«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#59, 2004-04-03 | #60, 2004-04-06 | #61, 2004-04-07


ՄԵԼԳՈՆԵԱՆԸ ԱՆՑԱՎ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ

Ազգային որեւէ լուրջ տագնապի դիմաց զգացումներու յորդումն ու վէճերու բորբոքումը անկասկած որ կը մատնեն ժողովրդային երակի առուգութիւնը։ Գոնէ այդքանով տագնապները կը բերեն վկայութիւնը թէ չէ մեռած հետաքրքրութիւնն ու սէրը ազգային նուիրականութիւններու հանդէպ։

Մելգոնեան կրթական հաստատութեան փակումն ու կալուածի հաւանական վաճառքը ստեղծած են համագաղութային ու նաեւ համազգային յուզումնախառն մթնոլորտ մը, ուր ազգային իրապաշտ մտահոգութիւններու կողքին անպակաս են նաեւ զգացական զեղումները։ Սակայն ապագային երբ յետադարձ ակնարկով մը քննուին այսօրուան իրադարձութիւնները, կարելի պիտի ըլլայ պատմական ճշգրիտ պարունակի մէջ դիտել այդ դէպքերըՙ զեղչելով զգացական գունաւորումները եւ արմատաւորելով առարկայական տուեալները։

Թող թոյլ տրուի մեզի ոստումով մը հասնելու այդ ապագային ու քննարկելու Մելգոնեանի ճակատագրին առնչուող այս երեւոյթները այդ հեռաւորութենէն։

Նախ յայտնենք որ ռամկավար ազատական մամուլը, հաւատարիմ իր խօսքի ազատութեան սկզբունքին, լայն բացաւ իր էջերը ամէնուրեք արտայայտուող թեր ու դէմ կարծիքներուն, այն համոզումով, որ տեսակէտներու բախումէն միայն կրնայ յառաջանալ ճշմարտութեան կայծը։

Մեր անկեղծ նկրտումն է այդ կայծի ճառագայթումին ներքեւ քննարկել այս պատմակշիռ եղելութիւնը։

Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը ընթացիկ առումով վարժարան մը չէ. այլՙ պատմական պատկառելի ճանապարհ անցած շուրջ ութսունամեայ կրթական օճախ մը, որ ազգին ընծայած է բազում տաղանդներ ու բարիքներ, տարածելով զանոնք սփիւռքի ու հայրենիքի բովանդակ հորիզոններուն վրա։ Նաեւ ան հանդիսացած է խորհրդանիշը մեր ժողովուրդի վերապրումի կամքին եւ իր հաւաքական կեանքը ոգեղինացնելու ճիգին։

Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը ծնունդն էր տեսիլքինՙ Կարապետ եւ Գրիգոր Մելգոնեան բարերար եղբայրներուն, որոնք երկար ատեն ուսումնասիրեցին մեր ազգային հասարակական կեանքին մէջ գործող բարեսիրական թէ հոգեւորական հաստատութիւնները, ի վերջոյ իրենց վստահութիւնը կեդրոնացնելով Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան վրայ։

Արդար ըլլալու համար պէտք է անվերապահօրէն հաստատել, թէ Բարեգործականը լիովին արդարացուցած է Մելգոնեան բարերարներու վստահութիւնը, կենսագործելով անոնց երազը եւ մատուցանելով զայն ազգին զաւակներուն։

Այսօր, սակայն, հաստատութիւնը կը գտնուի քառուղիի մը առջեւ եւ կնքուելու վրայ է անոր պատմական ճակատագիրը։ Հասկնալով հանդերձ այդ որոշման առթած յուզումնալի հակազդեցութիւնները եւ արտայայտուած արդարացի տեսակէտները, ոգեւորիչ չենք նկատեր անոնց արտայայտութեան ծայրայեղ կերպերը։ Միւս կողմէ Միութեան վերին ղեկավարութեան լուսաբանիչ տեղեկութիւնները, հիմնաւորելով հանդերձ Մելգոնեանի առաքելութեան նուազող արդիւնաւէտութիւնը, կը մատնէ Միութեան դպրոցաշինական եւ կրթական աւանդական առաքելութեան մէջ նոր բեկում մը, մասնաւորաբար յիշատակումովը միութենական այն վարժարաններուն, որոնք կրնան ենթարկուիլ նոյն ճակատագրին։

Այն վարժարանները, որոնք ճշմարտացիօրէն չեն արդարացներ իրենց յատկացուած պիւտճէներն ու կրթական մակարդակը, առաջին առթիւ պատասխանատուութեան առջեւ կը դնեն Բարեգործականի ղեկավարութիւնը։ Տրուած լուսաբանութիւնները այսօրուան փոփոխուող արագընթաց աշխարհին մասին, լիովին արդարացի գտնելով հանդերձ, ներելի է հարց տալ թէ այդ փոփոխութիւններուն հետ քայլ պահելու աւագ պարտականութիւնը ո՞ր իշխանութեան վերապահուած պէտք է նկատուի։ Մելգոնեանի ապագային սահմանուած որոշման շուրջ Միութեան տուած բացատրութիւններն ու արդարացումները լիովին կը գտնենք հասկնալի։ Սակայն մեր հայեացքը կ՛ուղղուի Մելգոնեանէն անդին ու կը սեւեռուի Բարեգործականի կրթական աւանդական առաքելութեան վրայ։

Բարեգործականի դպրոցական ցանցի ռահվիրաներն ու ծաւալողները պարտաւորութեան առջեւ դրած պէտք է ըլլային իրենց յետնորդները միեւնոյն հոգածութեամբ եւ աչալրջութեամբ շարունակելու Միութեան կրթական գործը։ Եվ այսօր երբեք ուշ չէ կոչ ընելու Բարեգործականի ղեկավարութեան, որ Մելգոնեանի ճակատագրէն թելադրուածՙ առաջքն առնեն այն հետագայ անկումներուն, որոնց կրնան ենթարկուիլ Միութեան միւս սեփական վարժարանները, մի առ մի մոմերու նման հանգեցնելով այն օճախները, որոնք լուսաւորած եւ ոգեւորած էին Պօղոս Նուպարներու, Գարակէօզեաններու եւ Ալեք Մանուկեաններու հոգիները։

Մելգոնեանի փակումով ստեղծուած պղտոր իրականութեան մէջ, վեր առնելով Միութեան ղեկավարութեան վերլուծումներն ու յառաջիկայ ծրագիրները, յոյսով ենք որ շուտով իրականութիւն պիտի դառնան կրթական եւ երիտասարդական բազում ծրագիրներ, աւելի բազմապատիկ ծաւալներով, Հայրենիքէն մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր անկիւնները, ու նաեւՙ ցոլացնելով նոր ժամանակներու պահանջներն ու մարտահրաւէրները։

Բարեգործականը մի՛շտ խղճմտօրէն գործադրութեան դրած է իր յանձնառութիւնները եւ կասկած չունինք թէ Մելգոնեան կալուածի վաճառքէն գոյացած պատկառելի գումարներով կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել առաջադրուած բոլոր ծրագիրները, որոնց մէջէն պայծառօրէն պիտի ցոլան բարերարներուն նախաձեռնութիւններն ու ոգին։

Մեզի համար լիովին ըմբռնելի են Մելգոնեան հաստատութեան նախկին սաներուն եւ ընտանիքին յուզումները ի տես այն վարագոյրին, որ կ՛իջնէ սիրեցեալ հաստատութեան պատմութեան վրայ, միեւնոյն ատեն ընծայելով երաշխիքը հայեցի կրթութեան եւ երիտասարդական նոր զարթօնքի մը։

Բարեգործականը օրինական աւանդապահն է իրեն վստահուած կտակներուն եւ աւանդներուն, եւ որպէս այդպիսինՙ կարելի չէ հարցականի տակ դնել անոր տնօրինումներուն իրաւունքը։ Սակայն, միւս կողմէ, այդ իրաւունքին հետ ան պարտաւորութիւն ունի հանրային համարատուութեան. բան մըՙ որ բարեխղճօրէն գործադրած է ան ցարդ եւ կասկած չունինք որ պիտի գործադրէ այսուհետեւ եւս։

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4