«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#224, 2003-12-05 | #225, 2003-12-06 | #226, 2003-12-09


ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԵԱՆ ՄԱՖԻԱՅԻ ՀԱՅ ՀԵՐՈՍՆԵՐԸ ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ

Դեկտեմբերի 7-ին իտալական օրաթերթերու վերնագիրները, գլխագիրով, մեծ աղմուկով կ՛աւետէին Իտալիոյ մէջ գործող «ռուսական» մաֆիայի խոշոր ցանցի մը ձերբակալութիւնը, 34 անձերէն 18 միայն...

Այս «ռուսական» կոչուած մաֆիան, իրականին մէջ, դժբախտաբար, մոսկուաբնակ հայ ոճրագործներու խումբ մըն է, որ բռնութիւններու ենթարկելով 600 խուլ եւ համր թշուառականներ, բերած կ՛աշխատցնէն Իտալիոյ ծովեզերեայ եւ զբօսաշրջային մեծ կեդրոններու մէջ, պարտադրելով որ մանր-մունր ապրանքներ ծախեն ձեռքի վրայ եւ գումարը «շէֆերուն» յանձնեն։ Որեւէ բողոք կամ անբաւարար գումար բերող կ՛ենթարկուի խիստ պատիժի, ծեծ, տուգանք եւ այլն...

Այս ոճրագործական բուրգին կատարին կը գտնուին երկու եղբայրներՙ Գրիգոր եւ Անդրանիկ Գրիգորեան, որ Ռուսիա կը բնակին։ Ասոնց ենթարկուած են Էդուարդ Խալաճեան եւ ոմն Ալեքսանդր Փիսգլով, Ռուսիա-Իտալիա գործերը դասաւորող։ Ենթակառոյցը հետզհետէ կը ճիւղաւորուի, իւրաքանչիւրը պաշտօնով մը։ Ամէն գաւառ ունէր իր պատժական ջոկատը եւ վա՜յ անոր, որ փորձէր գանգատիլ։

Իտալական ոստիկանական քննութիւնները ցոյց կու տան, որ այս ոճրագործական կազմակերպութիւնը զօրաւոր ներքին կառոյց ունէր եւ տարեկան 1,5 միլիոն եւրօ եկամուտ կ՛ապահովէր իր շէֆերուն...

Ձերբակալութիւնները կատարուած են Սաւոնա, Միլանօ, Փաւիա եւ Վենետիկ, ուր երկու կազմակերպիչներըՙ Գագիկ Պետրոսեան եւ Վանիա Լալայեան, ներկայիս կալանքի տակ են եւ հարցապնդումի ենթարկուած։

Ք. Ե., Վենետիկ

Ապրի՜ն Մոսկուայի հայ մաֆիոզիները, որ դարերով Իտալիոյ մէջ կերտուած հայոց բարի համբաւը, որպէս բարձր մշակոյթի ժողովուրդ, մէկ հարուածով ծով կը թափեն...


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4