ժողովը կը գնահատէ անցնող արդիւնաւոր տարեշրջանը
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Կանադայի Թէքէեան մշակութային միութեան 27-րդ պատգամաւորական ժողովը յաջողութեամբ գումարուեցաւ յունիս 6-8 շաբաթավերջին, հիւրընկալութեամբ Չիկագոյի մասնաճիւղին։
Ընդունելութիւն
Ուրբաթ, յունիս 6-ի երեկոյեան պատգամաւորները հիւրասիրուեցան Միութեան Չիկագոյի մասնաճիւղի անդամներ դոկտ. Յովսէփ եւ Սոնա Տէյիրմենճեաններու ապարանքին մէջ։
Գործադիր վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Պետրոսեան, որ ստանձնած էր հանդիսավարի պաշտօնը, հանգամանօրէն ներկայացուց Տէյիրմենճեան ամոլը եւ պատգամաւորները։ Ներկաները առիթը ունեցան զիրար ճանչնալու եւ զրուցելու ազգային հարցերու վերաբերեալ։
Պատգամաւորական ժողով
Շաբաթ, յունիս 7-ի առաւօտեան սկսաւ Միութեան 27¬րդ պատգամաւորական ժողովը։ Ժողովի մասնակիցներուն բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթեց Չիկագոյի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Սերոբ Պետրոսեան։ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ պրն. Վարդգէս Պալեան իր խօսքին մէջ համադրեց վերջին մի քանի տարիներու Կեդրոնական վարչութեան արձանագրած յաջողութիւնները, ինչպէսՙ Գործադիր վարչութեան ստեղծումը, Արշակ Տիգրանեան վարժարանի ընդարձակման ծրագիրը, կարգ մը մասնաճիւղերու աշխուժացումը, Հայաստանի մէջ երկու վարժարաններու նորոգումը, ուսուցիչներու նիւթական օժանդակութիւնը, Երեւանի մէջ Թէքէեանի Արիական շարժման ստեղծումը, ողբացեալ խմբագիր Յակոբ Պօղոսեանի յիշատակի յաւերժացումը, Անդրանիկ Թերզեանի անուան մրցանակներու հաստատումը եւ սփիւռքի մէջ հինգ գիրքերու հրատարակութիւնը եւ վերջապէսՙ Միութեան դրամագլուխի, կալուածներու եւ կտակներու անձեռնմխելիութեան հարցը։ Պրն Պալեան նաեւ մատնանշեց կարգ մը մտահոգութիւններ եւ կատարեց առաջարկներ Կեդրոնական վարչութեան կազմին եւ ձեւին մասին, Գործադիր մարմնին հզօրացման, անդամակցութեան զօրացման եւ անդամատուրքերու գանձման արդիականացման, ինչպէս նաեւՙ Միութեան ծրագիր-կանոնագիրի գործադրման, թերթերու հրատարակման եւ գրասենեկային հարցերու վերաբերեալ։
Միութեան վարիչ քարտուղար Գէորդ Մարաշլեան կատարեց ստուգումը պատգամաւորներու եւ ապա ընտրուեցան հաշուեքննիչ, ընտրողական եւ բանաձեւերու յանձնախումբերու անդամները։
Արշակ Տիգրանեան վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Ջորջ Մանտոսեան հպարտութեամբ յայտնեց, թէ արդէն իսկ օր մը առաջ սկսած են վարժարանի 3.5 միլիոն դոլարի ընդարձակման ծրագիրի գործադրման եւ կոչ ըրաւ պատգամաւորներուն աւելի աշխուժօրէն աջակցելու դրամահաւաքի ճիգերուն։ Վարժարանի աւագ ուսուցիչ Վաչէ Սեմերճեան ներկայացուց վարժարանին ունեցած յաջողութիւններն ու գաղութին բերած նպաստը։ Կեդրոնական վարչութեան տարեկան բարոյական տեղեկագիրը ներկայացուց Գէորգ Մարաշլեան, իսկ նիւթական տեղեկագիրըՙ ատենապետ Վարդգէս Պալեան։ Գործադիր մարմնի ատենապետ Մարօ Պետրոսեան համադրեց Մարմինին գործունէութիւնը եւ յայտնեց, թէ անցնող 3 տարիներուն Միութիւնը աւելի քան 70.000 դոլար նուիրած է Հայաստանի ուսուցիչներուն «Հովանաւորէ ուսուցիչ մը» ծրագիրի գործադրութենէն ի վեր։ ԹՄՄիութեան Կանադայի եւ Ամերիկայի բոլոր մասնաճիւղերէն պատգամաւորներ շարունակեցին ներկայացնել մէկամեայ գործունէութեան բարոյական եւ նիւթական տեղեկագիրները։ Բոլոր տեղեկագիրներն ալ պատկերացումն էին Միութեան կրթական, մշակութային եւ հրատարակչական մարզերուն մէջ ծաւալած բազմաբնոյթ գործունէութեանց։ Տեղեկագիրներու ընթերցման աւարտին պատգամաւորները ներկայացուցին իրենց քննադատութիւնները, գնահատանքները եւ առաջարկները միութեան աշխատանքները աւելի արդիւնաւոր դարձնելու մտահոգութեամբ։
Միութեան «Վարդգէս եւ Ռիթա Պալեան մամլոյ մրցանակին» արժանացան Լոս Անջելեսէն Վաչէ Սեմերճեան եւ Կիպրոսէնՙ Ջորջ Տէր Բարթող։ «Տիգրան Սմսարեան» գործունեայ մասնաճիւղի բաժակին արժանացաւ Նիւ Եորքի մասնաճիւղը։
Եզրափակիչ ճաշկերոյթ¬զուարթախոհութեան երեկոյ
Շաբաթ գիշեր տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ մօտ բազմահարիւր հանդիսականներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ պատգամաւորական ժողովի եզրափակիչ ճաշկերոյթը։ Բացման խօսք ըսաւ Չիկագոյի մասնաճիւղի ատենապետ Սերոբ Պետրոսեան, օրուան հացն ու սեղանը օրհնեց Հոգեշ. Վարուժան վարդապետ Գապարաճեան եւ բարի գալուստ մաղթեց Առէն սարկաւագ Ճեպեճեան։
Հանդիսավար Օսքար Թաթոսեան, ներկայացնելէ ետք Թէքէեան մշակութային միութեան հակիրճ պատմականն ու օրուան պատգամը, հրաւիրեց «Վարդգէս եւ Ռիթա Պալեան» մրցանակի յանձնախումբի ատենապետ Երուանդ Ազատեանը, որ յայտարարեց, թէ այս տարուան երկու մրցանակակիրներն են Լոս Անջելեսի «Նոր Օր» շաբաթաթերթի խմբագիր Վաչէ Սեմերճեան որպէս հայերէնով, եւ Կիպրոսի «Cyprus Weekly» թերթի հրատարակիչ Ջորջ Տէր¬Բարթողը որպէս օտար լեզուով, մամլոյ մրցանակակիրներ։ ԹՄՄ-ի բարերար ամոլը բեմ հրաւիրուեցաւ եւ անոնք մրցանակներն ու պատուոյ տախտակները յանձնեցին Վաչէ Սեմերճեանին եւ Ջորջ Տէր Բարթողի զաւակինՙ Երուանդին, որ Նիւ Եորքէն յատկապէս ժամաներ էր ներկայացնելու համար իր հայրը։ Ապաՙ Վարդգէս Պալեան եւ Մարօ Պետրոսեան Միութեան 2002 թուականի ամենէն գործունեայ մասնաճիւղիՙ Նիւ Եորքի վարչութեան ատենապետ Նորայր Մկրտիչեանին յանձնեցին «Տիգրան Սմսարեան» բաժակը։
Միութեան ղեկավարութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր յատուկ գնահատագիրով պատուելու ԹՄՄիութեան 25 տարի կամ աւելի անդամներուն վաստակը։
Հանդիսութեան ընթացքին անհատական անեկդոտներ եւ սրամիտ պատմութիւններ ներկայացուց Լոս Անջելեսէն յատկապէս հրաւիրուած, ՀԲԸՄիութեան «Արտաւազդ» թատերախումբի բեմադրիչ եւ յայտնի դերասան Գրիգոր Սաթամեան։
Նաւապտոյտ Միչիգըն լիճի վրայ
Պատգամաւորներն ու հիւրերը կիրակի յունիսի 8-ի առաւօտեան առիթը ունեցան վայելելու Իլինոյ նահանգին գեղեցկութիւնը, նաւապտոյտ մը կատարելով Միչիգըն լիճին վրայ, որմէ ետք պատգամաւորները հրաժեշտ առին իրարմէ, յառաջիկայ տարի կրկին անգամ հանդիպելու Նիւ Եորք¬Նիւ Ջըրսիի մէջ, ուր պիտի կազմակերպուի ԹՄՄԻութեան 28-րդ պատգամաւորական ժողովը։
ԹՄՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ, Յունիս 12, 2003, Բոստոն