ՀԱՅԿԱՇԷՆ ՈՒԶՈՒՆԵԱՆ, Լառնագա, Կիպրոս
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը 14 Նոյեմբեր 2003 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը յայտարարէր, թէ բոլոր այն լուրերը, որոնք կը տարածուին Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան կալուածի վաճառման առնչութեամբ, անհիմն ու սխալ են։ Ըսել կ՛ուզուիՙ դուք ականջալուր մի ըլլաք, որոշուած է, Հաստատութեան կալուածը պիտի ծախուի։ Այս նպատակին համար ամերիկացի Կորտըն Անտերսընը Կիպրոս ղրկուած է եւ ամիսներէ ի վեր Հաստատութեան կռնակը նստած, շինարարական ընկերութիւններու եւ միջնորդներու հետ կը տեսնուի, որպէսզի Կեդրոնական վարչութիւնը ըսէ ի լուր աշխարհի, թէ «Մելգոնեանի կալուածը ծախու չէ»։
Պէտք է խնդա՞լ Կեդրոնական վարչութեան այս տխուր խաղին համար, որ ամէն պատրաստութիւն կը տեսնէ Հաստատութիւնը փակելու եւ հակասական բերանացի յայտարարութիւններով կը ջանայ շփոթեցնել ժողովուրդը։ Սակայն հաւատք ընծայող չկայ իրենց ռազմավարութեան եւ գիտեն արդէն պատրաստուող տեսաժապաւէնին վերջին արարին լուծումը։
Նուազուրդին մասնակցիլ ուզողները կրնան իրենց նուազագոյն գնման առաջարկները գոց պահարանով յանձնել պարոն Անտերսընին, որպէսզի ան ալ համախորհուրդ վերին բացարձակ իշխանաւորներուն, զտումը կատարէ եւ տրամաբանական կարգադրութեամբ վաճառման որոշումը առնէ։
Հ. Բ. Ը. Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը ամիսներէ ի վեր մտահոգ ժողովուրդը, աշակերտներու ծնողները, Միութեան անդամակցութիւնը անորոշութեան մէջ ձգած է, որպէսզի յաջորդ տարեշրջանին համար աշակերտներու ծնողները կարգադրութիւններ ընեն, իրենց զաւակները այլ կրթական հաստատութիւններ զետեղելու։ Այդ կերպ Հաստատութիւնը կը պարպուի, ինչպէս եղաւ այս դպրոցական տարեշրջանին, որպէսզի Կեդրոնական վարչութեան ծանօթ հեղինակութիւնները ծնողներուն, ժողովուրդին ըսեն. «Տեսէք, աշակերտ չկայ, ի՞նչ կրնանք ընել, ստիպուած ենք Հաստատութիւնը փակել»։
Հիմա սակայն յանկերգը փոխուած է, կ՛ըսուի.- Մելգոնեանը այլեւս իր նպատակին չի ծառայեր, հետեւաբար գիշերօթիկ բաժինը պիտի փակուի, բայց պիտի մնայ ցերեկեայ աշակերտներու բաժինը։ Ի՜նչ հետաքրքրական ու համոզիչ տրամաբանութիւն։ Աստուծոյ շնորհով եւ պատասխանատուներու բարեջան աղօթքով երկինքէն ցերեկեայ աշակերտներ պիտի իջնեն Մելգոնեանը ծաղկեցնելու եւ բաւարար թիւ կազմելու, որպէսզի ցերեկեայ աշակերտներով Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն մը ունենանք։ Մեր ժողովուրդը, Միութեան անդամակցութիւնը ոչ լսող, ոչ կարդացող, ոչ տրամաբանող, չեմ գիտեր ինչի՜ տեղ դրուած է, որպէսզի նման թթուած միտք մը թխմուի իր ուղեղէն ներս։
Բայց ո՛չ, այս բացատրութիւնը փոխաբերաբար գործածուած յայտարարութիւն մըն է, որ կ՛ըսէՙ Մելգոնեան կալուածը պիտի ծախուի։ Դուք ի՜նչ ալ խօսիք, ի՜նչ ալ գրէք, որքա՜ն ալ աղաղակէք, մենք որոշած ենք ծախել։ Եւ գիտէք ի՜նչ պիտի ընենք գոյացած գումարով, պէտք չունինք ձեզի ըսելու, ինչպէս ձեր պոռչտուքներուն կարեւորութիւն չտալով Մելգոնեանի պիւճէն չհրատարակեցինք որպէս Միութեան իւրայատուկ քաղաքականութիւն։ Ո՞վ ըսաւ թէ Հ. Բ. Ը. Միութիւնը թափանցիկ ապակեայ տուն մըն է։
Օրը նոր, Հաստատութիւնը փակելու պատճառաբանութիւնները նոր։ Հիմա ալ շեշտը կը դրուի, թէեւ ասիկա մաս կը կազմէր սկզբնական պատճառաբանութեանց, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան կրթական մակարդակի տկարացման վրայ, մասնաւորապէս հայագիտական ճիւղերուն առնչութեամբ, բայց այլապէս ալ ընդհանուր մակարդակի նկատմամբ։
Ես չեմ կրնար այս առնչութեամբ հաստատումներ ընել, հակառակ որ հաստատութեան պարբերաթերթը իր պարունակութեամբ կը խանդավառէ բոլոր Մելգոնեանով հետաքրքրուողները։ Բայց եթէ իրապէս մակարդակի տկարացում կայ կամ պիւտճէի դժուարութիւն, ատոնց պատճառը միայն ու միայն Հ. Բ. Ը. Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնն է, քանի ինք նշանակեց ութը տարիներէ ի վեր Հաստատութիւնը վարող տնօրէնուհին։ Բացառիկ լիազօրութիւններ տուաւ անոր, անդիմագիծ յանձնախումբի մը վերածելով աշխարհատարած կեդրոններէ հաւաքուած Հաստատութեան հոգաբարձուները։
Հ. Բ. Ը. Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը Նիւ Եորք նստած, անտեղեակ Միջին Արեւելքի պայմաններուն ու պահանջներուն, Մ. Նահանգներու չափանիշով ուզեց դատել Մելգոնեան հաստատութիւնը, առանց օր մը հետաքրքրուելու թէ ի՜նչ կ՛անցնի կը դառնայ հոն ուսումնական ու տնտեսական առումներով։
Մինչեւ 1995 հաստատութիւնը իր շուրջ 70 տարիներու ընթացքին միշտ ունեցած է կղզիէն ընտրուած, լուրջ, լրջախոհ հոգաբարձուներու կազմ մը, որուն անդամները օրը օրին լրջութեամբ հետաքրքրուած են հաստատութեան կրթական ու տնտեսական հարցերով։ Անոնք ազգային պարտաճանաչ գիտակցութեամբ տնօրէնութեան հետ քննած եւ ուսումնասիրած են բոլոր ներկայացուած հարցերը, ուշադրութիւն ընելով թէ՛ հաստատութեան կրթական որակաւորման եւ թէ՛ տնտեսական բարելաւման։ Իսկ ի՞նչ կ՛ուզուէր որ ընէր 1995էն վերջ կազմուած հոգաբարձութիւնը, որ Կիպրոսէն դուրս ընտրուած իր անդամներով ո՛չ կրնար օրը օրին հետեւիլ հաստատութեան կանոնաւոր ընթացքին եւ ո՛չ ալ կրնար տեսակէտ յայտնել եղած կամ ըլլալիք կարգադրութիւններուն, արտօնուած չէր։ Աւելորդ մսխումի մը պատճառ չէ՞ր այս կերպ կարգադրութիւն մը։ Հոգաբարձութիւնը չէր կրնար կամ իրաւունք չունէր հետաքրքրուելու հաստատութենէն ներս առնուած որոշումներով, միւս կողմէ Կեդրոնական վարչութիւնն ալ տարիներէ ի վեր, Մելգոնեանի կալուածի վաճառումէն գոյանալիք գումարէն շլացած, կը ձգէր որ հաստատութիւնը դէպի կազմալուծում շարունակէ իր ընթացքը, որպէսզի օր մը հանգիստ խղճով, ստեղծուած անբաղձալի կացութեան պատճառաբանութեամբ փակէ ու ծախէ զայն։
Կը խօսուի թոշակի անհամաչափ վճարումներու մասին, որոնց չափը կ՛ըսուի Մ. Նահանգներու մէջ իսկ չկայ, կը խօսուի հաստատութենէն ներս հաւաքուած ոչ անհրաժեշտ պաշտօնէութեան ներկայութեան մասին, կը խօսուի չափազանցեալ նորարարական աշխատանքներու մասին, կը խօսուի ճամբորդական շռայլ միջոցներու մասին։ Եթէ Կեդրոնական վարչութիւնը ամբողջական ազատութիւն տուած էր տնօրէնուհիին, ինչո՞ւ օր մը չհետաքրքրուեցաւ հաստատութեան տնտեսական ու կրթական որակաւորումով։ Հոս Կեդրոնական վարչութեան անպատասխանատու անտարբերութիւնը չէ՞ հաստատութեան մակարդակի անկման պատճառը։ Կեդրոնական վարչութիւնը ոչ ոք քննադատելու իրաւունք ունի, միայն ինքն է պատասխանատուն այսօրուան կացութեան ու ինք պէտք է կրէ գիտակցաբար իր իսկ ստեղծած կացութեան հետեւանքները եւ ոչ թէ օգտուի անկէ, փակելու համար հաստատութիւնը։
Կեդրոնական վարչութիւնը իր յառաջ քաշած բոլոր պատճառաբանութեանց պատասխանատուն միայն ու միայն ինքն է, որովհետեւ տարիներու ծրագրումով ինք պատրաստեց այս կացութիւնը, եւ մեր ժողովուրդը, Մելգոնեանով հետաքրքրուողները այսօր շատ յստակ կը տեսնեն ծրագրուած այս քայլերը եւ թող Կեդրոնական վարչութիւնը տհաս, միամիտ, անիմաց անձերու տեղ չդնէ զանոնք։ Ամէն ոք լաւ գիտէ, թէ ո՞վ ի՜նչ կը հետապնդէ։ Ամէն ոք գիտէ թէ կալուածը պիտի ծախուի, եթէ վաճառման քանի մը ախոյեանները խղճահարութեամբ եւ ապագայ ծանրակշիռ ամբաստանութիւններէ խուսափելու տրամաբանութեամբ չհրաժարին հաստատութեան կալուածին վաճառման որոշումէն։
Կեդրոնական վարչութեան իւրաքանչիւր անդամին համար սփիւռքահայ պատմութեան վճիռը ծանր պիտի ըլլայ, ազգապահպանման մեր մեծ զոհողութիւններուն, մեր յարաճուն ճիգերուն իրենց կողմէ տրուած մահացու հարուածին պատճառով։ Պատմութիւնը չի սրբագրեր նման անդարմանելի սխալներ։ Որքա՜ն ծիծաղելի է յայտարարել, թէ հաստատութեան կալուածը պիտի չծախուի։ Գիշերօթիկ բաժինը փակելէ վերջ բնականօրէն անմիջապէս, ոչ թէ՛ պիտի փակուի ցերեկեայ աշակերտնու բաժինը, այլ գոյութիւն իսկ պիտի չունենայ, քանի 30-40 աշակերտներու համար 80 (՞) միլիոն տոլար արժող կալուած չի պահուիր, թէ 80 միլիոն տոլար արժող կալուածը որպէս Մելգոնեան եղբայրներուն յիշատակարան պիտի պահէ Կեդրոնական վարչութիւն։ Ամէն ոք շատ լաւ գիտէ, թէ ու՜ր պիտի երթայ, ի՜նչպէս պիտի հալի վաճառումէն ստացուած գումարը։ Այսօր աշխարհի մէջ այդքան անմիտ, միամիտ խեղճեր չկան գուշակելու թէ ու՜ր կ՛երթան չյայտարարուած որոշումներու գումարները։ Ի՞նչու Կեդրոնական վարչութիւնը չի յայտարարեր իր հետագայ ծրագիրները։ Եթէ տակաւին ծրագիր չէ մշակուած, այդ պարագային ծրագիրը կը մշակուի ու յետոյ հաստատութիւնը կը փակուի։ Կը կարծենք որ տարրական այս գործելակերպին ծանօթ է Կեդրոնական վարչութեան ղեկավարութիւնը։ Ղեկավարութիւնը կը գրեմ, որովհետեւ գիտեմ թէ Կեդրոնական վարչութեան բոլոր անդամները չեն հետաքրքրուիր այս ազգային հիմնական հարցով եւ քանի մը անդամներու որոշումը կ՛ընդունին որպէս «վարդապետն ասաց» ճշմարտութիւն։
Կեդրոնական վարչութիւնը տակաւին կը ջանայ իր շրջապատը համոզել, թէ փոքր խումբ մըն են խնդիր յարուցանողները։ Չափազանց կը սխալին, շատ մեծ են դժգոհները, Մելգոնեանի փակման հակառակ եղողները։ Ո՛չ միայն մելգոնեանցիները, այլեւ Հ. Բ. Ը. Միութեան բոլոր շրջանակները առանց բացառութեան եւ մեր ժողովուրդը ամէն տեղ։
Եթէ կը կարծեն, թէ փոքր խումբ մըն են Մելգոնեանը բաց պահելու կողմնակիցները, թող Կեդրոնական վարչութիւնը շրջաբերականով մը միութեան շրջանակներուն կարծիքը հարցնէ։ Այս է պատշաճ ու օրինաւոր ձեւը, եթէ կը յարգեն անդամակցութեան տեսակէտները։ Ո՛չ, սակայն, Կեդրոնական վարչութեան ղեկավարները միշտ հակառակ են մեծամասնութեան ձայնը լսելու գաղափարին, որովհետեւ կը սոսկան այդ մեծամասնութեան ձայնէն, որ անպայման աննպաստ պիտի ըլլայ իրենց գործելակերպին ու կը դողան այդ հաստատումէն։
Կեդրոնական վարչութեան կազմէն ոչ ոք լաւ գիտէ Մելգոնեանի կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքի, Սուրիա-Լիբանանի, Ծոցի երկիրներու, Պարսկաստանի, Արեւելեան Եւրոպայի, Պալքանեան երկիրներու մեր հայրենակիցներուն համար։ Մելգոնեանը այս երկիրներուն համար չափազանց այժմէական է ազգապահպանման իմաստով եւ ամէն գնահատումէ վեր։ Պատասխանատու գիտակցութեամբ եւ ուսումնասիրուած նախանձախնդրութեամբ, անոնց թախանձագին խնդրանքներուն ականջալուր, ազգային մտահոգութեամբ կարելի է յայտարարել, թէ այդ երկիրներու մեր հայրենակիցները «հացի եւ ջուրի» պահանջին նման, պահանջը ունին Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան։
