"Historical maps of Armenia"
21-րդ դարի այս առաջին տարիներուն, երբ այնքան դիւրացած է տպագրական արհեստը, որ կարելիութիւն կ՛ընծայէ ամէնէն համեստ պայմաններու մէջ գտնուողին ալ գիրքի հեղինակ դառնալ, գեղարուեստական բարձր ճաշակով, գիտական լրջութեամբ հատորի մը լոյս ընծայումը կը դառնայ եղելութիւն։
Բախտ ունիմ թերթատելու վերջերս Լոնդոնի մէջ լոյս տեսած հրաշալի աշխատանք մը- I. B. TAURIS հրատարակչատունէնՙ նուիրուած Հայաստանի պատմական քարտէսներու։
Ռուբէն Գալչեան այս շքեղ հատորին հեղինակն է։ Ծնած է Դավրէժ (Թաւրիզ) նախնական ուսումները կատարած Թեհրանի մէջ, ապա կրթաթոշակով մը մեկնած Աստոն համալսարան (Անգլիոյ Բիրնինգհամ քաղաք) դառնալով ճարտարագիտութեան մասնագէտ։
Աշխարհագրութեան եւ յատկապէս քարտիսագրութեան հանդէպ տածած իր բնածին սէրը, 1971-էն սկսած գաղափար արթնցուցած է լրջօրէն զբաղելու այդ մասնագիտութեամբ։ 10 տարիներ յետոյ, երբ Լոնդոն դարձած է իր վերջին կայքը, օգտուելով բրիտանական քարտիսագրութեան հարուստ դիւաններէն, սկսած է կամաց-կամաց ձեւավորել այս շքեղ հատորը, որ գունաւոր հանդերձանքով լոյս տեսած է այս օրերուն։
Հրատարակութեան լեզուն անգլերէնն է, համակարգչային ձեւավորումը կատարուած է Երեւանի Printinfo կեդրոնին մէջ, չափերը 28x30, ընտիր թուղթի վրայ կատարուած 127 պատմական քարտէսներ, քաղուած ոչ միայն բրիտանական, այլեւ ֆրանսական, իտալական, գերմանական պատմական դիւաններէն, օգտուելով այդ երկիրներու կարեւորագոյն քարտէսագէտներու աշխատանքներէն։
Նախաբանի հայագէտ հեղինակըՙ Քրիստոֆր Ուոքըր, համառօտ, բայց յստակ նախադասութիւններով կը շեշտէ թէ Հայաստան պատմական իրականութիւն մըն է հնագոյն քարտէսներու մէջ եւ ոչ վիպական անուն...
Հեղինակը նոյնպէս իր այս կոթողային աշխատանքով կ՛ուզէ ցոյց տալ, 127 պատմական քարտէսներ լոյս ընծայելով, թէ Հայաստան Պտղոմէական հնագոյն օրերէն, Հելլենիստական ժամանակամիջոցէն մինչեւ պարթեւական, սասանեան, արաբական եւ նոյնիսկ Օսմանեան քարտէսներու վրայ գրաւած է միշտ այն տարածքը, որ Խորենացիի վերագրուած աշխարհացոյցը աւանդած է մեզի հինգերորդ դարէն։
Ռուբէն Գալչեանի այս կոթողային աշխատութիւնը գեղարուեստական հաճոյք մը ըլլալով հանդերձ է նաեւ Հայ դատի յաճախ ոտնակոխուած անդաստանէն ներս հրաշալի պատմական, փաստարկուած վկայութիւն մը, կազի եւ քարիւղի հոտերէն գինովցած բոլոր այն անսիրտ պետութիւններուն համար, որոնց համար «արդարութիւն» եւ «իրաւունք» բառերը կը յայտնուին միայն ընտրութիւններու նախօրեակին։
Գալչեան յատուկ կերպով կը շեշտէ, թե մինչ Հայաստան երկիրը գոյութիւն ունի աշխարհի բոլոր քարտէսներուն վրայ, սկսած հնագոյնէն Քրիստոսէ 600 տարի առաջ պատրաստուած, Վրաստան որպէս անուն եւ հողամաս միայն 15-րդ դարուն է, որ կը յայտնուի առաջին անգամ, իսկ Ադրբէյջանը... միմիայն 1918 թուականին։
Հատորին մէջ տեղ գտած են Օսմանեան չորս քարտէսներ, ուր ամբողջ պատմական Հայաստանը նշանակուած է որպէս հայերու երկիր... 1850-էն վերջն է, որ սկսած է մտնել «Արեւելեան Անատոլու» կոչումը։
Հատորի շապիկին վրայ մէջբերուած է նաեւ Կլոդ Մութաֆեանի խօսքը. «Այս գիրքը կը լրացնէ այն կարեւոր բացը, որ գոյութիւն ունի Հայաստանի եւ ամբողջ Միջին Արեւելքի քարտիսագրութիւնը ներկայացնելու տեսակէտով»։
Այս բարձր գնահատականը կու գայ մէկու մը կողմէ, որ հեղինակն է հայկական քարտէսներու գիտական վերջին հրատարակութեանՙ կատարուած Փարիզի մէջ։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՊԶՏԻԿԵԱՆ