Տաղանդաւոր երգահան-խմբավար Կարպիս Ափրիկեանի CD-ն
Աննա Մայիլեան եւ Արման Սրապեան կը սատարեն անոր յաջողութեան
Ժամանակէ մը ի վեր Կարպիս Ափրիկեան այսքան փայլով եւ ուժգնութեամբ չէր լուսաւորած հայկական երաժշտական բնագաւառը, որքան իր այս նոր ձայնագրուած CD-ով։
Արդարեւ միակն է ան մեր խմբավարներէն, որ այսքան երկար ժամանակաշրջան գլուխն է Փարիզի նոյն սիրողական «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբին, որ հասած է արհեստավարժ որակի հնչողականութեան, ստեղծելով կուռ, նրբաճաշակ գեղարուեստական արտայայտչականութիւն մը։ Սա արդէն ինքնին բացառիկ ապացոյցն է Ափրիկեանի մակարդակին եւ կազմակերպչական կարողութեանց։
Ափրիկեան համերգներով եւ CD-ներով մատուցած է մեզի Կոմիտասի կարեւորագոյն գործերը, անոր մեներգերը, հոգեւոր-սրբազան ստեղծագործութիւնները, մէջն ըլլալով լայն հատուածներ Պատարագէն։ Տարիներու ընթացքին արձանագրած է արտասահմանեան հանրածանօթ երաժիշտներուՙ Գուրգէն Ալեմշահի եւ Բարսեղ Կանաչեանի յօրինումները, ապահովելով արտասահմանի ամենածաւալուն եւ ճոխ ձայնատպագրական հրատարակութիւնները։
Գուրգէն Ալեմշահի մահէն յետոյ Ափրիկեան երեք անգամ Փարիզ եւ Մարսէյլ մեկնաբանած է երգահանին «Լեժանտը» եւ «Հայկական պարը»։ Իսկ «Աւարայրի պատերազմը» առիթը ունեցանք ներկայացնել 1984-ին, Երեւանի ձայնասփիւռէն արձանագրուած ձայներիզի մը վրայ, Կարպիս Ափրիկեանի համերգին ընթացքին։
Այս առնչութեամբ կը փափագէի արտայայտել իմ ցասումս։ Դժբախտաբար Հայաստան մինչեւ օրս չէ կատարուած այս արժեքաւոր եւ յուզիչ «Աւարայրի պատերազմը», հակառակ անոր, որ Երեւան ունի համապատասխան նիւթերը։
Զանազան առիթներով գնահատած էի Աննա Մայիլեանը, մեցցօ-սոպրանօ, քաղցրահունչ, թաւշային ձայնէն կեանք առնող եւ հոգի թափանցող մեր շարականները, տաղերը, գանձերը եւ վերջապէս մէր ազգային մեղեդիները։ Սակայն այս ձայնասկաւառակին վրայ Աննա Մայիլեան կը ներկայանար աւելի բարձր մակարդակով, փոխելով իր աստուածատուր ձայնին երանգը, հասնելով տրամաթիկ-լիրիկական հզօր ձայնի մը։
Աննա Մայիլեան կ՛երգէ արտացոլացնելով Ափրիկեանի Կոմիտասին նուիրած «Ողբ» մեղեդիին զգայնութիւնը։ Անՙ ոչ միայն արուեստագէտին նուրբ եւ վարպետօրէն մշակած գործը լաւագոյնս կը մեկնաբանէ, այլ նաեւ հիանալի ապրումով մեզի հաղորդակից կը դարձնէ, առանց ձայնային աւելորդ թրթռացումի, յօրինողին հոգիին դաշնութիւնը, ստեղծելով յուզումի անզսպելի պոռթկում մը։
Մայիլեան արժեքաւորեց Ափրիկեանի գործերուն երաժշտական տարողութիւնը, եւ իր կարգին Ափրիկեանի գործը հաստատեց Մայիլեանի տաղանդը։
CD-ի ունկնդրութիւնը կը սկսի «Նանօր»-ով, մեներգիչի, երգչախումբի եւ նուագախումբի ընկերակցութեամբ եւ կը տեւէ 22 րոպէ։
Բարսեղ Կանաչեանի «Նանօրը» ձայնագրուած է բազմաթիւ երգչախումբերու մեկնաբանութեամբՙ Հայաստանէն արտասահման։ Բայց այս արձանագրութիւնըՙ իր եզակի հարուստ ոճի տարողութեամբ ի յայտ կուգայ մանաւանդ լսողական եւ պատկերաւոր հետեւեալ մանրամասնութիւններով։ Նախ եւ առաջ սիմֆոնիկ նուագախումբին մասնակցութիւնը, որ կուտայ բարձր դասական երաժշտութեան տարածքը (dimention)։
Ափրիկեան նախաբան-ներածութիւն մը յօրինած է փառահեղ նուագախմբագրութիւնով, գործածելով «Նանօրի» հիմնանիւթ թեմանՙ Սուրբ Կարապետի գովքը։
Նուագախումբի մնացեալ ընկերակցութիւնը գրուած է յաւելեալ ճոխացած թեմայով, մասնաւորաբար ուխտագնացութեան երկրորդ օրը ներկայացնող տեսարաններուն մէջ։ «Չանկլին» վերածած է ֆիւկիՙ երկին հիմնական միտքը արտայայտող նիւթով, որ ինքն իր մէջ վերածուած է հոյակապ ստեղծագործութեան մը, օգտագործելով միմիայն երաժշտական հիւսուածքին գլխաւոր նախադասութիւնը։
«Փոքր շարք հարսանեկան»-ը կազմուած է հետեւեալ սիւնագլուխներէ. ա) պարքարոլ, նաւերգ, բ) գովք, գ) օրհներգ, դ) սքեզօ, խրախճանք։ Այս փունջը մատուցուած է եռեակով, մեներգ Աննա Մայիլեան, թաւջութակ Ռեմոն Մայար եւ տաղահարՙ զգայուն արուեստագիտուհի Իրիս Թորոսեան։
Այս չորս գոհարները մեր մեներգներու երգացանկին լաւագոյն էջերէն պէտք է նկատել։ Ունկնդիրը ոչ մէկ ակնթարթ պիտի փափագի ընդհատել լսելու հաճոյքը։
Այս «Փոքր շարք հարսանեկան»¬ի երգչախմբային տարբերակը, որ անվարան նոյնքան փայլուն է եռեակին նման, հիանալի բազմաձայնային բարդ գործ մը կարելի է համարել։
«Գովքը» իր հարց ու պատասխանով, ցայտուն պոռթկումներով, մակընթացային եւ տեղատուական յառաջխաղացումներովՙ հրապուրիչ, անհասանելի մթնոլորտ մը կը ստեղծէ։
«Օրհներգը» հեղինակին ամէնէն ախորժալուր գործերէն մէկն է, պերճ բնոյթով, յուզականութեամբ, ոչ միայն հիմնուելով Աննա Մայիլեանի նուրբ թախիծով առլցուն աղերսային ձայնի վսեմութեան վրայ, այլեւ ստեղծագործական արժէքին, երանգներու հարուստ հիւսուածքին, զարդարուն ճոխ մոտիւլասիոններուն համար, մանաւանդ երգչախումբին շատ յաջող մեկնաբանութեան։
Իսկ «Խրախճանք»ըՙ խանդավառութիւն ստեղծող պարերգը, դժուար կշռոյթով, ջղուտ եւ կեանքոտ, կրնայ առանձնայատուկ տեղ մը գրաւել հայ երգչախմբային ոլորտէն ներս։
Յովհաննէս Թումանյանի բառերով ստեղծուած «Մութն էր երկինքը» խմբերգը, զմայլելի ներշնչումով գրուած ստեղծագործութիւն մըն է։
Եւ վերջին գործըՙ «Չըլլար, չըլլար» երգչախումբի, մենակատարի եւ նուագախումբի համար է։ Երգիծական, բայց լուրջ, զուարճալի եւ եռանդոտ երկխօսութիւնը Աննա Մայիլեանի վայելչագեղ խորամանկութեամբ եւ Արման Սրապեանի միջեւՙ դերասանական ձայնային եւ շեշտային արտայայտչական ապրումներ կը պարգեւէ։
Հոսՙ Կարպիս Ափրիկեան ի գործ դրած է իր քոնթրըփուանի կարողութիւնը։ Սոյն ստեղծագործութիւնը հիմնուած է երկու հակադրական թեմաներու վրայ. տղաքըՙ ռիթմիկ, կշռութային, իսկ աղջիկներըՙ մեղեդային։ Ապա դիրքերը կը փոխուին եւ երկու թեմաները ժիւքթափոզիսիոն ձեւաւորումովՙ կուգան ստեղծել բարդ ու փարթամ երաժշտական կառոյց մը։
CD-ին կից գրքոյկը ճոխ էՙ իր հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն բացատրութիւններով։ Պէտք է ընդգծել, թէ յաջող է նաեւ ձայնագրութիւնը, ճշգրիտ, ձայնային անբիծ ու անաղարտ մաքրութեամբ եւ որ ցայտուն կերպով ի յայտ կը բերէ բոլոր մասնակիցներուն կատարողական մակարդակը։
Պէտք չէ մոռնալ հայ երգի ու երաժշտութեան տարածման հզօր ջատագով «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբը։ Իսկապէս, երբ կ՛ունկնդրենք Սքերզօն, «Խրախճանքը» կամ «Չըլլար, չըլլար»-ը, 80-ամեայ «Սիփան-Կոմիտասը» մեզի կը թուի տակաւին առոյգ երիտասարդ մը։
Եւ վերջապէս, անվարան խոստովանինք, թէ այս CD-ն կը հանդիսանայ հայ դասական երաժշտութեան բարձրորակ արտայայտութիւնը եւ անուանի երգահան-խմբավար Կարպիս Ափրիկեանը կը դասէ հայ լաւագոյն երաժիշտներու շարքին։ Անկասկած, սոյն CD-ն արժանի է հետաքրքրելու եւ հարստացնելու դժուարահաճ երաժշտասէրներու ձայնադարանը։
ԼԵՎՈՆ ՄՈՄՃԵԱՆ, Փարիզ