«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#127, 2004-07-10 | #128, 2004-07-13 | #129, 2004-07-14


ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ՌԱԿ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Մոնրեալում լույս տեսնող ՌԱԿ «Ապագայ» շաբաթաթերթը հունիսի 28-ի համարում տեղ է տվել Մոնրեալի Մելգոնյան սանուց միության հետեւյալ «Բաց նամակին», որը վերաբերում է Կիպրոսի Մելգոնյան վարժարանի փակման նկատմամբ ՌԱԿ կենտրոնական վարչության հաղորդագրությանը, որը տպագրվել էր նաեւ մեր թերթում: Հիշյալ հաղորդագրությունից հետո Մելգոնյանի խնդիրը նորանոր զարգացումներ է ապրել, որի մասին «Ազգն» արտահայտվել է քանիցս: Համենայն դեպս, հրատարակելով այդ նամակը, խմբագրությունը միանում է մելգոնյանցիներին, շեշտելով եւս մեկ անգամ, որ որեւիցե նկատառում չի կարող արգելք դառնալ, որպեսզի ռամկավար մամուլը, եւ ոչ միայն, անարգել գրի Մելգոնյան խնդրի շուրջ: Դա սովորական հարց չէ, որ կարելի լիներ անտեսել, առավել եւսՙ լռել:

Վերջում ավելացնենք, որ առանձին թղթակցությամբ Մոնրեալի սանուցը տեղեկացնում է, որ վերջերս «Զվարթ երեկո» է կազմակերպել իր անդամների եւ նրանց ընտանիքների համար, որի ընթացքում հանգանակել է 25 հազար դոլար ի նպաստ մայր վարժարանի եւ խոստացել է այս տարվա ընթացքում այդ գումարը հասցնել 75 հազարի:

Մելգոնեան կրթական հաստատութեան փակման որոշումը պաշտօնապէս յայտարարուելէն հազիւ երեք շաբաթ ետք, Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, «Մելգոնեանը անցաւ պատմութեան» խորագրով: Անցեալ կատարեալ եւ ոչ իսկՙ «պիտի անցնի պատմութեան»:

ՌԱԿ-ը ուղղակիօրէն չի քննադատեր Մելգոնեանը փակելու որոշումը, այլ թոյլ կերպով կը մատնանշէ, թէ Բարեգործականի աւանդական դպրոցակառոյց հաստատութիւն մը ըլլալու ընթացքը շեղում մը կ՛արձանագրէ, եւ մեղմ յանձնարարական մը կ՛ընէ նոյն ճակատագրին չենթարկել Բարեգործականի միւս վարժարանները:

Հաղորդագրութեան աւարտին տեղւոյս «Ապագայ» շաբաթաթերթի ապրիլ 12. 2004-ի թիւին մէջ կը կարդանք հետեւեալ ծանօթագրութիւնը, աւելցուած խմբագրութեան կողմէ.

«ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան որոշումով, ցնոր տնօրինութիւն կը դադրեցնենք Մելգոնեանի հարցով յօդուածներու եւ թղթակցութիւններու հրատարակութիւնը...»:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ ռամկավար-ազատական մամուլը նախապէս լայն բացած էր իր էջերը արտայայտուող թեր եւ դէմ կարծիքներուն: Ճիշդ է այս հաստատումը: Սակայն հարկ է նշել, որ մինչեւ ՀԲԸՄ-ի պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, մարտի կիսուն, կը հերքուէին բոլոր եղած յայտարարութիւնները հաստատութեան փակման եւ վաճառման մասինՙ որպէս «անհիմն տարաձայնութիւններ»: Անկեղծ, թերեւս միամիտ անհատներ, որոնք կ՛ուզեն ճշմարտութիւն մը տեսնել պաշտօնական աղբիւրներու կողմէ եղած յայտարարութիւններու մէջ, ըսելիք մը չունէին:

Բուն բանավեճը սկսաւ, թերեւս փոթորիկի տարողութեամբ, պաշտօնական յայտարարութենէն ետք եւ արդարացի է ատիկա, որովհետեւ մինչ այդ փաստացի տուեալներ չկային, թէ Բարեգործականը բան մը կը յայտարարէ, սակայն անոր հակառակը կը ծրագրէ: Ուրեմն կարելի՞ է արդեօք երեք շաբաթը սեպել բաւարար ժամանակ, փակուած յայտարարել նիւթը եւ շուտափոյթ կերպով Մելգոնեանը անցընել պատմութեան:

Եթէ իրօք սպառած են վիճարկումները, ապա աւելորդ եւ անհեթեթ է կուսակցութեան մը Կեդրոնական վարչութեան որոշում յղել իր մամլոյ օրգաններունՙ առկախել տուեալ նիւթին առնչութեամբ բոլոր գրութիւնները: Իսկ եթէ ըսելիք կայ տակաւին, ինչպէ՞ս կրնայ ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ դաւանող կուսակցութիւն մը արգելք հանդիսանալ կարծիքներու փոխանակման:

Բացատրութիւնը միայն մէ՛կ բան կրնայ ըլլայ: ՌԱԿ-ը կ՛ուզէ խնայել Բարեգործականի Կեդրոնական վարչութիւնը յաւելեալ նուաստացումէ, խայտառակումէ, որովհետեւ քաջ յստակ է, թէ թեր եւ դէմ կարծիքներու փոխանակման մէջ ո՞ւր պիտի թեքի նժարը:

Հայ մամուլը, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, շատ լայն կերպով անդրադարձաւ այս նիւթինՙ անվերապահօրէն քննադատելով սփիւռքի կարեւոր մէկ կրթօջախը քանդելու միտումը: Մտահոգ ազգայիններ եւ ուղղադատ ռամկավարներՙ նոյնպէս արտայայտեցին իրենց ընդվզումը, անհեռատես եւ ազգավնաս բնորոշելով Մելգոնեանը գոցելը:

Հարցերու գործընթացը, ամէն օր զարգացող նորութիւններով, ցոյց կուտայ, թէ Մելգոնեանը տակաւին շատ հեռու է պատմութեան անցած ըլլալէ, եւ վիճարկումները տակաւին հասած չեն իրենց տրամաբանական լրումին: Հայրենիքի թէ սփիւռքի հայ մամուլը կը շարունակէ իր էջերը բաց պահել Մելգոնեան կրթական հաստատութեան ճակատագրին առնչուող հարցերուն քննարկման: Պիտի խնդրէինք, որ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութիւնը վերանայի իր որոշումը եւ ՌԱԿ-ի մամուլը կրկին, ինչպէս մի՛շտ, մնայ իր ազատական եւ ռամկավար սկզբունքներու պատնէշին վրայ:

ՄՈՆՐԷԱԼԻ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ, ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4