Սեպտեմբեր 12, 2004, կիրակի օր, Գլենդէյլի հանրային գրադարանին մէջ գրասէր հասարակութեան մը ներկայութեան լիբանանահայ գրող Արամ Սեփեթճեանի վաստակն ու անձը բարձրօրէն գնահատուեցաւ մեծարանքի հանդիսութեամբ մը, որ կազմակերպուած էր Թէքէեան մշակութային միութեան, Չորք Մարզպանի հայրենակցական միութեան ու ՀԲԸՄիութեան եւ որ կը վայելէր հովանաւորութիւնը առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի: Մեծարեալի «Սիփան» հրատարակչութեան լոյս ընծայած «Գաղտնի պարտէզ» խորագրուած հատընտիրը ներկաներուն ներկայացնելով կազմակերպիչները կը հետապնդէին Վահան Թէքէեանի ընտրելագոյն էջերը տրամադրութեանը տակ դնել ամէն գրասէրի:
Օշին Քեշիշեանի հանդիսավարութեամբ սկսաւ ձեռնարկը, որուն առաջին մասով ելոյթ ունեցան ընկերներ Սարգիս Մինասեան եւ դոկտ. Մինաս Գոճայեան: Գոճայեանՙ տէօրթ եոլցի մը մեծարեալին նման, Սեփեթճեանի բոլոր գործերուն արդար գնահատականը ըրաւ:
Պրն Արա Պապայեան մեծարեալին յանձնեց ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանի գնահատագիրը, իսկ դոկտ. Յարութիւն Սաղրեանՙ Կալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան նախագահի հանգամանքով ողջունեց օրուան մեծարեալը: ԹՄՄ Կեդր. վարչութեան փոխատենապետ Երուանդ Ազատեան ողջունելէ ետք գրողին գործունէութեան յիսնամեակը, սեղմ գիծերու մէջ մեկնաբանեց Սեփեթճեանի վաստակին յատկանիշները: