Համագաղութային կազմակերպութեամբ ու Մաշտոց քոլէջի նախաձեռնութեամբ յունիս 13-ին, շուրջ 400 հայրենակիցներով, առաջնորդարանին Գալայճեան սրահին մէջ մեծարուեցաւ դաստիարակ, Բէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի երկարամեայ տնօրէն, ազգային հասարակական գործիչ Երուանդ Պապայեանը իր ծննդեան 90-րդ եւ վաստակի 70-րդ տարեդարձներուն առթիւ: Երեկոն կը վայելէր հովանաւորութիւնը առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի:
Հանդիսավար դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան «այսօր տօն է» ըսելով շնորհակալութիւն յայտնեց ազգին ծառայութեան նուիրեալ հայ ուսուցիչին: Օրուան բանախօսն էր «Նոր օր» ՌԱԿ պաշտօնաթերթի խմբագիր ընկեր Վաչէ Սեմերճեան, որ ներկայացուց 20-ական թուականներու հայաշունչ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանի ու 50-ականներու հայատրոփ Բէյրութի Թէքէեան դպրոցի տարիները: Անդրադարձաւ Պապայեան հրապարակախօսին ու հասարակական գործիչին ծառայութիւններուն ՌԱԿ-ի, ԹՄՄ-ի, ՀԲԸՄ-ի եւ Այնթապի հայրենակցական միութենէն ներս:
Գործադրուեցաւ որակաւոր գեղարուեստական յայտագիր մը մասնակցութեամբ Մարգարիտ Շահինեանիՙ երգ, Անահիտ Մարտիրոսեանիՙ ասմունք եւ Յովհաննէս Շահպազեանիՙ երգ: Ներկայացուեցան նաեւ Ե. Պապայեանի կեանքէն դրուագներՙ տեսաերիզի ցուցադրութեամբ:
ՀԲԸՄ-ի Հարաւային Կալիֆորնիոյ շրջանային յանձնաժողովի ատենապետ ընկեր Վահէ Իմաստունեան եւ Միութեան վարչական ժողովի անդամ Սինան Սինանեան մեծարեալին յանձնեցին ՀԲԸՄ-ի պատուոգրերը:
Մաշտոց քոլէջի հոգաբարձութեան ատենապետ դոկտ. Դոնալդ Բլէյք «Պատուոյ դոկտոր» տիտղոսով պարգեւատրեց բազմամեայ կրթական մշակը, իսկ յանուն ՌԱԿ-ին յանձնուեցաւ վեթերան ընկերոջ յուշանուէր ձեռամբ Կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ ընկեր Երուանդ Ազատեանի ու Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկեր Արա Ահարոնեանի: Բովանդակալից ու գեղատիպ գրքոյկ մը լոյս տեսաւ այս առթիւ շնորհաւորագիրներ ընդունելով նախագահ Բուշէն ու Կալիֆորնիոյ կառավարիչ Շվարցենեգըրէն: ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութիւնը յղած էր գնատագիր:
Յոբելեարի ընտանիքին կողմէ շնորհակալական խօսք արտասանեց դուստրըՙ պրոֆ. Սիլվա Գարայեան, յայտարարելով «Երուանդ Պապայեան մանկավարժական հիմնարկ»-ի մը ծնունդը, ուր հայոց լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի ուսուցումը պիտի ճոխացուի նորագոյն մեթոդներով:
Շնորհուեցաւ հայրապետական կոնդակ Գարեգին Բ կաթողիկոսէն եւ փակման խօսքը կատարեց Յովնան սրբազան:
ՌԱԿ ՄԱՄԼՈ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴԻՒԱՆ