«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#206, 2003-11-11 | #207, 2003-11-12 | #208, 2003-11-13


ՀԱՐԱԶԱՏԻՍՙ ՍԱՐԳԻՍ ԼԵՓԵՃԵԱՆԻ ԹԱՐՄ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Երեւանի «ոսկի աշուն»-ը իր առաջին անձրեւը կը տեղար այսօր, կիրակի առաւօտ։ Մինչեւ երէկ աշունը պայծառ էր ու շուրջսՙ ոսկեգոյն տերեւաթափ։ Սակայն, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ մը, այս կիրակին պիտի ըլլար ինծի համար «յիշատակի օր» մը, նուիրուած անորՙ որուն կեանքը իր ծնունդէն մինչեւ վերջալոյսը եղեր էր սփիւռքահայու անողոք ճակատագիր, անգիր վէպՙ տարագիր հայու, անվերջ պայքարՙ յանուն հայրենիքի եւ անոր ծառայութեան յանձնառութեամբը տոգորուած գաղափարապաշտ հայորդի։ Սարգիս Լեփեճեան այն սփիւռքահայն էր, որուն կեանքին ամէնէն աշխատունակ տարիները յատկանշուած էին մեր հայրենիքին նուիրաբերած տարիներով աւելի քան կէս դար։ Ծնած էր Ալեքսանտրէթ, Դաշտային Կիլիկիոյ հայոց ծոցի ափին (1924 թ.)։ Ուսումնառութիւնըՙ տեղւոյն Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Նուպարեան վարժարանէն ներս, թրծուած անշեղ հայրենասիրական ոգիովՙ շունչին տակ երախտաշատ տնօրէն եւ ուսուցիչ, ու նուիրեալ խմբագիր Մարտիրոս Տէր-Ստեփանեանի։ 1938-ին, երբ բոլորիս համար «ասպետական» նկատուած Ֆրանսան, 30 արծաթի փոխան Ալեքսանտրէթը կը նուիրէր Թուրքիոյ եւ յօդս կը ցնդէին մերՙ Կիլիկիոյ հայութեան ազգային օջախի երազները, անձնատուրՙ տեղւոյն հայ ազգաբնակչութիւնը կ՚ենթարկուէր բռնագաղթի եւ իր շունչը կ՛առնէր Հալէպ, Պէյրութ եւ Ամման։

Ընտանեկան յարկեր եւ հարազատներ կ՛ըլլային բաժան-բաժան անստոյգ ապագայի մը ճակատագիրին ու փոթորիկին անձնատուր։ Մօրենական հարազատ զարմիկներ էինք։ Երէց եղբայրըՙ Պետրոս, Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ Թէքէեան մեծանուն բանաստեղծին «հոգեւոր» զաւակներէն էր դարձած։ Ապաՙ ուսուցիչ Երուսաղէմ։ Կրտսեր եղբայրըՙ Կայծակ, դարձեալ իր կրթութիւնը ստացեր էր Մելգոնեան կրթ. հաստատութենէն ներս, ապաՙ Պաղեստին, եւ հայրենադարձի տարիներուն կը վերադառնայ հայրենի տուն. բանաստեղծ հոգի մը, հեղինակ երեք հատորներու։ Այժմ, Լեփեճեան երեք եղբայրներն ալ կը պատկանին պատմութեան։ Պետրոսն ու Կայծակը օտար ցուրտ հողին տակ կը ննջեն, իսկ Սարգիսըՙ դեռ վերջերս, 17 օգոստոսին, Երեւանէն քիչ մը հեռու, Գեղադիր գիւղի բարձունքին, հազիւ գտած իր երջանկութեան բեւեռը, որուն կարօտովը տուայտեր էր իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան, եղեր էր բնութեան կանչին ունկնդիր, եւ այսօր, երբ հայրենի հողին տուած թէքէեանական տասնօրեակի այցելութեանս, երբեմնի «Հայրենիքի ձայն» թերթին «Փնտռում են հարազատներին» գիրին պիտի ապաւինինք... ինծի բաժին կ՛իյնար ահաւասիկ այցելութիւն մըՙ Սարգիսին թարմ հողակոյտին։ Փնտռեցի զինք, բայց գտայ... պատանքուած հայրենի հողով։

Օրը կիրակի։ Խոնաւ, անձրեւոտ ու ցրտաշունչ։ Մտովիՙ կիսակատար աղօթք մը կը մրմնջէի։ Մեր երկուքիս ալ հայրերը նաեւ հաւատաւոր հոգեւոր եղբայրներ էին, իսկ մենքՙ ՌԱԿ-եան գաղափարախօսութեան գործակից եւ ընկեր։

Կը յիշեմ ու կը վկայակոչեմ իր անսակարկ նուիրումը յանուն հայրենիքի եւ հանդէպ ամմանահայութեան երիտասարդ սերունդին։ Իր անձնական նախաձեռնութիւններով, Յորդանանի արքայական պալատին կողմէ ընդունելի կարգավիճակ մը շնորհած էր վերջին չորս տասնամեակներուն ամմանահայ երիտասարդ հայ ուսանողներուն, որպէսզի անոնք անարգել եւ անխափան կարենային ուսանիլ Երեւանի համալսարաններուն մէջ։ Մեծ մասը անոնցմէ, որոնք արաբախօս ընտանիքներէ կուգային եւ առանց հայրենական ուսումնառութեան կրնային ձուլուիլ օտարութեան մէջ։ Այսօրուան հաշուարկումներով շուրջ երեք հազարնոց ամմանահայութիւնը ունեցաւ աւելի քան 150 շրջանաւարտ ուսանողներ Հայաստանէն։ Եւ այսՙ մեծ մասամբ կը պարտինք Սարգիս Լեփեճեանի անձնական ճիգերուն, իր խորունկ հայրենասիրութեան։

Այժմ ան կը ննջէ խաղաղ։ Գեղադիր գիւղի բարձունքէն երբեմնի գաղափարապաշտ հայ մարդու պայծառ յիշատակն է, որ կը խօսի բոլոր անոնցՙ որոնք անձամբ ճանչցած են զինք ու գործակցածՙ իր հետ։

Սիրելի տիկին Սոնա եւ Օհան ու համայն հարազատներ, ահաւասիկ այն բառերը, զոր չկրցայ արտասանել Ձեր սեղանին շուրջ, բայց գրի առի զանոնք նոյն գիշեր իսկ, անձնատուր հին օրերու քաղցր յիշատակին։

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ, Երեւան, 9 նոյեմբերի, 2003 թ.


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4