«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#235, 2003-12-20 | #236, 2003-12-23 | #237, 2003-12-24


ՌԱԿ ՀԱՅ ԻՐԱՎԱՆՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԿԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՆԱՀԱՆԳԻ ՍԵՆԱՏՈՐ ՋԷՔ ՍՔՈԹԻ ՀԵՏ

Դեկտեմբեր 19-ին, տօնական օրերու այցելութեանց ծիրէն ներս, ՌԱԿ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ իրաւանց խորհուրդի ներկայացուցիչներ ընկերներ Արա Ահարոնեանը եւ Գէորգ Գրիգորեանը հանդիպում ունեցան Կալիֆորնիոյ նահանգի սենատորինՙ 21-րդ ընտրաշրջանի դեմոկրատ ծերակուտական Ջէք Սքոթի հետ, Փասադենայի իր գրասենեակին մէջ։

Հայասէր ծերակուտականը, որուն ընտրաշրջանէն ներս բնակութիւն հաստատած են 140,000-ի հասնող ամերիկահայեր, անցնող տարածաշրջանին իր ամբողջ կարելին ըրաւ Կալիֆորնիա-Հայաստան առեւտրական մնայուն գրասենեակի մը հաստատման համար, միաժամանակ հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ տուաւ պարբերական իր հանդիպումներուն լայն տեղեկութիւններ գրասենեակի կազմակերպական աշխատանքներուն ու գործունէութեան զարգացումներուն մասին։

Անցնող տարուան դեկտեմբերին, Հայ իրաւանց խորհուրդը նշած էր ծերակուտական Ջ. Սքոթի ծննդեան 70-ամեակը, այս առթիւ հանդիսութեան ներկայ գտնուած էին մեծ թիւով քաղաքական դէմքեր Կալիֆորնիայէն յարգելու արժանաւոր կրթական մշակն ու հայասէր քաղաքական գործիչը, որ 2004-ին կը պատրաստուի վերընտրութեան երկրորդ շրջանի մը համար։

Հայ իրաւանց խորհուրդն այժմէն յատնեց իր զօրակցութիւնը սենատորին յառաջիկայ տարուան ընտրութիւններուն համար։

ՌԱԿ ՄԱՄԼՈ ԴԻՒԱՆ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4