«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#116, 2004-06-24 | #117, 2004-06-25 | #118, 2004-06-26


ԿԵՐՊԸՆԿԱԼ ՁԵՎԵՐՈՒ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅ ՎԱՐՊԵՏԸՙ ԱՐԹՕ

ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ

Տարինՙ 1981 թուականն էր: Արդէն Արթօ Չաքմաքճեանին ծանօթացած էի վեց տարիներ առաջ, թէեւ իր հմայիչ արուեստին նկատմամբ հիացումս սկսած էր շատ կանուխէն, նոյնիսկ մեր անձնական ծանօթացումէն առաջ: Դիթրոյթի մէջ Կոմիտասի արձան մը քանդակելու առաքելութեամբ էր, որ ան կու գար մեր քաղաքը: Ցեղասպանութեան յուշարձանի յանձնախումբին առաջարկած էի իր անունը եւ ընդունած էր ան:

Սակայն, երբ օդակայանին մէջ դիմաւորեցի զինք, նայեցայ իր սուր աչքերէն ճառագայթող խորհրդաւոր ժպիտինՙ յանկարծ բղձկում մը պատեց զիս, եւ լալու անզուսպ ցանկութիւնս յաղթահարելով, ողջագուրուեցայ իրեն հետ: Արդէն հարցումներու տարափը ողողած էր միտքսինչո՞ւ հայրենի արուեստագէտ մը եկած էր հոգեկան խոպանութեամբ յատկանշուող այս աշխարհամասը, ինչո՞ւ հասած էր առաւելաբար սեւամորթներէ բնակուած այս քաղաքըՙ Կոմիտասի ուրիշ արձան մըն ալ քանդակելու, զայն սահմանելով կամ դատապարտելով երկրորդ աքսորի մը: Այս ճարտարարուեստական քաղաքին կեդրոնը ո՞վ պիտի հասկնար կամ ճանչնար Կոմիտասը, ո՞վ պիտի ընկալէր անոր յաւիտենական երկնառաք պատգամը:

Արթոյի սիրտին մէջ տակաւին կը մխար քանի մը տարի առաջ Երեւանի մէջ պատահած սահմռկեցուցիչ դէպքի մը տխուր յիշատակը: Արդարեւ, խորհրդային իշխանութիւնները պուլտոզըրով տապալած էին Արթոյի քանդակած եւ Կոմիտասի փողոցին վրայ կանգնեցուցած մէկ ինքնատիպ արձանը, զայն նկատելով իբրեւ տարախոհ արուեստ, բոլորովին խորթ սոցիալիստական ռէալիզմի, որ օրուան կարգախօսն էր այդ շրջանին:

Այդ դէպքէն ետք Արթօ որոշած էր ընտրել իր հերոսինՙ Կոմիտասի նման աքսորը, նախքան որ փշրէին նաեւ իր ազատ ոգին եւ բոլորովին ուրոյն արուեստը: Այդպէս, լքած էր իր նախահայրերուն երկիրը, արմատախիլ ըլլալով անոր ենթահողէն եւ ձեռնարկած էր իր թափառումին, վերագտնելու համար ինքզինք եւ երկրագունտին վրայ գտնելու համար անկիւն մը, ուր հասկնային իր արուեստը, կիսէին իր յոյզերը եւ լսէին մարդկային կանչը:

Այդ թուականէն ի վեր համարձակութիւնը չեմ ունեցած խոստովանելու Արթոյին մեր ողջագուրման յուզումներս ու մանաւանդՙ եղերական այդ կացութեան վրայ լալու անզուսպ փափաքս:

Արձանի քանդակման օրերուն արուեստագէտին հետ բաժնեցի անոր ստեղծագործական ոգորումները ու նաեւ այն տառապանքը, զոր ան ապրեցաւ արուեստի անհասկացողութեան պատին դիմաց:

Այսօր ալ իր Կոմիտասը միայնակ կանգնած է Դիթրոյթ քաղաքին կեդրոնը, քէնցած իր օտար շրջապատէն ու կարծէք հայեացքը ուղղած հեռունՙ աղերսելով զինք «ստեղծող»-ի վերադարձին:

