«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#72, 2003-04-16 | #73, 2003-04-17 | #74, 2003-04-18


ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ԳԻՆԸ

ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ

Տակաւին երկար տարիներ պիտի տեւէ, որպէսզի նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու մէջ օրինականութիւնը հաստատուի եւ դատարանները գործեն Արեւմուտքի քաղաքակիրթ երկիրներու մակարդակով։ Շատ մը խմբակցութիւններ, այդ երկիրներուն մէջ, օրէնքը առած են իրենց ձեռքերուն մէջ եւ անպատիժ կը գործենՙ սպանելով կամ այլապէս չէզոքացնելով իրենց մրցակիցներն ու հակառակորդները։ Այդ յանցագործ խմբակցութեանց գործակիցներն ու գործիքներն են յաճախ նախկին ոստիկաններն ու ուժային տարրերը, որոնք մասնագէտներ են զէնքի գործածութեան եւ օրէնքներու խախտումին մէջ։

Բազմաթիւ գործարարներ եւ ընկերութիւններ, ոստիկանական ուժերէն աւելի կ՚ապաւինին այս յանցագործ խմբաւորումներունՙ պաշտպանութիւն ապահովելու կամ հակառակորդին պաշտպանութիւնը չէզոքացնելու համար։

Այս երեւոյթը ընթացիկ է մանաւանդ Ռուսաստանի մէջ, ուր նախագահ Պուտին կը ջանայ օրէնքի ուժը հաստատել քաջալերելու համար արտաքին ներդրումները։ Օտար ընկերութեանց գլխաւոր մտահոգութիւնըՙ Ռուսաստանի մէջ կամ հետ գործ ընելուՙ ապահովութեան հարցն է։

Երբ Ռուսաստանէն աւելի հարաւ իջնենք, մանաւանդ Կովկասի մէջ, օրէնքի գործադրութիւնը կը դառնայ աւելի յարաբերական։ Վրաստան եւ Ադրբեջան կատարեալ քաոսի մէջ են. առեւանգումներն ու վարձու սպանութիւնները առօրեայ երեւոյթներ են. առեւտրականներ եւ նոյնիսկ դիւանագէտներ կ՚առեւանգուին մեծ գումարներու փոխարէն կամ կը կորսուին անհետ։ Վրաստանի մէջ մանաւանդ ապահովութեան ուժերը անզօր են առաջքն առնելու նման ոճիրներուն, նոյնինքն երկրին նախագահըՙ Էդուարդ Շեւարդնաձե քանիցս մազապուրծ ազատեցաւ ահաբեկիչներու ռումբերէն։

Օրէնքի այս համատարած խախտումին դիմաց ոմանք կարօտով կը յիշեն խորհրդային ժամանակները, երբ գոնէ օրէնքի կիրարկումը նախատեսելի էրՙ որքան խիստ։

Այս ընդհանուր կացութիւնը անխուսափելիօրէն կ՚անդրադառնայ նաեւ Հայաստանի ընկերային կեանքին վրայ։ Սակայն բաղդատմամբ միւս երկու դրացի երկիրներունՙ աւելի կայուն է Հայաստանի ներքին կեանքը, անշուշտ միշտ համեմատութիւնները պահելով։ Հակառակ եղերամայրերու եւ եղերահայրերու ողբերուն եւ քաւութեան նոխազներ փնտրելունՙ Հայաստան աւելի կայուն կեանք մը ունի. երանի կարելի ըլլար ալ աւելի կայունացնել կացութիւնը։

Երբ այսպիսի համեմատութիւններ կը կատարուինՙ հայաստանցի բարեկամ մը յանկարծ կը գոչէ, թէ մեր դրացի երկիրներուն աւելի վատ վիճակի մէջ ըլլալը մխիթարութիւն չէ մեզի համար։ Սակայն այս համեմատութիւնները ոեւէ մէկը մխիթարելու համար չեն կատարուիր, այլ տուեալները օգտագործելով վերլուծումներ ընելու եւ եզրակացութիւններ հանելու համար են։ Որեւէ իրադրութիւն պարապի մէջ չի ստեղծուիր, այլ կը յառաջանայ որոշ գործօններէ եւ ազդակներէ։ Երբ այդ գործօնները ի զորու են բովանդակ նախկին խորհրդային աշխարհի մէջ եւ եթէ այդ պայմաններուն տակ Հայաստան աւելի բարելաւ վիճակ մը կը պարզէ իր տնտեսութեամբ եւ օրէնքներու կիրարկման մէջՙ կը նշանակէ, թէ տեղ մըն ալ մէկը շիտակ բան մը կ՚ընէ այդ վիճակը ապահովելու համար։

Հայերսՙ մենք մեր ամէնէն դաժան թշնամիներն ենք. շատ ալ թուրքին սպասելու պէտք չունինք դուրսէն ու ներսէն մեր փխրուն հայրենիքը կործանելու մեր թունաւոր ու քանդիչ քննադատութիւններովՙ յամառօրէն մերժելով տեսնել դրականը, կամՙ քննադատութեան կողքին մատուցանելով նաեւ շինիչ թելադրութիւնը։ Նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու նման, Հայաստան եւս ցնցուեցաւ քաղաքական խորհրդաւոր սպանութիւններով, անոնց կարգին ամէնէն ահաւորը հոկտեմբերի 27-ի խորհրդարանի սպանդն էր, որ հնձեց կեանքերը վարչապետ Վազգէն Սարգսեանին ու խորհրդարանի նախագահ Կարէն Դեմիրճեանին, այլոց կարգին։ Հակառակ որ ոճրագործները կը գտնուին կալանքի տակ, սակայն երեք տարիներէ ի վեր կը քաշքշուի անոնց դատավարութիւնը, որովհետեւ քաղաքականացուած է դատը։ Այս երեւոյթը շատ բան կը մատնանշէ Հայաստանի դատական անմխիթար դրութեան մասին։

Թէեւ ոմանք դատ¬դատաստանի ալ պէտք չունին, որովհետեւ իրենց համար արդէն վճիռը արձակուած է յանցաւոր կողմին հասցէին, որ ուրիշ մէկը չի կրնար ըլլար, եթէ ոչ իրենց քաղաքական հակառակորդը։

Կարծէք այդ խոշոր ոճիրը բաւարար չըլլար Հայաստանի կեանքը ալեկոծելուՙ անցեալ դեկտեմբերին եկաւ աւելնալ Տիգրան Նաղդալեանի սպանութիւնը, որ իր կարգին սկսած է քաղաքական ոտնագնդակի վերածուիլ։ Անգամի մը համար յայտնուած ըլլալ կը թուին այս խորհրդաւոր ոճիրին հեղինակները։ Ոճրագործն ու ոճիրը ապսպրողը դրուած են կալանքի տակ. այնպէս կը պատահի, որ վերջինը ըլլայ նահատակ վարչապետին եղբայրըՙ Արմէն Սարգսեանը։ Անոր ձերբակալութիւնը քաղաքական մեծ անպատեհութիւն մըն է օրուան իշխանութեան եւ յատկապէս նախագահ Քոչարեանի համար։ Եթէ կասկածի նշոյլն անգամ գոյութիւն ունեցած ըլլար, իշխանութիւնները անոր ապաւինելով կամ զայն պատրուակելով պիտի խուսափէին քաղաքական ուժեղ ընտանիք մը աւելի թշնամացնելու։ Սակայն դատախազութիւնը կը հաստատէ, թէ փաստերը անհերքելի են։ Ընդդիմութիւնը յանկարծ պաշտպան կը կանգնի Արմէն Սարգսեանին նոր դրամագլուխ մը գտած ըլլալու բացառիկ գոհունակութեամբ եւ կը քաջալերէ Գրետա մայրիկը, որ նախագահի պալատին դիմաց վրան մը լարելով իր կրտսեր որդւոյն անմեղութիւնը հռչակէ։ Իսկապէս ալ սրտաճմլիկ երեւոյթ է, որ որդեկորոյս մայր մը գտնուի երկրորդ զաւակ մը կորսնցնելու հեռանկարին դիմաց։ Սակայն ընդդիմութեան համար զգացականը այնքան ալ նշանակութիւն չունի, երբ այդ ողբերգական երեւոյթը կրնայ քաղաքական խաղաքարտի մը վերածել։

Ո՞ւր կը մնայ արդարութիւնը այս զգացական մթնոլորտին մէջ։ Վազգէն Սարգսեանի նահատակութիւնը բացառիկ մենաշնորհներ կ՚ապահովէ՞ իր եղբօր, որ ինքզինք վեր հռչակէ օրէնքէն։

Յայտնապէս իշխանութեանց համար կնճռոտ կացութիւն մըն է պարզուածը. եթէ օրէնքի գործադրութեան դիմէ իշխանութիւնըՙ քաղաքական շիկացած մթնոլորտը աւելի պիտի բարդանայ, իսկ եթէ այդքան փաստերու դիմաց ազատ արձակուի յանցաւորըՙ խեղկատակութեան պիտի վերածուին օրէնքն ու օրինականութիւնը։

Շատ պարզ է, թէ նախկին բոլոր քաղաքական ոճիրները չլուծուեցան, որովհետեւ, շատ հաւանական է, փաստերու շարանը կը հասնէր մինչեւ երկրին ուժեղ շրջանակները։ Այսօր պարագան միեւնոյնն է։ Այս ձերբակալութիւնը շատ ձեռնտու խաղաքարտ մըն է ընդդիմութեան ձեռքինՙ խորհրդարանական ընտրութեանց նախօրեակին։ Նախագահը ինք եւս յայտարարեց, թէ որքան անբաղձալի վիճակի մը կը մատնուիՙ տեսնելով ձերբակալութիւնը նահատակ վարչապետի մը եղբօր։

Եթէ փաստարկութիւնները այնքան հաստատ ենՙ որեւէ ինքզինք յարգող պետութիւն չի կրնար խուսափիլ իր պարտականութենէն եւ աչք փակել այս իրողութեան վրայ։ Ժամանակն է, որ օրէնքը վեր հռչակուի խմբակցական շահերէ եւ կիրարկուի ամբողջութեամբ։ Հայերս պէտք է հրաժարինք միջնադարեան մտայնութենէնՙ երկրի օրէնքին կիրարկումը պարագայականացնելով։ Դատական իշխանութիւնները պէտք է արդարացնեն իրենց անկախութիւնը եւ տան իրենց արդար վճիռը, թէկուզ եթէ այդ վճիռը քաղաքական անախորժ հետեւանքներ ունենայ։

«Նոր օր»


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4