«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ

https://www.azg.am | WAP | WAP-CULTURE

#195, 2004-11-03 | #196, 2004-11-04 | #197, 2004-11-05


ՌԱԿ ԱՐԵՎԵԼԵԱՆ ԵՎ ԱՐԵՎՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆՑ ԵՐԿՐՈՐԴ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Նախաձեռնութեամբ ՌԱԿ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու եւ Կանադայի շրջանային վարչութեան, հոկտեմբեր 16-17, 2004 շաբաթավերջին, Նիւ Ջըրզիի մէջ գումարուեցաւ ՌԱԿ Ամերիկայի զոյգ շրջանակներու խորհրդակցական երկրորդ ժողովը, որ քննարկեց ազգային ու ամերիկեան քաղաքական կեանքէն ներս տեղի ունեցող նոր անցուդարձերը եւ անոնց լոյսին տակ համատեղ գործակցութեան մը ուղին ճշդեց եւ մնայուն աշխատանքային ծրագիր որդեգրեց:

Ժողովը թելադրուած ամերիկահայ եւ կանադահայ մեր լայն շրջանակին ազգային շահերէն ու առաջնորդուած ազգապահպանման գերագոյն նպատակներէն, որոշեց մասնաւոր հետաքրքրութիւն ցուցաբերել հետզհետէ աճող նոր համայնքներուն նկատմամբ, հասնելով անոնց ազգային կարիքներուն: Անցնող տասնամեակին Մ. Նահանգներու տարածքին մանաւանդ, մեր հին հայ համայնքներէն տնտեսական պատճառներով ամերիկահայերու եւ հայրենիքէն դէպի այս ափերը հաստատուող հայաստանցիներու հոսքով, գրեթէ իւրաքանչիւր նահանգէ ներս կազմուած են հայկական նոր համայնքներ, որոնք արժանանալու են մեր մասնաւոր գուրգուրանքին, հետաքրքրութեան եւ քաղաքական առաջնորդութեան: Մանաւանդ այս օրերուն, երբ ամերիկեան Կոնգրեսէն ներս կարիքը ունինք աւելի մեծ թիւով հայանպաստ ներկայացուցիչներու, անհրաժեշտ է որ այս նահանգներէն ներս տարուի լուրջ ու ծաւալուն քաղաքական աշխատանք:

Ժողովը նաեւ քննարկեց զոյգ շրջանակներու Հայ իրաւանց խորհուրդներու ունեցած գործունէութիւնը եւ քաղաքական ծրագիրները: Աւելի ազդու միջոցներով կատարելու համար այդ աշխատանքը, ժողովը որոշեց ներդաշնակ երկու շրջանակներու ճիգերը եւ արդիական գործելակերպով գալ հրապարակ, ներդնելով երկու շրջանակներու տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր գործօններն ու միջոցները: Առաջին իսկ պատեհութեամբ ժողովը որոշեց նախաձեռնել կեդրոնացեալ համացանց մը, որ պիտի ըլլայ խօսափողը ռամկավար ազատական մտածողութեան եւ ՌԱԿ-ի աշխարհատարած գործունէութեան:

ՌԱԿ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԵՒ ԿԱՆԱԴԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐ


© AZG Daily & MV, 2009, 2011, 2012, 2013 ver. 1.4