«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#17, 2004-02-04 | #18, 2004-02-05 | #19, 2004-02-06


ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸՙ «ԳՐՈՂՆ ՈՒ ԻՐ ԺԱՄԱՆԱԿԸ»

Նախաձեռնութեամբ Քալիֆորնիայի Հայ գրողներու միութեան եւ հովանաւորութեամբ Գլենդէյլի հանրային գրադարանին եւ «Գրական ասպարէզ»ին, նոյն հաստատութեան հանդիսասրահին մէջ, երէկ, փետրուար 5-ին տեղի ունեցաւ նորակազմ միութեան անդրանիկ ձեռնարկըՙ «Գրողն ու իր ժամանակը» թեմայով։

Գրական սոյն հանդիպման իրենց մասնակցութիւնը բերին գրականագէտ Ստեփան Թոփչեան, բանաստեղծ Գարուշ Հայրեանց եւ պրոֆ. Օշին Քեշիշեան։ Համադրողն էր ԳՀԳ միութեան նախագահՙ բժ. Յարութիւն Սաղրեանը։ Կարճ զեկուցումներու աւարտին կայացաւ նաեւ հարցում-պատասխաններու բաժին մը, գրասէր հասարակութեան եւ զեկուցող գրագէտներուն միջեւ։

Խիստ այժմէական այս թեմային արծարծումը ընթացաւ մտաւորական բարձր մակարդակի վրայ, բաւարարութիւն պատճառելով ներկայ գրող-մտաւորականներուն եւ գրասէր հասարակութեան։

Զեկուցող գրականագէտները իրենց ելոյթներուն մէջ առարկայականօրէն քննարկեցին, թէ հայ գրողը կրցա՞ծ է քայլ պահել իր ժամանակի գրական, ընկերային հիմնահարցերուն եւ երրորդ հազարամեակը յատկանշող փիլիսոփայական-հոգեբանական նկրտումներուն հետ։ Քննարկուեցաւ նաեւ այն հարցը, թէ հայ գրողները իրենց ստեղծագործութիւններուն մէջ կրցա՞ծ են մատչիլՙ առհասարակ մարդկութիւնը եւ մասնաւորապէս արդի հայ մարդը յուզող տագնապներուն։

Երեկոյի աւարտին տեղի ունեցաւ գրողներու նոր անդամակցութեան արձանագրութիւն։

«ՆՈՐ ՕՐ»


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4