Կոմիտասը եղած է Արթոյին կարօտի կանչը, անոր յաւիտենական ուղեկիցըՙ ներշնչումներուն, նկրտումներուն, մարտնչումներուն եւ սաւառնումներուն մէջ. անդուլ եւ ազնիւ կիրքով մը ան քանիցս ստեղծած է իր Կոմիտասը, վերաստեղծած ու կերպարանափոխած է զայն, ու հազար ու մէկ ձեւերով զայն դարձուցած է ինքնաարտայայտման միջոցՙ առանց երբեք կարենալ սպառելու նոր կոմիտասներ յօրինելու իր ցանկութիւնը: Կոմիտասը Արթոյի հոգեկան տարբերակն է, կամՙ ընդհակառակը:

Մեր հանդիպման այդ հոգեցունց օրէն ի վեր այս խոնարհ արուեստագէտը արդէն ինքզինք հաստատած է գեղարուեստի աշխարհին մէջ իր ցուցահանդէսներով, թանգարանային իրացումներով, հրատարակութիւններով եւ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի տարբեր կեդրոններուն մէջ յօրինած իր հզօր կոթողներով:

Արթոյի արուեստը կը բխի մեր երկրին հողին ընդերքներէն, հին Ուրարտուէն եւ իր մէջ կը պարփակէ դարէ դար հզօրացող իր ցեղին առհաւական ուժը: Ան շրջած է հայոց լեռները, անցած է մեր երկրի հովիտներէն, իր արուեստագէտի պատարագն է մատուցած կիսափուլ մատուռներու գմբէթին տակ, զրուցած է կոտրուած խաչքարերու հետ, յուշարձաններու բեկորներուն հետ եւ իր ձեռքերով իսկ պեղած հնագիտական արժէքներուն հետ: Այդ փորձառության ներշնչումներով հարստացուցած է իր արուեստը, սակայն ան կը մնայ յաւիտենական աքսորեալը, որ պատասխաններ կ՛որոնէ իր ժողովորդն ու մարդկութիւնը խռովող հարցերուն համար: Ան սարսափով կը նայի մարդկութեան ապագային ու կարծէք երկրագունտը իր սեփական ուսին շալկածՙ կը ճամփորդէ տիեզերքի անվերջանալի ճանապարհներուն վրայ:

Այսօր, իր եօթանասունամեակի հանգրուանին ան արդէն գրաւած է իր տեղը արուեստի պատմութեան մէջ, սակայն իր մէջ անհանգիստ արուեստագէտը կը շարունակէ պեղել նոր տեսիլքներ, կը մաքառի ի խնդիր նոր հորիզոններու նուաճմանՙ արտակարգ կորովով եւ ուժականութեամբ:

Անոր կեանքը հանդիսացած է ոդիսական մը աքսորի, հալածանքներու, ներքին ու արտաքին տառապանքներու, յարատեւութեան եւ յաղթանակներու: Այդ արտակարգ ոդիսականը ընդգրկուած է նոր հրատարակուած գեղարուեստական հատորի մը մէջ, որուն վերնագիրն է «Արթօ- Յետադարձ ակնարկով» («Arto Retrospective»):

Արուեստի սիրահարները արդէն այսօր գրեթէ անտարբեր դարձած ենՙ դիտելէ ետք մէկը միւսէն աւելի շքեղ գեղարուեստական հրատարակութեանց շարքերը: Հրատարակչական արուեստի արդիական նուաճումներով այսօր շատ քիչ բան մնացած է որ կրնայ զարմացնել ու տպաւորել արուեստով զբաղողները: Հակառակ այդ իրողութեանց, այս գիրքը տակաւին կու գայ ընծայելու հիացման իր շքեղ բաժինը:

Ընթերցողը զմայլանքով ձեռք կ՛առնէ այս գեղատիպ հատորը, որուն կողքը զարդարուած է Արթոյին ամենէն հզօր գործերէն մէկուն լուսանկարով, այդ գործը «Ճիչ»-ն է, իր ահաւոր ուժգնութեամբ, ճիչըՙ մարդկային ծննդեան առաջին վշտագին բխումը, անոր ցաւին, ցասման ու ցնորման անզսպելի գոռումը: Այդ ճիչը կ՛ընդգրկէ անօրինակ պատգամ մը, կարծէք յայտնաբերելով կեանքի ու մահուան հատման խորհուրդը, ու կարծէք յայտարարելով, որ մարդկային ծնունդի ողջունելի ցնծութիւնը արդէն իր հետ կը բերէ մահուան սերմերը:

Այս կապակցութեամբ յակամայս կը յիշենք Էդվարդ Մունքի «Ճիչ»-ին գեղանկարը, որ անմահացուցած է արուեստագէտը: Արթոյի «Ճիչ»-ը թռիչքի մէջ կը դնէ մարդկային ցաւն ու հրայրքըՙ ժամանակի ու տարածութեան վերեւ, հրապուրելով արուեստասէրը անոր խռովիչ արուեստով:

Հատորը արուեստագէտի բազմահարիւր ստեղծագործութիւններէն կ՛ընդգրկէ ներկայացուցչական գործերՙ քանդակի թէ գծանկարի բնագաւառներէն: Գիրքին լուսանկարչական եւ տպագրական արուեստը լիովին արդարութիւն կ՛ընեն Արթոյի հզօր արուեստին եւ հարազատօրէն կը բացայայտեն զայն, նոյնքան որակեալ են նաեւ գիրքին զոյգ ներածականները, առաջինըՙ Ժաք Փուլէնի գրիչէն, որ վարիչն է Փարիզի համալսարանի Յունեսկոյի անուան արուեստի փիլիսոփայութեան ամբիոնին, իսկ միւսըՙ Կարպիս Քորթեանի գրիչէն, որ փիլիսոփայութեան դասախօս է Վիեննայի գեղարուեստից համալսարանին մէջ: Այդ ներածականներն ու գիրքին բոլոր գրութիւնները երկլեզուեան են, անգլերէն եւ ֆրանսերէն: Գիրքը հովանաւորուած է Թէքէեան մշակութային միութեան Վարդգէս եւ Ռիթա Պալեան ֆոնդին կողմէ: Ի դէպ, անոր մէջ զետեղուած է նաեւ Վարդգէս Պալեանի մէկ դիմաքանդակը, որ կը ցոլացնէ նկարագրի ամրութիւն եւ հոգիի անսահման ազնուութիւն:

Զարմանալի չէ, որ այս երկու փիլիսոփաները այդպիսի կլանող հետաքրքրութեամբ մը մօտեցած ըլլան արուեստագէտին, որովհետեւ ինքը եւս, Արթոն, փիլիսոփայ վարպետն է կերպընկալ ձեւերու: Երկու գրողներն ալ ներսուզուած են խոհական վերլուծումներու եւ ինքապեղումի խորքերուն մէջ, երբեմն արձակուելով հատորի բովանդակութիւններէն ու սաւառնելով միտքի ոլորտներուն մէջ: Այդ չի նշանակեր, սակայն, որ անոնք խզուած են գործի առնչութիւններէն: Այլ, ընդհակառակը, ատիկա Արթոյի արուեստին բնոյթն իսկ է, որ դիտողը կը մղէ ինքնապեղումի եւ խոկալու մարդկային ճակատագրին վրայ:

Ակադեմական նկատումներով, գիրքը կազմուած է ժամանակագրութեան կառոյցով, ինչպէս նաեւ գործածուած նիւթի հիմքերովՙ պրոնզեայ եւ կաւէ քանդակներ, նկարներ ու գծանկարներ եւ այլն: Սակայն, թող թոյլատրուի այստեղ գործը ներկայացնել իր թեմատիկ երեսներով ու հանգրուաններով: Այսպէսՙ ինքնանկարներ ու վերլուծումներ եւ ածանցումներ, մայրական խորհրդանիշ, Կոմիտասըՙ իր բազում դրսեւորումներով, հաւաքական վիշտն ու տառապանքը, ինչպէս նաեւ մարդկային վիճակներու մեկնաբանութիւնը:

«Արթոյի կողմէ մարդու քանդակային մշակումներու առաջին հանգրուանը կը բխի խորունկ եւ արմատական յիշողութենէնՙ սումերական եւ հայկական աւանդութեան», կը բնութագրէ Փուլէն իր ընդարձակ ներածականին մէջ: Արուեստագէտը ինք եւս կը խոստովանի, թէ իր արուեստը խորունկ կերպով մխրճուած է աւանդութեան մէջ, սակայն ան կը հաւատայ, որ արուեստագէտը բացի աւանդութեան տարրէն, պէտք է ունենայ յաւելուածական կայծ մըՙ գրաւելու համար արդի աշխարհը եւ ցոլացնելու համար իր ապրած ժամանակը: Ան յատկապէս կ՛ընդգծէ, ըսելովՙ «Ես աւանդութիւնը կը տեսնեմ երկար շղթայի մը կերպարանքով եւ կը փափաքիմ պարզ օղակ մը ըլլալ այդ շղթային վրայ, ու ես իմ դերս կատարած չեմ ըլլար, եթէ չամրապնդեմ այդ շղթան ապագայ սերունդներուն համար»:

Արթօ, արտայայտիչ արուեստագէտը, կը թափանցէ իր գործերուն մորթէն ներսՙ հասնելու համար անոնց ներաշխարհինՙ ցոլացնելով այդ ներաշխարհը դէմքի կառոյցներուն մէջ: Արուեստագէտին վարպետ ձեռքերով կերպարանք ստացած են քանդակները բազում արուեստագէտներու, գիտնականներու, գրողներու եւ ականաւոր անձնաւորութեանց, որոնք կրկնակիօրէն անմահացած են արուեստագէտին կախարդիչ շունչով:

Թէեւ ան կը նախընտրէ զբաղիլ վերացական գաղափարներովՙ զանոնք թանձրացնելով իր քանդակներուն մէջ, սակայն, յաճախ ալ կ՛առնէ իրական թէ առասպելական անձնաւորութիւններ ու զանոնք մշակելով, խտացնելով եւ «տանջելով» կը վերածէ վերացական գաղափարներու: Այդպիսի անձնատրութիւններէն մէկն է Կոմիտասը, իր բազում ձեւերով, կաղապարներով եւ զարգացումներով, որոնք կը դրսեւորուին անսպասելի յաջորդականութեամբ մը: Օրինակՙ Կոմիտաս կոթողը (18), Կոմիտաս ժողովրդային հերոսը, Կոմիտաս Տոն Քիշոթը, Կոմիտասՙ Նէանտերթալեան կերպարանքով (117), Կոմիտաս բանաստեղծը, Կոմիտաս եռեակ կմախքներով, եւ Կոմիտասներ անվերջանալի շարքերով, որոնք կ՛արտայայտեն տարբեր գաղափարներ, խորհուրդներ եւ հոգեվիճակներ:

Խորհրդանշական ուրիշ դէմք մըն է 10-րդ դարու հանճարեղ բանաստեղծըՙ Նարեկացին, ան ներկայացուած է կրկնակ դիմագիծ ունեցող քանդակով մը. տարբեր դիրքի մը մէջ միստիք բանաստեղծը սառեցուած է ներամփոփման խորունկ մէկ պահուն, իսկ ուրիշ անկիւնէ մը արուեստագէտը կը դրսեւորէ անոր ներքին տառապանքները, արտայայտութեամբ մը, ուր կարծես վանական բանաստեղծը կ՛ասմունքէ իր «Ողբերգութեան մատեան»-ը, թողութիւն աղերսելով Գերագոյն էակէն:

Փուլէն յարակցութիւն մը կը գտնէ մշակոյթի այս երկու տիտաններուն միջեւ, երբ կը գրէ. «Կոմիտաս կը կատարէ արարքըՙ 20-րդ դարուն վերաբանալու հայ մշակոյթը ինքն իր մէջՙ թորելով խոկումի այն աւանդութիւնը, որ սկսուած էր Նարեկացիով»:

Արթոյի համար արուեստի կուռքերէն մէկը Արշիլ Կորքին է, որուն ժառանգութեան ան կու տայ հետեւեալ բնորոշումը. «Կորքի մակաբերեց մարդուն մէջ թաքնուած նոր յատկանիշ մը, մարդկային յատուկ զգացողութիւն մը, որ բացարձակապէս նոր էր եւ երբեք չպեղուած, ան մեր մէջ սարսռեցուց բան մը զոր դեռ կը դժուարանանք սահմանելու, ան ներկայութիւնն է տիեզերական չափի մը, որ ամբողջականութեամբ օտար չէ մեզի, այսուհանդերձ ան կ՛աւետէ բան մը, որ ամբողջովին անծանօթ է մեզի»:

Կորքիի գլուխգործոցներէն մէկը իր մօր նկարն է, մայրըՙ իր ծնուցիչն ու սնուցիչը եւ մայր մը, որ առհասարակ կը խորհրդանշէ համայնական մայրութիւն մը, արուեստագէտը հանգուցելով իր առհաւական ժառանգութեան:

Արթոն նոյնպէս մայրութեան նիւթը մշակած է քանի մը յատկանշական գործերով, որոնցմէ երկուքը տեղ գտած են գիրքին մէջ, անոնցմէ մէկը քնքոյշ գծանկար մըն է, նուրբ ու քնարական գիծերով, ուրկէ կը ծորին մայրական տխրութիւնը, սէրը, հոգը, բայց առաւելաբարՙ մօր միամիտ իմաստութիւնը: Քանդակը աւելի կոթողային էՙ կերպով մը արուեստագէտի էութեան ու գոյութեան հիմնաքարըՙ մարգարէական դիրքով մը: Երկու պարագաներուն ալ մօրը կզակը յենած է ափին, անխօս պատգամ մը արձակելու կեցուածքով:

Արթոյի ինքնանկարները կը կազմեն անոր արուեստի ուրիշ մէկ գլուխը եւ կը հանդիսանան ինքնախուզարկումի եւ ներքին խոստովանութեան մենակեաց արտայայտութիւններ: Այդ ինքնանկարներէն մէկը (47) կը ներկայացնէ արուեստագէտը բանտուած սարդոստայնի մը մէջ, որ կը խզուիՙ արուեստագէտին կորուսեալ նայուածքին տիեզերական ճառագայթներով: Անոր բրոնզէ քանդակը (99) կը մատնէ կռիւ մը ինքն իր մէջ, այնտեղ, երբ արուեստագէտի պարտուած հոգին կը սողոսկի դուրս, դէմքին վրայ կ՛ուրագծուի տիրապետող իմաստութիւն մը. միւս կողմէ թուղթին վրայ գծագրուած իր թիվ 121 նկարը կը ներկայացնէ միեւնոյն պայքարը, որ կարծէք կը սահմանէ անլոյծ վէճ մը մարդկութեան հետ: Երկու այլ գծային ինքնանկարներ կը դրսեւորեն ուժի արտայայտութեան երկու ծայրայեղ վիճակներ. առաջինը (126) քայքայուող, շոգիացող ու ոգեղինացող դէմք մըՙ մեղմագոյն արտայայտութեամբ, իսկ միւսը (127) կը դրսեւորէ քանդակագործի յատուկ բուռն հարուած մըՙ Հարթունկի գիծերուն ուժգնութեամբ:

Արթօ հաւաքական ցաւի ահաւոր տառապանքը կը զգայ ամբողջ էութեամբ: Այնպէս ինչպէս Փիքասօ Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմին ահաւորութիւնը համայնացուցած է իր յայտնի «Կերնիքա»-ով, Արթօ միեւնոյնը ըրած է իր «Հերոշիմա» քանդակով (ներկայիսՙ Հերոշիմա քաղաքի թանգարանին մէջ, Ճափոն): Այստեղ եւս ահաբեկած դէմք մը կռթնած է ափին (մօր դիմանկարին նման), սակայն դէմքին վրայէն պայթիւնով մը դատարկուած է մէկ աչքը, իսկ միւսին բիբը կախուած կը մնայ միջոցին մէջ (Թէքէեանի «մէկ հատիկ»-ին նման) արտայայտելու համար զարհուրանքըՙ մարդու կողմէ մարդկութեան հասցուած ահաւոր չարիքին:

Արթոյի համար անըմբռնելի է տեսնել, հասկնալ եւ արտայայտել Հայոց ցեղասպանութեան արարքն առանձին կերպով: Ան այդ չարիքը աւելի կ՛ըմբռնէ համամարդկային չարիքի պարունակին մէջ, հետեւաբար իր «Հիրոշիմա»-ն նոյնքանով նաեւ յուշարձան մը կը դառնայ հայկական ցեղասպանութեան նահատակներուն: Քանի մը տարիներ առաջ, երբ կ՛այցելէի Տէր Զօր, կրկներեւոյթի մը նման աչքիս դիմաց կը պարզուէր այդ արձանը եւ մղձաւանջային համոզումն ունէի, թէ զայն յանկարծ պիտի կարենայի տեսնել աւազաբլուրի մը բարձունքին, որովհետեւ «Հերոշիմա»-ն այնքան հարազատօրէն կը ներկայացնէ նաեւ հայկական ողբերգութիւնը եւ հաւանաբար ամենէն արտայայտիչ ու պատշաճ կոթողն է, որ օր մը գուցէ կանգնեցուի այդ անսահման անապատի մէկ բարձունքին:

Արթօ կերտած է բազմաթիւ քանդակներ, որոնք կ՛արտայայտեն մարդկութեան հաւաքական տառապանքն ու վիշտը: Այդ շարքին մէջ կարելի է առանյնացնել մասնաւորաբար մէկըՙ «Երեք Մատները» (12), որոնք տակաւին կանգուն կը մնան անդամահատուած ձեռքի մը վրայ: Մատներուն բացուածքէն կարելի է տեսնել երկու տառապած աչքեր, որոնք կ՛արտայայտեն զարհուրանք ու զզուանքՙ հայուն դէմ գործուած նախճիրին դիմաց:

Մարդկային նկարագրի խոտորումները յառաջացուցած են անձնական վիճակներ եւ ողբերգութեան իրադրութիւններ: Այդ երեւոյթներուն անդրադարձած են հոգեբաններ եւ ընկերաբաններ ու քարոզիչներսակայն, հեռու քարոզչական կամ բարոյախօսական որեւէ միտումէՙ Արթօ այդ ցաւերը անցուցած է իր արուեստի պրիսմակէն: Այդ բնոյթի գործերու շարքին են «Թակարդուած Կերպարը» (7), «Լքում»-ը (46), «Մեռնող Զինուորը» (61), «Անառակ Որդու Վերադարձը» (67), «Ժամանակին Ընդմէջէն» (80), «Մարդկային Վիճակ» (142), «Խաչելութիւնը», «Անկումը» (116) եւ ուրիշներ:

Արուեստագէտին փորձառութիւնը ամբողջատիրական վարչակարգին հետ բզկտող հեգնանքով մը արտայայտուած է իր գործերուն մէջ, այսպէս, այս շարքին կը պատկանին «Մէկը եւ Ամբոխը» (125), «Ամբոխը եւ իր Կուռքը» (103|, «Անանունը», «Միաձայնութիւն» (44) եւ ուրիշ ստեղծագործութիւններ:

Շատ մը աշխատանքներ, բրոնզի թէ թուղթի վրայ, կը խուզարկեն ընկերային տարբեր վիճակներ ու տրամադրութիւններ: Խմբային տիպարներով գործերը մասնաւորաբար կը ներկայացնեն մարդկային հոգիի մեկուսացումըՙ ամբոխին մէջ: Այս սեռին մէջ ուշագրաւ գործ մըն է «Մէկը եւ Ուրիշներ»-ը, որ կը ներկայացնէ իրարու յարած երեք կերպարներ, որոնցմէ քիչ անդին կայ չորրորդ կերպար մըՙ կանգնած առանձին, կարծէք այդ գործը կը յիշեցնէ Սարոյեանի եղերական մէկ թատերախաղը, վերնագրուած «Քարանձաւի Բնակիչները», ուր անտուն եւ անպաշտպան դերասաններու խումբ մը ապաստանած է լքուած թատրոնի մը աւերակ բեմին վրայՙ անցեալի անկեալ փառքն ու չիրականացած երազներու փլուզումը ողբալու: Անոնցող քանի մը հատը կը կառչին իրարու ջերմանալու համար, մինչ «թագուհի»-ն, խզուած անոնցմէ, իր արժանապատուութեան վերջին փշուրներովՙ կ՛ուզէ առանձին հպարտութեամբ կրել իր ճակատագրին դառն վճիռը:

Պէտք է անդրադառնալ նաեւ Արթոյի գործերու սեռայնութեան (էրոս), որ թրթռացող զգայնութիւն մը կու տայ բրոնզին: «Զոյգը» (86), «Երկու Կերպարներ» (88) եւ «Էրոս 1, 2, 3» այդ բնոյթի գործեր են, որոնք աւելի լուռ տեղ մը կը գրաւեն քանդակագործի աշխատանքին մէջ: Ֆրոյդ մարդկային սեռայնութիւնը կը նկատէ առանցքային ազդակ մը մարդու աշխարհայեացքին ու գործելակերպին մէջ, եւ որպէս այդպիսին կարելի էր այդ սեռայնութիւնը արտայայտել իր անասնային տարերայնութեամբ կամ գիտական ցուրտ ճշգրտութեամբ մը, այստեղ արուեստագէտը ընտրած է երրորդ ուղի մըՙ իր նիւթը բարձրացնելով դիցաբանական համեմատութեան մը, ուր սեռային ընդգրկումները կը վերածուին աստուածային արարչագործութեան մէկ արտայայտութեան, այնքան մաքուր ու վճիտ, ինչպէս Միքելանջելօ սեւեռած է Սիքստինեան մատուռի առաստաղին, ուր Արարիչը իր մատին կայծով կենդանութիւն կը պարգեւէ Ադամին, արարելով առաջին մարդ էակը:

Փուլէնի ներածականին մէջ յատկանշական վերլուծումներ կան, թէ ինչպէս Արթօ մարդկայնացուցած է իր արուետը, ան յատկապէս կը նշէ, թէ արուեստագէտը գիտցած է տարանջատել մարդուն մէջ այն, ինչ որ մարդկային չէ ու հեռացնել զայն իր արուեստէն: Վարպետը նոյնպէս հասած է քիչով շատը արտայայտելու գաղտնիքինՙ եգիպտական հին որմնաքանդակներու պարզութեամբ, այնտեղ գիծերն ու ծաւալները այնքան բան կ՛ըսեն, որքան միջոցը, պարապութիւնը անոնց մինջեւ, որ նոյնպէս օգտագործուած է խնայողութեամբ:

Արուեստագէտը անցած է տարբեր շրջաններէ ու հանգրուաններէ, որոնց ընթացքին ան իր ներշնչումը քաղած է իր սիրած հին վարպետներու գործերէն: Բացի Կորքիէնՙ քանդակագործ Ջիաքոմեթթի եւս տպաւորած է արուեստագէտը: Արթոյի երկարաձիգ արձանիկները կարծէք թէ յարգանքի տուրք մըն են այդ մեծ վարպետին, որուն մասին ան կ՛ըսէ. «Բնազդօրէն սիրած եմ Ջիաքոմեթթին, նախքան որ նոյնիսկ հասկնայի թէ ինչպիսի կարեւոր դէմք մըն էր ան արուեստի աշխարհին մէջ: Կապը, որ կը միացնէ մեզ, շատ ուղիղ է եւ հարազատ»:

Ջիաքոմեթթիէն զատ արուեստագէտը կարծէք նաեւ գաղտնի զրոյցներ ունեցած ըլլայ քանդակագործ Հենրի Մուրի հետ, որուն ծաւալներուն զգայնութեան քնքոյշ արձագանքը կարելի է գտնել Արթոյի արուեստին մէջ:

Արթօ աւանդապահ է, նոյնքան նաեւ յառաջապահ, իր արմատները խորապէս մխրճուած են աւանդութեան մէջ, սակայն նաեւ կ՛աւետեն գալիքը: Ան ինքնավստահութեամբ կը նայի ապագայինՙ նուաճելու համար այն, ինչ որ դեռ պիտի գայ եւ դեռ չէ անցած մարդկային փորձառութեան սահմանումին:

«Յետադարձ Ակնարկ»-ի այս գիրքը կ՛ամփոփէ միայն Արթոյի արուեստին գլխաւոր ճիւղերուն ներկայացուցչական նմոյշները. տակաւին հարիւրաւոր ուրիշ աշխատանքներ կը մնան ցուցադրուելիք ու լոյսին ընծայուելիք: Արուեստագէտը օժտուած է բեղուն երեւակայութեամբ, որով ստեղծած է պատկառելի վաստակ մը, որ զինք կ՛արժանացնէ վարպետի կոչումին: Իր երիտասարդական կորովը, իր խուզարկու միտքը եւ համամարդկային ապրումներ ընկալելու իր համապարփակ սիրտը տակաւին շատ անակնկալներ կը խոստանան արուեստի աշխարհին:

Մինչ այդՙ այս շքեղ հատորը կը հանդիսանայ անոր թանկագին ժառագութիւնը իր ազգին ու մարդկութեան:

Դեթրոյթ, ԱՄՆ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4