«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#75, 2003-04-19 | #76, 2003-04-22 | #77, 2003-04-23


ԴԱՍԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ

Կիրակի 6 ապրիլ 2003-ին, Դետրոյթի հայ համայնքի դասական երաժշտութեան սիրահարները ժամադրուած էին քաղաքիս Պէլեան արուեստի կեդրոնը։ Լեփ-լեցուն սրահին առջեւ հանդիսութեան բացումը կատարեց Դետրոյթի ԹՄ Միութեան ատենապետուհինՙ տիկին Նորա Ազատեանը։ Ան գոհունակութեամբ նշեց, որ ԹՄՄ-ը հաւատարիմ իր առաքելութեան, կը շարունակէ մշակութային գործունէութիւն ծաւալել։ Օրուան հայտագրին մասնակիցներն էին օպերային երգչուհի, այժմ սանֆրանցիսկոյաբնակ Սիւզաննա Չուբարեանը, ջութակահար Հենրիկ Կարապետեանը, թաւջութակահար Լուսինէ Պետրոսեանը, ինչպէս նաեւ շնորհալի դաշնակահար Անջելինա Բաշմակովան։

Համերգի մասնակիցներուն ծանօթացումը կատարեց յայտնի ջութակահար Մովսէս Պօղոսեանը։ Ան հանգամանօրէն ներկայացուց իւրաքանչիւր երաժիշտ, անդրադառնալով անոնց կատարողական բարձր արժանիքներուն։ Սիւզաննա Չուբարեանը, աւարտելով Ռոստովի երաժշտանոցը, հանդէս եկած է զանազան դերերով Ռոստովի օպերային թատրոնի, ինչպէս նաեւ ֆիլհարմոնիքէն ներս։ Ան զանազան կատարումներով հանդէս եկած է նաեւ եւրոպական շատ մը քաղաքներու, ինչպէս նաեւ աշխատած Տորոնտո քաղաքի ու Քալիֆորնիայի մէջ։

Թաւջութակահար Լուսինէ Պետրոսեանը, բնիկ երեւանցի, աւարտելէ ետք Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի թաւջութակի եւ երաժշտագիտութեան դասընթացները, մաս կազմած է Հայաստանի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին իր մենակատար թաւջութակահար, հանդէս գալով աշխարհի տարբեր բեմերէն։ Ան այժմ ուսանող է Wayne State University-ի մէջ, ինչպէս նաեւ գլխաւոր թաւջութակահարն է Wayne Symphony նուագախումբին։

Բուլղարիայի պետական երաժշտական ակադեմիայի շրջանաւարտ դաշնակահար Անջելինա Բաշմակովան համերգներով հանդէս եկած է Ռուսաստանի, Եւրոպայի, Հնդկաստանի եւ Մ. Նահանգներու տարբեր քաղաքներու մէջ։ Ան Օքլենդ համալսարանի խմբավարական բաժինէն մագիստրոսի վկայականին տիրացած է։

Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի շրջանաւարտ, երիտասարդ ջութակահար Հենրիկ Կարապետեանը մաս կազմած է Երեւանի «Սերենադ» կամերային նուագախումբին, համերգներ տալով Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ։ Այժմ ան կ՚ուսանի Wayne State University-ի ջութակի բաժինը, աշակերտելով Մովսէս Պօղոսեանին։

Յայտագրի առաջին մասով յաջորդաբար ելոյթ ունեցող արուեստագէտներ Չուբարեանը իր «Յորժամ»-ով, եւ Մոցարտի «Ֆիգարոյի ամուսնութիւնը» եւ «Դոն Ժուան» օպերաներէն հատուածներու կատարումով, Լ. Պետրոսեանը իր Բրամսի E Minor Sonati առաջին մասով ու Կոմիտասի «Հով արէք»-ով, իսկ Հ. Կարապետեանը իր Է. Բաղդասարեանի Rhapsody-ի կատարումով առինքնեցին ներկաները։

Ընդմիջումէն ետք Ն. Ազատեանը շնորհակալութեան իր խօսքին մէջ յատուկ յիշեց այս ձեռնարկին յաջողութեան օժանդակած ջութակահար Մովսէս Պօղոսեանը, առանց որուն դժուար պիտի ըլլար իրագործել այս դասական համերգը։ Ատենապետուհին նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց սրահին տիրոջըՙ դոկտ. Կարապետ Պէլեանին ու տիկնոջը, որոնք ազնուաբար կ՚ընդառաջեն գաթուղինՙ տրամադրելով սրահը այսպիսի օգտաշատ ձեռնարկներու։ Տիկ. Ազատեանը չմոռցաւ յիշելու նաեւ Թէքէեանի վարչականներուն անունները, որոնք իրենց ժամանակն ու ջանքը չէին խնայած այս համերգի հեզասահ ընթացքը ապահովելու։

Համերգի երկրորդ մասը գերազանցեց ակնկալիքները։ Լուսինէ Պետրոսեանի թաւջութակի մենակատարումները, յատկապէս Բախի 3 Sonata in C Major-ը, ունկնդիրներուն վերացումի պահեր պարգեւեց, ուր անոնք ըմբոշխնելով իւրաքանչիւր հնչիւն, կարծէք կը վերապրէին Բարոքյան դարաշրջանը։

Երգչուհի Սիւզան Չուբարեանը, դաշնակի անթերի ընկերակցութեամբ Անջելինա Բաշմակովայի, իր վարպետութեան գերազանցութիւնը բացայայտեց յատկապէս Ա. Տիգրանեանի «Անուշ»-ի խենթութեան տեսարանի կատարումով, նաեւ յատկանշական էր Բ. Կանաչեանի «Պճինկօ»-ն, որ ստեղծագործութեան հումորի իւրայատուկ մթնոլորտը մատուցելու թատերական տաղանդ կը պահանջէր։

Երիտասարդ ջութակահար Հենրիկ Կարապետեանը կրցաւ հարազատօրէն ստեղծել գունային այն վառ երանգները, որ Դեբյուսիի ստեղծագործութեան ցայտուն առանձնայատկութիւններէն են։ Իսկ Սարասատեի Zigeunerwazen Gypsy Airs ստեղծագործութեան մեկնաբանումը ջութակահարին բարձր վարպետութեան չափանիշը կարելի է համարել։

Համերգի աւարտին հիանալի հնչեց Առնօ Բաբաջանեանի Trio-ն, վերոյիշեալ երեք արուեստագէտներուն կատարումով։

Սոյն ձեռնարկին նպատակներէն մէկն էր հանգանակութիւն կատարել Ուէյն նահանգային համալսարանին մէջ հաստատուած երաժշտական յատուկ ծրագրին համար, որուն միջոցաւ պրոֆ. Մովսէս Պօղոսեան երիտասարդ տաղանդներ կը հրաւիրէ Հայաստանէնՙ կատարելագործման եւ երաժշտական աշխարհին ծանօթացման համար, հետեւաբար այս յաջող ձեռնարկին եկամուտը ամբողջութեամբ յատկացուեցաւ այդ ծրագրին։

Դոկտ. Պէլեանի շնորհակալական խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

ԱՐՇԱԼՈՅՍ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ, Դետրոյթ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4