Դոկտ. ՆՈՒՊԱՐ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Այս օրերուն գրասեղանիս վրայ տեղ գրաւած են երկու գիրքեր: Առաջ անոնք հոն չէին: Եկան քով-քովի, որովհետեւ անոնց բովանդակութիւնը անակնկալօրէն այժմէական դարձաւ դարձեալ:
Ձախին դրուած գիրքը, բաց կապոյտ թղթակազմ կողքով, հրատարակութիւնն է Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի Հայ ազգային հիմնադրամին (թիւ 3), լոյս տեսած է Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի «Արաքս» տպարանէն (Թօփալեան եղբայրներ), 1947ին: Աջ կողմը կայ մանիշակագոյն լաթակազմ կողքով տպաւորիչ հատոր մը, որ հրատարակութիւնն է Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի «Ազգ» օրաթերթին եւ կը կրէ 2003 թուականը: Երկու գիրքերն ալ իբրեւ հեղինակ ունին Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան ազգային քաղաքական մեծանուն դէմքերէն Արտակ Դարբինեանը եւ կը պարփակեն միեւնոյն բովանդակութիւնը, որ լիովին կ՛ամփոփուի իր խորագրովՙ «Հայ ազատագրական շարժման օրերէն-Յուշեր 1890 էն 1940»:
Այս երկու գիրքերը արդէն լոյս տեսած են իրարմէ յիսունվեց տարիներ ետք: Երկրորդ հատորը, առաջինէն աւելի, կը պարունակէ, յառաջաբանի փոխարէն, Հայաստանի Հանրապետութեան հասարակական-քաղաքական պատմութեան արխիվի տնօրէն Աւագ Յարութիւնեանի համապարփակ գրութիւնըՙ Արտակ Դարբինեանի եւ անոր այս հեղինակութեան մասին եւ վերջաւորութիւն ալՙ արխիւային վաւերաթուղթերու համառօտ յաւելուած մը:
Այդ գիրքը իրականութեան հունին մէջ մտած է շնորհիւ Չիկագոյի մեր ղեկավար անձնուէր ընկեր Արսէն Դեմիրճեանի մեկենասութեան, կատարուած ի յիշատակ իր հօրՙ Հաճնոյ իննամսեայ ինքնապաշտպանութեան հերոսներէն Ռուբէն Երկաթի: Թէեւ ամէն գիրքի մեկենասութիւն ինքնին գնահատելի կրնայ նկատուիլ, բայց այս մեկը, իր անժամանակավրէպութիւնն ընդմիշտ պահող բովանդակութեամբ, թանկարժէք գիրքի մը վերահրատարակութիւնը կ՛ենթադրէ, շնորհիւ մեկենասին խոր գիտակցութեան:
Երբ 1947-ին Փարիզի մէջ լոյս տեսաւ առաջին հրատարակութիւնը, ես հոն էի, միջազգային իրաւագիտութեան աւարտագիրս (thsis) պատրաստելու վրայ եւ միաժամանակ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Ֆրանսայի մեր պաշտօնաթերթինՙ «Ապագայ»-ի իբրեւ պատասխանատու խմբագիր: Բովանդակութեան ծանօթացայ հրատարակութենէն իսկ առաջ, քանի որ սիրայօժար կատարած էի սրբագրական աշխատանք (proofreading): Այսօր կասկած չկայ, որ ցնծութիւնս կը կրկնապատկուի, տեսնելով այնքա՜ն անհրաժեշտ նկատուած այսպիսի գիրքի մը վերահրատարակութիւնը, որովհետեւ ամէն հայ դռնէ ներս անփոխարինելի եղող այսպիսի հատոր մը ահա հիմա, մեկ օրէն միւսը տրամադրելի կը դառնայ պարզապէս աւետիս մըն է, բարի լուր մըՙ բոլոր հայերուն, երիտասարդ թէ երէց, որոնք վերոյիշեալ կէս դարու (1890-1940) նշանակալից ազգային քաղաքական պատմական դէպքերուն եւ իրադարձութեանց շուրջ ամբողջական ճշմարտութիւնը կ՛ուզեն գիտնալ, իրենց դիրքորոշումն ըստ այնմ կատարել կարենալու համար:
Հեղինակըՙ Արտակ Դարբինեան, զոր անձամբ ճանչցած եմ եւ կը դասեմ զինք մեր կուսակցութեան մեծագոյն դէմքերու շարքին, ըստ ոմանց մոռցուած անուն մըն է: Ըստ իսՙ ան անմոռանալի կը մնայ. անմոռանալի է բոլոր անոնց համար, որոնք զինք մօտէն ճանչցած են: Ցաւալի է որ զինք ճանչցողները այսօր այնքա՜ն քիչ են մնացեր, որ հազուագիւտ ապրողներուս վրայ ազգային աւագ պարտականութիւն կը ծանրանայ ճանչցնել ուժեղ անհատականութեամբ օժտուած այս հայը, որ միաժամանակ մարդկայնութեան եւ անձնուիրութեան զմայլելի մարմնացումն եղած է:
Դարբինեանի գործին այս զոյգ հրատարակութիւնները մտածողին համար կը ներկայացնեն այլ արժանիք մը եւս, որ առաւել եւս կը ճշդէ վերահրատարակութեան կարեւորութիւնը:
Արդարեւ, դէպքերն առհասարակ եւ քաղաքական դէպքերը մասնաւորաբար, ժամանակի հոլովոյթին հետ կրնան կորսնցնել իրենց այժմեականութիւնն ու իմաստը, միաժամանակ նուազեցնելով անոնց կարեւորութիւնը: Այդ պատճառով ալ ո՞վ չէ իմացած սա տեսակ բացականչութիւն մը. «Չ՛արժեր կարդալ այդ գիրքը, որ վաղուց գրուած եւ այժմ ժամանակավրէպ դարձած է»:
Հոս մեզ հետաքրքրող պարագային, սակայն, կարելի չէ երբեք այդպիսի վճիռ արձակել: Ճշմարտութեանց արտացոլումն եղող այս աննման հեղինակութիւնը, իր անդրանիկ հրատարակութենէն աւելի քան կէս դար ետք, նոյնութեամբ կը պահէ իր խորքն ու արժէքը, առաջին հերթին որովհետեւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը, որուն աննահանջ պաշտպանն ու ջերմ ջատագովը հանդիսացած է Արտակ Դարբինեան, իր ամբողջ գոյութեան տեւողութեան, անշեղ կերպով եւ անսայթաքօրէն հետապնդած է ազգն ու հայրենիքը ամէն բանէ գերիվեր դասելու քաղաքականութիւնը:
Երկու գիրքեր ահա դեռ կը յամենան գրասեղանիս վրայ, քով-քովի, անբաժան, անոնք միեւնոյն բովանդակութեամբ երկու սրտամօտ ու մտամօտ հատորներ են, թէեւ տարբեր դարերու ծնունդ, թէեւ իրարմէ զանազանուող արտաքինով, կողքով, գոյնով, տեսքով, բայց մասնաւորաբար մէ՛կ ուղղութեամբՙ ի զօրու քսաներորդ դարու կիսուն եւ միաժամանակՙ մեր նոր դարաշրջանի սկզբնաւորութեան:
Երկու գիրքՙ մէ՛կ ուղղութիւն, երէկ եւ այսօր:
Բոստոն