ընկալենք թատերգութեան հաճոյքըՙ ուրախութեամբ։
Այդ օր, բեմական արուեստին տիրող եւ խելացիօրէն շարժող միակ արհեստավարժ «Պաղտասար Աղբարը» մի միամիտ, պարզ, անմեղ ու ոչ բռնազբոսիկ խաղարկութեամբ ցոյց տուաւ, թէ կը մնայ ինքնատիպ ու արուեստի մնայուն երկրպագու մը, որուն աչքերու եւ դէմքի խաղերը բնական ըլլալով, Վարդան Մկրտիչեան, որպէս «Կրտսեր Մկրտիչեան» գիտցաւ ինքզինք գերազանցել, յաճախ, քրտնելով հանդերձ։
Ըսի, սիրողական դերակատարներ են։ Սակայն, անոնց թատրոնի եւ բեմի հանդէպ ունեցած սէրը, սրտի եւ հոգիի տրոփումը զիրենք նետած է բեմ, ուր ես պահ մը ակամայ շփոթեցայ սիրողակա՞ն, թէ՞ արդէն կէսով մը արհեստավարժ։
Մերթ հպարտ, մերթ հեգնող, մերթ խայթող, յաճախ քմայքոտ, զգացումի եւ միմիքի արտայայտութեամբ իր սէրը ուրիշի մը կապող մասամբ թեթեւաբարոյ Անոյշը, բնականօրէն դարձած էր համակրելի ներկայութիւն մը, երբ Սարին Խաչիկեան կը ծաղկեցնէր բեմը, թափանցելով հասարակութեան հոգիին։
Ջերմ ու հաճելի խաղարկութեամբ ինքզինք պարտադրող «Սիրեկան» Կիպարը, իր դիւրահաղորդ խաղարկութեամբ, կը պատռէր զսպվածութեան եւ փոքրութեան վարագոյրը, ցուցադրելու համար իր ինքնավստահութիւնը, համարձակութիւնը եւ մարմնաւորած տիպարին յաջողութիւնըՙ հանդարտօրէն։
Իր բնատուր ձիրքով, բեմի հանդէպ ունեցած անհուն սիրով, ներդաշնակ խաղարկութեան մը հարազատ դերասանը եղած Փաստաբան Օգսէնը, եկաւ փաստելու, թէ Հրաչ Ինէճէեանը կը շարունակէ իր ճիշդ ուղին։
Դատաստանական խորհուրդի փայլուն ու փնտռուած աստղ Փայլակը, անկասկած, որ իր քիչ ներկայութեամբ, բայց «մեծ» ու ծանր ճնշող խաղարկութեամբ, փաստեց, թե Մանուէլ Մարգարեան դերասանութիւն չէր ըներ բեմի վրայ, այլՙ կ՚ապրէր արժանաւորապէս, ապրեցնելով, հիացնելով եւ ծիծաղի պահեր պարգեւելով հանդիսատեսին։
Երկաթն ու սուրը, երկու մարդ... երկու տարբեր բնութիւն... բայց բնական, անմիջական հաղորդականութեամբ մարնաւորեց ազգային կառոյցներէ ներս պատեհապաշտօրէն իրենք զիրենք դրսեւորող «ազգային մունետիկները», Յարութ Շէքէրճեանին եւ Յովակիմ Քէշիշեանին գնահատական-բարենիշներ։
Բեմին լաւագոյնս տիրապետող պզտիկ Թագուհին, իր հրապուրիչ, կանացի յաջող դերակատարութեամբ, անվերջանալի ծիծաղով, մերթ խիզախութեամբ, անվերջանալի ծիծաղով, մերթ խիզախութեամբ, փաստեց իր տիրական ու փոթորկոտ ներկայութիւնը, յուշելով, թէ Հերա Աղպաշեան ատակ է ստանձնելու դերեր, ուր որպէս գլխաւոր դերասանուհի գիտէ հաղորդուիլ հանդիսատեսին հետ։
Դրացուհի Մարթան, կենսունակ, առաւելՙ ազնուական իր արտաքինով ու անզուսպ խաղարկութեամբ թափանցած էր թէ իր դերին, թէ հանդիսատեսի սրտին, թողնելով, որ Դալար Խաչիկեանը յայտնէ իր թրթռուն զգացականութիւնը։
Միամիտ, Սպասուհիի մը հոգեբանութեամբ երեւցող Սողոմէն, շնորհիւ իր ինքնուրոյն ոճին լաւագոյնս տիրապետած ըլլալով ստանձնած տիպարին, կը խոստանայ Մակի Վասիլեանին հագցնել բեմական ամէն դիմակ։
Արդարեւ, եզրակացնելով, ըսենք, թէ բծախնդրօրէն հետապնդուած էր կատակերգութեան մը ներկայացման համար անհրաժեշտ եղող բոլոր նախադրեալները բեմադրիչի յաջող ցուցմունքներով։
Երկու ժամ։ Առատ եւ անզուսպ խնդուք։ Համեմատաբար վարժ դերակատարութիւն։ Ահա՛ ամփոփումը։
Բեյրութի Հ. Ե. Ընկերակցութեան Վահրամ Փափազեան թատերախումբը, իր հմուտ ու փորձառու, վարպետ ու բծախնդիր հայրենի բեմադրիչ Երուանդ Ղազանճեանով կը հանդիսանայ նահանջող սփիւռքի մէջ առաջ վազող ճեպընթաց մը։
Կ՛արժէ, որ այս մշտազբաղ ու մտահոգ առօրեայի մէջ, միայն ու միայն գնահատենք կատարուած ազնիւ աշխատանքը, մանաւանդ մարտ 27-ի «Թատրոնի օր»-ուան առթիւ, շնորհաւորելով ամբողջ դերասանական կազմը եւ թող այս սրտի խօսքս ըլլայ համեստ «ծաղկեփունջ մը»... զարդարելու համար դերասանական արուեստի «խենթ» հոգիները, երեւոյթ մը, որ մոռցուեցաւ այդ գիշեր... անոնց։
Թերութեանց մասի՞ն։ Կը զգուշանամ։
Ստացուած ծափերը թող խօսին այդ ուղղութեամբ։
ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ, Դամասկոս