Եւ Իտալիոյ լրագրութեան նահապետին պատասխանը...
Էուջենիօ Սքալֆարինՙ հիմնադիրը «Լա ռեփուպլիք» Իտալիոյ մեծագոյն օրաթերթին, որ հակառակ յառաջացած տարիքին տակաւին թերթին նամակի բաժինը կը վարէ ամէն ուրբաթ, ընթերցողի մը հարցին, որ իր կարծիքը կ՛ուզէր Թուրքիոյ մուտքին համար, հետեւեալ պատասխանը կու տայ.
«Ազնիւ ընթերցող, ես անոնցմէ եմ, որ վճռականօրէն դէմ եմ Թուրքիոյ մուտքին Եւրոպական միութիւն: Քանի որՙ
1 - Թուրքիան աշխարհագրականօրէն Եւրոպայի մաս չի կազմեր: Նման երկրի մը մուտքը հետագային կը ստեղծէ բարդութիւններ Միջին Արեւելքի եւ Մաղրէպի միւս երկիրներուն նկատմամբ: Ասոնք ներս առնել կը նշանակէ հիմնովին քանդել Եւրոպայի մը սկզբունքը. կարելի է ուրիշ ձեւեր մտածել ժամանակի ընթացքին, բայց երբեք ներս չառնել ամբողջական իմաստով:
2 - Թուրքիան սահմանակից է Իրաքի, Իրանի, Սուրիայի եւ Հայաստանի: Մեծ շահեր ունի Կովկասի մէջ: Երկար ատենէ հարցեր ունի քիւրդերու հետ: Մեծամեծ դժուարութիւններով յղի երկիր մը, որ այդ ամէնը Եւրոպայի գլխուն կրնայ փաթթել:
3 - Յաջորդ տասնամեակին հաւանաբար 100 միլիոնի հասնի Թուրքիոյ բնակչութիւնը, ան կը դառնայ ամէնէն բազմամարդ պետութիւնը Եւրոպայի եւ կ՛ունենայ համապատասխան աթոռ եւ ֆինանսաւորում, խախտելով Եւրոպական միութեան հազիւ գտած հաւասարակշռութիւնը:
4 - Թուրքիոյ պատմութիւնը Եւրոպայի դէմ մղուած պատերազմներու երկար շարք մըն է, որուն հետեւանքները տակաւին տեսանելի են Բալքանեան երկիրներու մէջ:
5 - Տնտեսապէս շատ աղքատ երկիր մըն է եւ կրնայ Եւրոպայի նպաստներու ամբողջ կարգ կանոնը տակնուվրայ ընել, վնասելով շատ մը երկիրներու:
6 - Թուրքիան իսլամական երկիր մըն է. բացի կրօնքէն անոր բարքերն ալ կը հակասեն խորապէս Եւրոպայի բարքերուն եւ արժէքներուն:
7 - Ո՞վ է այսքան հետամուտ եղողը Թուրքիոյ մուտքին... Միացեալ Նահանգները, Անգլիան եւ Բեռլուսկոնիի Իտալիան: Ամերիկան շահագրգռուած է ունենալ դաշնակից մը Եւրոպական միութեան մէջ, Թուրքիա մըՙ որ իր ցուցումներուն հետեւի...:
Ինչպէս կը տեսնէք, պատճառներ չեն պակսիր վերջնականապէս Թուրքիան դուրս ձգելու Եւրոպական միութիւն մտցնելու գաղափարէն:
«Լա ռեփուբլիք», Հիւլէ