«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#214, 2003-11-21 | #215, 2003-11-22 | #216, 2003-11-25


ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԻ ՄԸ ԱՌԹԻՎ

Շուկայ որոնողներու մէջ շուկայ չեն որոներ

Վերջերս «Ազգ»-ի մէջ յօդուած մը լոյս տեսաւ, որուն մասին կ՛ուզեմ խորհրդածութիւն մը ներկայացնել։ Յօդուածը «Լեդա սիստեմս»-ի մասին էր։ Այնտեղ կը նշուէր, թէ քանի որ ասիական երկիրներու մէջ է որ ծրագրաւորման աշխատանքները մեծ յառաջադիմութիւն կ՛արձանագրեն ներկայիս եւ «նոյնիսկ պատվիրատուները ասիական երկիրներից Հայաստան են գալիս», ուրեմն որոշում կայացուած է այդ տարածաշրջանին մէջ շուկա փնտրել։

Նիւթով հետաքրքրուած եմ պարզ այն պատճառաւ, որ մերինին նման երկիր մը իր արտադրանքով մասնաւոր միջոց մը եթէ պիտի լեցնէ, այդ տարածքին մէջ ինքզինք պարտադրող ապրանք մը պիտի ներկայացնէ շուկային, ճանաչում-համբաւ պէտք է ձեռք բերէ եւ ոչ թէ միջնորդներու միջոցաւ ներկայացուի գնորդին։ Պէտք չէ մոռնալ, որ ասիական շուկան ապրանք կ՛արտադրէ գլխաւորաբար Արեւմուտքի համար։ Ասիական շուկան իր արտադրութեան շատ փոքր ծաւալը կրնայ սպառել ընդհանրապէս, բայց երբ հարցը կը վերաբերի համակարգչային ծրագիրներու, այդ փոքր ծաւալը կը նուազի չնչին տոկոսի։ Երկրորդ, ասիական շուկան յաջողակ է այսօր մի միայն գնային իր մրցունակութեան պատճառաւ։ Այս երկու հիմնական տուեալներէն դրդուած, կը մղուիմ մտածելու, թէ «Լեդա Հոլդինգ»-ը սխալ որոշում կայացուցած է իր գործարարութիւնը կեդրոնացնելով ասիական շուկաներու մէջ։ Բազմաթիւ պատճառներէն նշեմ այստեղ միայն երկուքը։ «Լեդա Հոլդինգ»-ը ինքնուրոյն ճանաչում չի կրնար ձեռք բերել երբեք։ Ասիական որեւէ միջնորդ իր հայթայթիչի գովազդումը պիտի չկատարէ իր գնորդներուն, հետեւաբար կողմնակի շուկայի ձեռքբերումը պիտի զլացուի «Հոլդինգ»-ին, ան միշտ կախեալ պիտի ըլլայ իր միջնորդ-գնորդներու քմահաճոյքէն, մինչեւ որ աւելի ձեռնտու հայթայթիչներ զայն ընդմիշտ դուրս մղեն իր շուկաներէն։ «Հոլդինգ»-ը պարտաւոր պիտի ըլլայ աշխատելու միշտ նուազագոյն գիներով, որովհետեւ շուկան, որուն ինք կը մատակարարէ, իր յաջողութեան գաղտնիքը կը պարտի իր աժան գիներուն։

Յօդուածին մէջ այլ հարցեր եւս արծարծուած են, որոնք ըստ իս անճշտութիւններ կը պարունակեն, ստորադասի նկատմամբ վերաբերմունք կ՛արտայայտեն եւ ամենէն խոցելին, ինծի ծանօթ Հայաստանի գործարարական շրջանակներու մէջ տիրող աշխատաոճի պախարակելի երեւոյթը կը բացայայտեն, որպէս գործարարական աշխարհի մէջ կիրարկուող դրոյթ։ «Սոցիալական ապահովագրութեան վճարների» եւ «Աշխատանքի վարձատրութեան» վերաբերեալ իր ցուցումներու մէջ «Հոլդինգ»-ի ներկայացուցիչը ոչ միայն Հայաստանի մէջ տիրող օրէնքները կը դատապարտէ եւ անհիմն կերպով կը յայտարարէ, թէ «նման անհեթեթ օրենք երեւի թե ամբողջ աշխարհում չկա», այլ նաեւ իր ոչ բաղձալի վերաբերմունքը կ՛արտայայտէ իր աշխատակիցներուն նկատմամբ, զանոնք «վարձու աշխատողներ» որակելով։ «Հոլդինգ»-ի ներկայացուցիչը թող լաւ ուսումնասիրէ պետութեանց վերաբերմունքը, պաշտպանողական դերը եւ պարտաւորութիւնները աշխատողներու վերաբերեալ եւ ապա միայն նման բաներու մասին իր կարծիքը յայտնէ։ Եթէ գործազրկութեան վճարներու եւ ընկերային ապահովագրութեան ասպարէզներու մէջ դրական նախաքայլեր կ՛առնէ Հայաստանի պետութիւնը, պէտք չէ խեղդել այս բարի տրամադրությունները ի խնդիր անհատական առաւելութեան։

Զանց կ՛ընեմ այստեղ խօսիլ յօդուածի վերջին եւ վերջընթեր պարբերութեանց մէջ արտայայտուած կարծիքներուն, լուծումներուն եւ բաղձանքներուն վերաբերեալ։ Բայց չեմ կրնար թէ՛ ներկայացուցիչին եւ թէ ընդհանրապէս հայրենիքի ինծի ծանօթ գործարարներու աշխատելաոճին մասին չարտայայտուիլ։ Խօսքս կը վերաբերի «աշխատավարձերի եւ հարկերի ժամանակին վճարումը մեզնից կախված չէ» չքմեղանքին։ Գործարարութիւնը Հայաստանի մէջ, ըստ իմ փորձառութեան, ուրիշներու դրամով դրամ վաստակելու մէջ կը կայանայ։ Դրամագլուխով աշխատելու աշխարհով մէկ ընդհանրացած դրութիւնը այստեղ ամբողջութեամբ անտեսուած է։ Եթէ գործ կ՛ուզես ընել, կամ դրամ կ՛ունենաս եւ կամ վարկ։ Հայաստանի դժուար պայմաններուն մէջ աշխատող անձը միայն կը հանդուրժէ ապրանքի իրացումէն ետք կատարուած փոխանցումէն ստացուած գումարով աշխատավարձ ստանալու ոճին։ Երբ որ գործ կ՛ընես, կա՛մ դրամ ունեցիր, կա՛մ գնա փոխառութիւն ըրէ։ Աշխատավարձի վճարումը եւ պետութեան վճարները քու դրամական ներկայ կացութեամբ պայմանաւորուած պէտք չէ ըլլան։ Ասիական երկիրներու հետ աշխատելու անպատեհութիւններէն մին ալ վճարները ստանալու ժամկէտը եւ անոնց վաճառքի հիման վրայ պայմանաւորուած ըլլալու դրութիւնն է։

Փ. Ա.


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4