Մելգոնեանը այս միջազգային ու հայկական նոր հանգրուանին կենսական պահանջք մըն է մեր ազգին համար։ Կեդրոնական վարչութեան կողմէ առնուած սխալ քայլ մը Հաստատութիւնը փակելու, Հ. Բ. Ը. Միութեան ամենադժբախտ ու ամենաազգավնաս քայլը պիտի ըլլայ ու պատմութեան առջեւ Կեդրոնական վարչութեան այսօրուան քաղաքականութիւնը ճշդողները ծանր ամբաստանութեան տակ պիտի ըլլան մեր ժողովուրդին կողմէ։ Մեր պատմութիւնը զանոնք պիտի դատապարտէ իրենց տալով իրենց գործին համապատասխան որակում։ Իրենց տուած բոլոր պատճառաբանութիւնները ճիշդ չեն։ Իրենք միայն շլացած են հաստատութեան կալուածին նիւթական արժէքէն։ Բայց երբ իրականութեան վերածել ուզեն հաստատութեան կալուածին փոխարժէքը, պիտի տեսնեն որ չափազանց սխալած են իրենց հաշիւներուն մէջ ու զիրենք խաբած են մարդիկ իրենց ձեռքէն կորզելու համար Հաստատութեան կալուածը։ Իրենք կը սխալին ու չեն նախատեսեր, որ հողին տարածքին մէկ կարեւոր մասը, ըստ քաղաքապետարանի օրէնքին, հասարակաց պարտէզի պիտի յատկացուի։ Այս շատոնց գծուած է քատասդրի մեր յատակագծին վրայ, երբ առաջին մասնակի վաճառումը եղած է։ Հողէն կարեւոր մաս մը ճամբաներու պիտի յատկացուի։ Հ. Բ. Ը. Միութեան տեղական մասնաճիւղի ակումբը, որ շրջանակին նիւթական միջոցներով շինուած է, կը գործածէ հաստատութեան մուտքը։ Եթէ Մելգոնեանի հողատարածքը ծախուի, մասնաճիւղը մուտք ունենալու համար մայր պողոտայէն մինչեւ վար, մինչեւ ակումբին արեւելեան սահմանները, իրենց պէտք է տրուի։ Կայ նաեւ շահատուրքի հարցը, մանաւանդ երբ այսօր պետութիւնը հակառակ է հաստատութեան փակումին։ 25 տոկոս է շահատուրքը Կիպրոս։ Արդ այս բոլորէն վերջ ու՜ր կը հասնին Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակի հաշիւները։
Ըստ ՀԲԸՄիութեան Ծրագիր-Կանոնագրին կարելի չէ կտակ մը իր նպատակէն շեղեցնել, եթէ ան գործադրուելու կարելիութիւնը ունի։ Արդ Մելգոնեանի կտակը գործադրելի է։ Իր եկամուտներն են.
ա. 550.000 ամ տոլար հաստատութիւնը կը ստանայ իր հողին վրայ կառուցուած եկամտաբեր կալուածէն։
բ. Կիպրոսի պետութիւնը խոստացաւ հաստատութեան պիւճէին նպաստել տարեկան 200,000 ամ տոլարով (100,000 կիպրական ոսկի)։
գ. Պետութիւնը շուրջ 50 կիպրացի աշակերտի իւրաքանչիւրին համար կը վճարէ տարեկան 2500 ամ. տոլար (կ. ո. 1200), ինչ որ կ՛ընէ ընդհանուր գումարՙ 100,000 ամ. տոլար։
դ. Պետութիւնը հաստատութեան կը տրամադրէ երեք ուսուցիչ վճարելով շուրջ 100,000 ամ. տոլար։
ե. Տակաւին պետութեան կողմէ կը ծրագրուի հաստատութեան մարզական դաշտերըՙ ֆութպոլ, թենիս, պասկեթպոլ, վալիպոլ, բարելաւել վերածելով զանոնք միջազգային չափերու։ Անգամ մը որ այս աշխատանքները կատարուին, այդ դաշտերն ալ հաստատութեան կարեւոր եկամուտ մը պիտի ապահովեն։
զ. Մելգոնեան հիմնադրամը, որ շուրջ 6.500.000 ամ. տոլար է, եթէ ճիշդ մատակարարուի, պէտք է տարեկան բերէ 250.000 ամ. տոլար։
