«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#183, 2004-10-16 | #184, 2004-10-19 | #185, 2004-10-20


«ԱՐԻ՛ ԱՊՐԻՐ ԷՍՏԵՂ»

Խորհրդային ձիւնհալը սկսած էր:

Մայր հայրենիքէն Բեյրութ այցելած երգի-պարի համոյթին այցելութեան յաջորդեր էին այլ խումբեր: Աւելի ուշ խումբերուն յաջորդեցին անհատական այցերՙ ետեւ-ետեւի եւ երկարաժամկէտ: Բայց ծանծաղած էր գաղութին նախկին խանդավառութիւնը, չըսելու համար չքացած եւ տեղի տուած դժգոհանքի արտայայտութեանցՙ հայրենիքէն հոսող ինքնակոչ հիւրերու հասցէին: Պատահած էին բազմաթիւ տհաճ դէպքեր, որոնք շրջան կ՛ընէին բերնէ-բերան, ամէն օր եւ ամէն տեղ, ձիւնագնդակի նման միշտ աճելով:

Ինչպէս միշտ կ՛ըլլան բացառութիւններ, զարտուղութիւներու խմբակին մէջ կը գտնուէր երբեմնի երիտասարդը, որ ես էի: Կը սնուցանէի այն խոր համոզումը, թէ քանի հայրենիքը վեհ է, հետեւաբար ամէն ինչ որ կու գայ անկէՙ է աղուոր, սրտամօտ, անբասիր, գերադաս:

Բարեկամ մը, որ պաշտամունքն ունէր հայ գիրին ու լեզուին եւ երեսունմէկ անգամ գործով գացած էր Հայաստան, կը հաւաստիացնէր, թէ հիացումս օր մը պիտի վարձատրուէր... ապտակով: Դժուար էր հաւատք ընծայել, սակայն անՙ յենելով անձնական փորձառութեան վրայ, հիասթափումը կը նկատէր անխուսափելի: Ժամանակը, արդար դատաւոր, փաստեց ճշմարտութիւնը իր դատումին: Թէ ինչպէս.

Հայրենիքի սեղմ շրջանակէս զոյգ մը եկած էր օդակայանՙ ողջերթ մաղթելու ինծի: Պատահեցաւ որ մեր մօտիկը խումբ մը տարեց ճամբորդներ խօսակցէին... քրդերէնով: Ընկերակիցներէս ան որ կը նկատուէր «Երեւանի իմ քոյրիկը», պոռթկաց յանկարծ.

- Սրանց նայիր, չեն ամաչում քրդերէն զրուցելու հայրենի հողում:

Մտածեցի ըսել Մաշտոցի այս նորագոյն աշակերտին, որ լաւ կ՛ըլլար եթէ նոյն նախանձախնդրութիւնը ցուցաբերէր հայ ռուսախօսներու հանդէպ, որոնք կը վխտային «հայրենի հողում»: Բայց կանխելու համար անտեղի վիճարկումը, դիմեցի բացատրական ռազմավարութեան, թէՙ «սրանք» Անատոլուի սպիտակ ջարդէն ճողոպրած հայեր են եւ այժմ հաստատուած Պելճիքա: Իրենց ամբողջ վաստակը տրամադրած են այս ուխտագնացութեանՙ որպէսզի կեանքի մայրամուտին զգան թէ հայրենիք մը ունին եւ այդպիսով վերագտնեն իրենց արմատները:

Այս խօսքերը ակնյայտօրէն հաճելի չթուացին կարծեցեալ «քոյրիկիս»: Այս անգամ իր թաքուն մաղձը թափեց վրաս:

- Դու քեզ հայրենասէ՞ր ես համարում: Դէ էդպէս ա, արի՛ ապրիր էստեղ:

