«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#137, 2003-07-19 | #138, 2003-07-22 | #139, 2003-07-23


ԿԱՐՕՏԻ ԱՉՔԵՐՈՎ

Ամբողջ տարի մը բացակայելէ ետք կը վերադառնամ Երեւան, յուլիսեան այս աննախադէպ տօթին։

Առաջին իսկ օրէն կը նետուիմ փողոց, տարի մը առաջ քանդուած փողոցներուն ու մայթերուն վերանորոգուած, վերայարդարուած գեղեցկութիւնը վայելելու։ Անհամբեր եմ ու բան մը կորսնցուցածի նման ոտքերս ու աչքերս աջ ու ձախ կը խուզարկեն։

Նոր քանդումներուն քով վերանորոգուածը աչքի չի զարներ։ Այնքան հող ու աւազ, քար ու սալաքար կայ կուտակուած հոս ու հոն։

Բաղրամեան փողոցի վերի հատուածը լրիւ փակ է։ Թումանեանի մայթերով քալել գրեթէ անհնար է։ Օպերայի շուրջի տարածքըՙ երեխաներու, ծերունիներու եւ ընդհանրապէս ժողովուրդի սիրած հաւաքավայրը փակ է ու անջատուած շրջապատի սրճարաններէն։ Հրապարակը գոյութիւն չունի, որուն փոխարէն, թիթեղեայ ցանկապատերով եզերուած հսկայ տարածութեան մը մէջ ծանրամարմին մեքենաներ կը ճռնչեն։

Ակներեւ է, որ գործընթացը դանդաղ է. հարցնելու կարիք չկայ, մեղաւորը միշտ դրամն է։ Եթէ այս տեմպով շարունակուի, ով գիտէ երբ կը կարգաւորուի այս քաղաքը։

Գործազրկութեան իրավիճակը քիչ մը հակակշռող մասնաւոր երեւոյթներ չկան, սակայն տարօրինակ սղաճ մը կայ։ Տուներու գիները կրկնապատկուած են, չեմ հասկնար ինչո՞ւ։ Կ՛ըսեն թէ սփիւռքահայեր սկսած են անշարժ կալուածներ գնել։ Ա՞յս է պատճառը. յետո՞յ։

Երթուղային մեքենաները մեծամասնութեամբ նոյնն ենՙ հնամաշ, կեղտոտ ու սարտինի տուփ յիշեցնող խճողուածութեամբ։

Չեն պակսած մուրացիկ կիները, ոչ ալ սեմուշկա վաճառողները։ Աշխոյժ են բացօթեայ սրճարանները, նրբագեղ ու հրապուրիչ մատուցող աղջիկներով։

Տաքսիներու վարորդները կը յօրանջեն իրենց մեքենաներու ղեկերուն ետեւ, անակնկալ յաճախորդ մը որսալու սպասումին մէջ, կամ ալ հաւաքուած ճատրակ կը խաղան ինքնաշարժին ետեւի կափարիչին վրայ։

Խանութներու վաճառորդուհիները դեռ կը շարունակեն անժպիտ ծառայել։ Անտարբեր են ու յոգնած։ Աշխատանքային օրը երկար է, իսկ աշխատավարձըՙ չնչին, ինչպէ՞ս ժպտան։

Կասկադը սկսած է բարեզարդուիլ. երեւի սեւ կատուին տեղադրումը այդտեղ պարտաւորեցնող էր։

Չեմ ուզեր վերապրիլ «Զուարթնոց» օդանաւակայանի մղձաւանջը։ Աստուած իմ, այս ի՜նչ իրարանցում է, անկանոնութիւն, հրմշտուք... Մարդիկ ինչե՜ր կ՛ակնկալէին այդ էօռնեքեան կոչուածէն։

Երեք նոր արձաններ կը գրաւեն ուշադրութիւնս։ Կարապի լիճին մօտ Ա. Բաբաջանեանինն է, որը վերափոխուելէ ու վերատեղադրուելէ ետք, դեռ անհամոզիչ կը թուի։ Մարդիկ չեն սիրեր ու չեն թաքցներ իրենց հակակրանքը։ Տգեղ արձան մըն է, բզկտուած կիսանդրի մը, որուն աջ ձեռքը օդին մէջ բարձրացած, կարծես ուր որ է հիմա՛ պիտի իջնէ ու ջարդէ գրանիտեայ այդ դաշնամուրը։

Ամերիկեան համալսարանի սանդուղներուն միջեւ զետեղուած Մարշալ Բաղրամեանի արձանը աւելի տանելի է, թէեւ շատ դասական, սակայն մեծ զինուորականին վայել կեցուածքով։

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ նորակառոյց եկեղեցւոյ շրջապատին մէջ, զոյգ ձիերու վրայ, թուրն ի ձեռին խոյացող մեր նոր Սասունցի Դաւիթըՙ Զօրավար Անդրանիկն է։ Գեղակառոյց, պատկառազդու, հսկայ պատուանդանի մը վրայ զետեղուած, որուն յետնամասը ներս մխրճուած բաժին մը կայ, մուտք մը, եւ որը աչքէ բաւական հեռու ըլլալուն, արդէն միզարանի վերածուած է։

Այս արձանները տէր, տիրական չունի՞ն։

Երանի չանցնէի ետեւ ու չտեսնէի այդ տեսարանը։

Բայց ո՞րը չտեսնես։ Մէկէն յաջողեցար խուսափիլ, միւսէն յաջողեցար խուսափիլ, սակայն այս համատարած աղբակոյտերէն ու գարշահոտերէն ինչպէ՞ս խուսափիս։

Երեւանին նուիրուած որքա՜ն երգեր կան։ Հայերը, երեւանցիք մասնաւորաբար կը պաշտեն իրենց քաղաքը, իսկապէ՛ս սիրահարուած են անոր, բայց ո՞ր սիրահարը իր սիրուհին այս վիճակի մէջ կը ձգէ։

Թող տեսահոլովակ պատրաստող բեմադրիչ մը քաջութիւնը ունենայ Երեւանին նուիրուած երգին զուգահեռ, նկարել անոր տգեղութիւնները։

Ժողովո՛ւրդ, «պետութիւն» չեմ ըսեր, որովհետեւ անոնք աւելի «կարեւոր» բաներով զբաղուած են ու, սիրելի երեւանցիներ, ամենայն հայոց մայրաքաղաքին վրայ քիչ մը գուրգուրացէք։ Մեր տասնեակ մը պատմական մայրաքաղաքներէն մնացեր է այս մէկ ու միայնակը. մաքուր պահեցէք ու գեղեցկացուցէք զայն, որպէսզի իրա՛ւ անկեղծ հնչէն իրեն նուիրուած ձեր երգերը։

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ, ՀԱԼԷՊ-ԵՐԵՎԱՆ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4