Վերը յիշուած եկամուտները արդէն հաստատութեան կ՚ապահովեն տարեկան շուրջ 1.200.000 ամերիկեան տոլար։ Ասոնց վրայ աւելցուցէք աշակերտութենէն եւ բարերարներու յատկացուցած կրթաթոշակներէն գանձուած գումարները, այն ատեն ո՞ւր կը մնան հաստատութեան պիւճէի բացին մասին զրոյցները։ Եթէ սխալ են այս հաշիւները, այն ատեն Կեդրոնական վարչութեան կը մնայ հրատարակել Հաստատութեան գործադրուած պիւճէն։
Մեր թելադրութիւնն է անմիջապէս հաստատութեան կալուածին վրայ բարձրացնել երկրորդ եկամտաբեր կեդրոն մը, որուն վարձքերէն կարելի է թէ՛ մաս մը դրամատան պարտքին շիջեցման գործածել եւ թէ՛ մաս մը յատկացնել հաստատութեան պիւճէին։ Երբ դրամատան պարտքը ամբողջութեամբ փակուի, վարձքերը ամբողջութեամբ կը յատկացուին հաստատութեան։
Կեդրոնական վարչութիւնը կը պատմէ թէ հաստատութիւնը կրնայ 350 աշակերտ ընդունիլ, բայց չկան աշակերտները։ Այս եւս Կեդրոնական վարչութեան կողմէ կազմակերպուած աշակերտութեան նուազում մըն է, որովհետեւ Կեդրոնական վարչութիւնը գիտակցաբար ամէն տարի աշակերտութենէն պահանջուած թոշակներու գումարները աւելցուց, գիտնալով որ Արեւելեան Եւրոպայի կամ Միջին Արեւելքի կամ տակաւին Հայաստանի աշակերտները չէին կրնար վճարել այդ գումարները։ Անշուշտ այդ կերպ աշակերտութեան թիւը պիտի պակսէր ու ըստ իր նախատեսած ծրագրին, պատճառաբանուած կերպով հաստատութիւնը պիտի փակուէր։
Կեդրոնական վարչութեան պարտականութիւնն էր նիւթական նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել այդ աշակերտներուն համար, այն ատեն պիտի տեսնուէր որ հաստատութեան միջոցները պիտի չբաւէին բոլոր դիմումներուն դրական պատասխան տալու։
Կայ տակաւին անհիմն ուրիշ առարկութիւն մը։ Կ՛ըսուի թէ Հայաստանէն եկող աշակերտները չեն վերադառնար Հայաստան եւ կ՛երթան Մ. Նահանգներ կամ Եւրոպա։ Ի՞նչ է ատոր անպատեհութիւնը, Հայաստան պէ՞տք ունի այդ քանի մը հայաշունչ պատրաստութեամբ երիտասարդներու ներկայութեան ազգապահպանումը քաջալերելու համար։ Մինչ անոնք սփիւռքահայ գաղութներու մէջ շատ աւելի օգտակար աշխատանք կրնան տանիլ մեր հայապահպանման ճիգերուն սատարելու տեսակէտով։ Նոյնն է պարագան Պալքաններէն եկող աշակերտներուն։ Եթէ անոնցմէ ոմանք կ՛երթան Մ. Նահանգներ կամ այլուր, անոնք չե՞ն նպաստեր այդ գաղութներու հայապահպանման աշխատանքներուն։
Ահաւասիկ Հ. Բ. Ը. Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը փակելու իր բոլոր պատճառաբանութիւններով։ Ասոնցմէ ոչ մէկը արդարացուցիչ է եւ կրնայ համոզել մեր ժողովուրդը։ Բոլորս ալ գիտենք, թէ վարչութիւնը Մելգոնեանի կալուածին փոխարժէքով շլացած է եւ այսպէս կամ այնպէս կ՛ուզէ այդ գումարին տիրանալ առանց յայտնելու թէ ի՞նչի պիտի օգտագործուի այդ գումարը, թերեւս օր մը յայտարարելու համար որ իրենց շրջանին Միութեան հարստութիւնը աւելցած է այսքան (՞) տոլարով։
Այս առթիւ կարելի է յայտարարել, թէ Միութեան կտակներուն մեծ տոկոսը ստացուած է Միջին Արեւելքէն եւ Եւրոպայէն։ Այսօր այս շրջանակներուն ոչ միայն փշրանքներ կը տրուին, այլ զանոնք կը զրկեն իրենց ինքնապաշտպանութեան ամրոցներէն. պատշաճ չէ այս եւ կրնայ հակազդեցութիւններ յառաջ բերել։
Որպէս տասնամեակներու վաստակով ապրած ու գործած Հ. Բ. Ը. Միութեան հաւատաւոր մը, կոչ կ՛ընեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին անգամ մը եւս եւ այս անգամ շատ մեծ պատասխանատուութեան զգացումով վերաքննել ձեր որոշումը եւ մեր բոլոր նախկին մեծ նախագահներու քաջութեամբ հրաժարիլ ազգային հաստատութիւնը փակելու ջլատիչ որոշումէն, որովհետեւ այդ պիտի կազմալուծէ ու բարոյազրկէ Միութեան բոլոր շրջանակներն ու անդամակցութիւնը։ Քաջութեամբ դիմեցէք մեր ժողովուրդին մեծ հանգանակութեան մը որոշումով փրկելու համար Միութեան ընդհանուր կրթական գործը, ինչպէս ըրած են մեր բոլոր նախագահները, երբ պահանջքը ներկայացած է։
Վերջին մտահոգութիւն մը. դուք Լոս Անջելըսի պատգամաւորական ժողովին անակնկալի բերելով ներկայ ժողովականները Հ. Բ. Ը. Միութիւնը հիմնադրամի վերածեցիք։ Ճիշդ ու արդար ձեւ մը չէր այդ, որովհետեւ ներկայ եղողներէն շատեր հաւանաբար չհասկցան իսկ, թէ ի՞նչ կ՛առաջարկուի իրենց քուարկել ու ձեռքերնին վերցուցին առանց անդրադառնալու, թէ ի՜նչ վնասակար ու վտանգաւոր կացութեան մը մէջ կը դնեն Միութիւնը։ Ծրագիր-Կանոնագիրի փոփոխութեան համար ճիշդ ձեւը պիտի ըլլար, ամիսներ առաջ Ծրագիրի փոփոխութեան առաջարկը ղրկել շրջանակներուն, անոնք ուսումնասիրէին զայն ու այդ ուսումնասիրութեան գիտակցութեամբ զօրացած գային ընդհանուր ժողով եւ յայտնէին իրենց տեսակէտները։ Վստահաբար անոնքՙ պատգամաւորները պիտի չընդունէին այդ փոփոխութիւնը, որովհետեւ Ծրագիրի այդ փոփոխութեամբ նախ անդամակցութիւնը կը զրկուէր իր ամենանիուրական իրաւունքէնՙ Կեդրոնական վարչութեան անդամները ընտրելու եւ յետոյ այդ ընթացքով Միութիւնը կը կորսնցնէր իր ազգային դիմագիծը, Կեդրոնական վարչութիւնը կը խզուէր իր անդամակցութենէն։ Հիմա այդ սխալ որոշումով զօրացած ուրիշ սխալ քայլ մը ամբողջովին պիտի կազմալուծէ Միութիւնը եւ մեր Արտաւազդ Բ. թագաւորին պէս պիտի ըսենքՙ աւերակներու վրա՞յ պիտի իշխեն նոր նախագահը եւ իր հետեւորդները։ Շատ լուրջ է կացութիւնը, քաջութիւն կը պահանջէ ճիշդ որոշումը առնելու համար։