Երկրաշա՞րժ էր արդեօք թէ երկինքը փուլ եկաւ: Եղածը լուտանքի համազօր էրՙ ուղղուած մօրս շիրիմին ( իսկ հայրս, զոր չեմ ճանչցած, գերեզման իսկ չունի): Մանաւանդ անձի մը կողմէ, որ նոր էր աւարտած ընթերցումը «Հայրենիքիս հետ» ժողովածուիսՙ ինքնին անսակարկ խնկարկումը եւ անմնացորդ սէրը հայու սրբութիւններուն, առաջին տողէն մինչեւ վերջին բառը: Կրնար զիս անուանել անբան, սրիկայ կամ փաղանգ մը այլ անուանարկիչ ածականներով, բացի այդ մէկէն:

Միշտ յուզիչ եղած է բաժանումի պահը, ուր ոխ ու քէն կը հալին եւ նոր հանդիպումներու ծրագիրներ կը հիւսուին: Դէպի օդակայան ճամբուս ընթացքին, մտովի երգած էի. «Բաժանումից ինձ յիշատակ թողեցիր մի ծաղկեփունջ»: Սակայն չէի անդրադարձած թէ այդ ծաղկեփունջը փշածածկ էր: Աքլորի առաջին իսկ կանչին, ամբողջ անցեալ մը դէն էր շպրտուածՙ կարծես քամուած կիտրոն ըլլար:

Նախատեսուած ապտակին փոխարէն, ստացած էի... աքացի մը, որ զիս կը զգետնէր: Անյեղլի օրէնքը կը հրահանգէ, որ հայուն հարուածը ըլլայ ահարկու, երբ ճակատումը հայու հետ է: Ո՞ղջ էի թէ մեռեալ... Երանի՜ այդ չարագուշակ օրը գոյութիւն չունենար օրացոյցին մէջ: Ի՜նչ իղձեր մէջս վիժեցան սաղմնային վիճակի մէջ, քանի՜ երազներ աղօտեցան հաւախօսի լուսնկային պէս: Ես, այդ օր, տարիներով ծերացայ...

Եթէ պապանձած չըլլար լեզուս, պիտի ըսէի Երկիր Նայիրիի այս դուստրին, որ Հ. Ղեւոնդ Ալիշան, մինչեւ շիջիլը, Ս. Ղազարի մենաստանին մէջ փակուած, շնչեց հայրենիքով եւ հայրենիքին համար, եւ նկարագրեց Սիսուանի ամէն մէկ բոյսը աւելի վառվռուն քան ոեւէ անձ իրմէ առաջ եւ իրմէ ետք: (Սակայն երբ անկախ Հայաստանի փողոցներուն անուանաբաշխումը կը կատարուէր, Ալիշան չարժանացաւ անոնցմէ մէկուն):

Պիտի յիշեցնէի նաեւ Երեւանի երբեմնի քոյրիկիս, որ բախտաւոր է ինքՙ ապրելով հայրենիքի աստղազարդ երկնքին տակ եւ կը վայելէ Արարատի մայրական հովանին: Սակայն ես ինչո՞վ եմ մեղաւոր եթէ ճակատագրի խորշակը այնպէս է տնօրինած է, որ աշխարհ գամ Մայրիներու Երկրին մէկ խուլ անկիւնը, ուսանիմ Ափրոդիտէի ծննդավայրըՙ «կղզի նման չիք մեր Կիպրեայ» եւ հիմա դեգերիմ ներքեւը Էյֆելի»:

Արդէն ի՛նչ է մեր կեանքը «օտար, ամայի ճամբեքի վրայ», եթէ ոչՙ գոյութեան քաշքշուք, անդուլ պայքարՙ հայ մնալու եւ ճգնաժամային ճիգՙ այդ կտակը փոխանցելու մեր յաջորդներուն, որպէսզի անոնք պահանջե՛ն հայուն իրաւունքըՙ անիրաւ աշխարհէն. չէ՞ որ անարդարները կ՛որոշեն արդարութիւնը: Լինելութեան համլետեան այս գոյամարտը ջլատած է մեր կամքը եւ խլած ժպիտը մեր դէմքէն: Երբ Ազնաւուրին հարցուցած են. «Ինչո՞ւ մելամաղձոտ են երգերդ», պատասխանած է. «Չէ՞ք գիտեր, որ հայ եմ ես»:

Յետոյ, ինչո՞ւ ձերի եւ մերի մրցակցութիւնը, անտեղի մտալլկումը: Ի՞նչ շահ կը հետապնդէ ճակատումը եւ որո՞ւ օգտին: Օր մը, երբ Լեւոն Անանեանին կ՛ըսէի, թէ հայու մեծագոյն թշնամին թուրքը չէ, այլ ինքըՙ հայը, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահը եզրակացուց փիլիսոփայաբար. «Դա ներքին թուրքն է»: Բաւ է մեզի երկրաշարժ, սպանդ, հողերու յարատեւ կորուստ.- Վիլսընեան լայնատարած սահմաններու փոխարէն, որ պիտի իրականացնէր մեր ծովէ ծով երազը, չունեցանք ոչ իսկ լիճէ լիճ հայրենիք, այլՙ «օվկէանոսէ օվկէանոս Սփիւռք»ՙ Եղեռնի մնացորդացը:

Ա՛լ պահն է զգաստութեան եւ փոխադարձ զիջումի: Դադրի՛նք չորս հայ հաւաքուելով հինգ կուսակցութիւն կազմելու ախտէնՙ նիզակները իրարու դէմ ճօճած: Երկւութեան պայքարին մէջ թող յաղթանակէ Ամենայն Հայոց Հայրենիքը. չէ՞ որ նոյն ամբողջութեան բաղկացուցիչ մասերն ենքՙ «մրրկաւ զատուած»: Այլապէս խոժոռ պիտի հնչէՙ «Մէկ Ազգ, մէկ Մշակոյթ» լոզունգը, որ այնքան կը հոլովուի ներկայիս: Հայրենիքի կենսունակութեան համար անհրաժեշտ է առողջ Սփիւռք մը, զոր Սիլվա Կապուտիկեան կոչած է «նաւթազուրկ Հայաստանի նաւթը». միայն թէ առաջինը չըլլայ երկրորդին գերեզմաննոցը եւ չդառնայ ծերանոցՙ արտագաղթի պատճառով:

Եօթն անգամ բախտ է վիճակուած ինծի գտնուիլ հայրենիք, բայց չեմ վաստկած եօթը անկեղծ, անշահախնդիր բարեկամ, հակառակ ճիգերուս, բուռն փափագիս եւ երկարատեւ կեցութեանսՙ իւրաքանչիւր անգամին: Հաւատացէք ըսածիս, տիկիններ եւ պարոններ, կ՛երդնում Անիի հազարումէկ եկեղեցիներու քանդուած խորաններուն վրայ, ուր բուեր կը վայեն: Շեքսպիր պիտի ըսէր. «Թող թուրք ըլլամ եթէ կը ստեմ»:

Սակայն չարենցեան պատգամը եղած է եւ կը մնայ իմ միակ կարգախօսը, սրբազան ուխտը.-

«Ինչքան էլ սուր սիրտս խոցեն արիւնաքամ վէրքերը մեր,

Էլի ես որբ ու արնավառ իմ Հայաստան եարն եմ սիրում»:

Որովհետեւ, եթէ կղերականը նոյնիսկ խաչագող ըլլայ կամ իգամոլ, եկեղեցին կը մնայ սրբազան: Դատողութեան զուգորդութեամբ, Հայաստանի մէջ կրնան գտնուիլ «խուլիգան» եւ «թալանչի» տզրուկներ, սակայն հայրենիքը սրբասուրբ էՙ ինչպէս նշխարը սկիհին մէջ, նուիրականՙ որպէս մասունքը մեր ապուպապերուն, յաւերժՙ ձիւներուն պէս Արարատի: Ի՛նչ փոյթ թէ փոքր է ծաւալով: Համատարած քարտէսին վրայ միայն անո՛ր տարածքը կը տեսնեմ, ուրիշ ո՛չ մէկ երկիր: Ճիշդ է, պատառ մը հող է, սակայն սփռուածՙ աշխարհով մէկ եւ ողողած ներաշխարհը բոլոր անոնց, որոնք իրենք իրենց հայ կը դաւանին, հակառակ օտարութեան լպրծուն մայթերուն:

ՄԻՆԱՍ ՏԷՐ-ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ, Փարիզ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4